Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Երկուշաբթի Օրուան Առիթը Եւ Բացակայող Նախադրեալները

Մարտ 20, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահի հրապարակային հրաւէրը վարչապետին` այցելելու նախագահական պալատ, կառավարութեան կազմութեան ընթացիկ հանդիպումի ճշդումի առումով արտակարգ եղանակ է: Գուցէ նաեւ աննախադէպ` Լիբանանի պատմութեան նորագոյն ժամանակամիջոցին մէջ: Հրաւէրի ենթաթեքսթը այն էր, որ վարչապետը հրաւիրուած է ներկայանալու եւ ներկայացնելու նախագահի առարկութիւնները նկատի առած կառավարութեան ցանկ մը. այլապէս, ան պէտք է հրաժարի եւ առիթ տայ նոր վարչապետին կազմելու համար կառավարութիւնը:

Վարչապետին հակազդեցութիւնը համարժէք էր: Ան պատրաստ էր ներկայանալու նախագահական պալատ, վերստին ներկայացնելու կառավարութեան ցանկը եւ նախագահին կողմէ մերժումի պարագային, կը յորդորէր, որ նախագահը ձեռնարկէ նախագահական կանխահաս ընտրութիւններու:

Պարանաձգային այս փոխասացութիւնը ըստ էութեան յաւելեալ սրումի առաջնորդեց իրավիճակը: Հրաժարականի պահանջի դիմաց` հրաժարականի պահանջ:

Հռետորական տարբերութիւն նկատուեցաւ նախագահ-վարչապետ հինգշաբթի օրուան հանդիպումէն ետք վարչապետին կատարած յայտարարութեան մէջ: Ան պարզապէս նշեց, որ հանդիպումը լարուածութիւնը մեղմացուց, թէ` կառավարութեան կազմին շուրջ կան որոշ առարկութիւններ, որոնց մասին պէտք է մտածել եւ պատասխանել յառաջիկայ երկուշաբթի օր կայանալիք նախագահ-վարչապետ հանդիպումին: Ստեղծուած է նոր առիթ:

Լիբանանեան աւանդական գնահատելու իրատեսութիւնը շատ յոյսեր չի կապեր երկուշաբթի օրուան հետ: Թէ՛ նախագահական եւ թէ՛ պետական շրջանակներ պաշտօնապէս կամ  ընկերային ցանցերու տիրոյթին վրայ լաւատեսական մեկնաբանութիւններ շրջանառութեան մէջ չեն դրած: Աւելի կ՛արծարծուի համաձայնութեան չկայացման, իրավիճակի առկախման, գոյավիճակի քաշքշուքի եւ հետեւաբար` ապահովական միջադէպերու, ազգային դրամանիշի արժեզրկման եւ անել փակուղիներու մէջ արգելափակուած մնալու հաւանականութիւններուն մասին:

Մինչ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը կը զգուշացնէր լիբանանեան բոլոր կողմերը արտաքին կեդրոններու կողմէ հրահրուող քաղաքացիական ընդհարումներու մէջ չներքաշուելէ, Մոսկուան առաջին անգամ ըլլալով կը պաշտօնականացնէր ներլիբանանեան հանգուցալուծումներուն համար միջնորդութիւնը, Ռիատը կը հրապարակէր իր մերժումը` Հարիրիի վարչապետութիւնը ստանձնելու, Փարիզը յառաջիկայ շաբաթ նոր ոճով  ներկայանալու յայտարարութիւն կ՛ընէր:

Արտաքին համաձայնութեան նախադրեալներ չեն պարզուիր տակաւին: Հետեւաբար լիբանանեան գետնի վրայ եւս չ՛երեւար համաձայնական ենթահողը, որուն իբրեւ արդիւնք պէտք է կազմուի կառավարութիւնը:

Կայ միայն յաւելեալ առիթ ստեղծելու նախագահ-վարչապետ երկկողմանի մօտեցումը, որ քաղաքական տրամաբանութեամբ բաւարար չէ` ընթացակարգին թափ հաղորդելու համար:

Միջադէպեր, ցոյցի երեւոյթներ, բողոքի գործողութիւններ, դրամանիշի գահավէժ անկում` աննշան տատանումներով ընդմիջուած, վառելանիւթի արուեստական թէ իրողական տագնապ, կենսական ոլորտներու սենտիքայական գործադուլի որոշումներ, սղաճի մագլցողականութիւն` նշելու համար հասարակութիւնը ծանրագոյն տագնապի հասցնող իրողութիւններէն մաս մը:

Փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ: Երկուշաբթի օրուան հանդիպումին ապարդիւնութիւնը կրնայ խորացնել անորոշութիւնը եւ բազմապատկել նշուած տագնապներու տարողութիւնը:

Արգելակողները, կը թուի, որ չեն պայքարիր սոսկ հատուածի, համայնքի իրաւունքներու կամ անոնց չափաբաժիններու ապահովման համար: Արգելակողները դուրսէն թէ ներսէն ըստ էութեան կ՛իրականացնեն պետականութիւնը սասանելու եւ երկիրը ծունկի բերելու մեծ ծրագիր մը:

Երկուշաբթի օրուան առիթը տեսականօրէն բաց պէտք չէ ձգել եւ կազմել փրկութեան կառավարութիւնը: Քաղաքական տրամաբանութիւնը դժբախտաբար այլ բան կը յուշէ: Նախագահն ու վարչապետը շրջապատած ուժերը կ՛ունենա՞ն գիտակցութիւնը` շրջելու լիբանանեան քաղաքականութեան ներկայ տրամաբանութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այդքան Ալ Չենք Հաւատար, Որ 20 Յունիսին Կրնան Տեղի Ունենալ Ընտրութիւններ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?