Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Սեփական Ուժն Է, Որ Կը Կանխարգիլէ Ցեղասպանութիւնը

April 24, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական աշխարհը արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով համավարակի պատճառով ստեղծուած սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը եւ կը վերանորոգէ պահանջատիրական իր յանձնառութիւնները:

Աշխարհը ամբողջ տենդագին լծուած է համավարակի մահացութիւնն ու վարակումը կանխարգիլող պատուաստանիւթերու զանգուածային տարածման աշխատանքին: Մարդկային կեանքեր փրկելու արդիւնաբերական եւ ճարտարարուեստականացած այս մրցավազքը, սակայն, այլ հարցադրումներ կը ստեղծէ: Մարդկութիւնը ինչո՞ւ նոյն տենդագին մղումներով չ՛ուզեր կանխարգիլել ցեղասպանական գործողութիւններու ընթացքը: Աւելի վտանգաւոր ու վայրագ ո՛չ միայն մարդկային զոհեր խլելու, այլ նաեւ մշակութային ժառանգութիւններ անհետացնելու, հայրենազրկումներ պատճառելու իր անմիջական հետեւանքներով:

Եւ երբ չեն կանխարգիլուիր ցեղասպանական փորձերը, համավարակի բնոյթ կը ստանան նաեւ ցեղասպանական ծրագիրները: Ո՛չ միջազգային օրէնքը, ո՛չ ցեղասպանութեան սահմանումին մէջ քրէական հետապնդումի տարրերը, ո՛չ ալ միջազգային ատեաններուն առջեւ կանգնելու միջազգային իրաւադրոյթները կը յաջողին կանխարգիլել ցեղասպանական փորձերը:

Ցեղային զտումի գործողութիւնները կը շարունակուին անարգել` ներառելով նաեւ օրուան միջազգային ահաբեկչութեան ամէնէն վայրագ տարրերը, օգտագործելով քիմիական ու ֆոսֆորային զէնքերը, գործադրելով ռազմական յանցագործութեան ամէնէն ցցուն օրինակները:

Նշուած բոլոր միջոցները օգտագործուեցան արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին` ի լուր համավարակի չէզոքացման նպատակով պատերազմ յայտարարած բոլոր պետութիւններուն:

Բնակավայրերու հրթիռակոծումները, քաղաքային ենթակառուցուածքներու հեռահար ռմբակոծումները, բնակարաններու աւերումը, այդ բոլորին պատճառով արձանագրուած զանգուածային տեղահանումները: Տակաւի՛ն` դիակներու յօշոտումները, տեսախցիկներու առջեւ կատարուած տարեցներու սպանդը, ռազմագերիներու նկատմամբ գործադրուած չարչարանքներն ու վարկաբեկումները կը կազմեն միայն մաս մը ցեղային զտման այն ընդհանուր քաղաքականութեան, որուն ձեռնարկեցին Անգարան եւ Պաքուն սեպտեմբեր 2020-ին:

44-օրեայ ցեղային զտման գործողութիւններու ամբողջութիւնը հրադադարի կնքումով կանգ չառաւ անշուշտ: Անոնք անմիջապէս ձեռնարկեցին գրաւեալ տարածքներէն հայկական բոլոր հետքերը ջնջելու գործողութիւններուն: Անհրաժեշտ էր բնաջնջել նաեւ հոգեւոր-մշակութային ամբողջ ժառանգութիւն մը:

Այս բոլորը ցեղասպանութեան դասական ընկալումին կու տան նորովի սահմանում: Չճանչցուած, չդատապարտուած, չընդունուած ցեղասպանութիւնները տեղի կու տան ցեղային զտումի նոր իրականութիւններու, մինչ ի սպառ կը բացակային կանխարգիլման միջազգային մեքանիզմները:

Ռազմագերիներու վերադարձի գործընթացի ապաքաղաքականացումը եւ միջպետական առեւտուրներէ դուրս բերելը, ռազմական յանցագործութիւն կատարածները միջազգային դատական ատեաններու առջեւ կանգնեցնելը, գործուած աւերներուն հատուցում պահանջելը, հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը իրաւատիրոջ վերադարձնելը եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ կայացած կամարտայայտութեան միջազգային ճանաչումը կարեւոր քայլեր են ցեղային զտումներու  ծրագիրներու վիժեցման:

Աշխարհը հեռու է սակայն այս բոլորէն. եւ քաղաքական իրատեսութիւնը կը յուշէ, որ միջազգային օրէնքը կը կիրարկուի զուտ քաղաքական, յաճախ աշխարհաքաղաքական շարժառիթներէ թելադրուած:

Իրաւունքին ուժի ծնունդ ըլլալու տեսութիւնը այժմէական է: Ուժը, սակայն, կրնան ամբարել ազգային գաղափարախօսութիւնը իւրացուցած, ազգ-բանակ կերտած եւ թշնամիի ոտնձգութիւններուն համարժէք հարուած տալու ընդունակութիւն փաստած պետական համակարգերը:

Մեր երկիրը բոլոր ժամանակներէն աւելի անհրաժեշտութիւնը ունի նման ստորոգելիներով յատկանշուող պետութեան:

 

Նախորդը

106 Տարի Թէ 6 Ամիս Առաջ. Չենք Կրնար Մոռնալ Չարիքները, Իրաւունքը

Յաջորդը

Լիբանանի Նախագահին Ներկայացուցիչը՝ Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.