Խմբագրական. Հայոց Հանրապետութեան Վերակայացման Համար
20 փետրուարի հանրահաւաքը, անկախ վայրի եւ թուականի հետ կապուած խորհուրդներէն, հայրենիքի եւ պետականութեան փրկութեան ուղղութեամբ առնուող քայլերու նոր ելակէտ կ՛ենթադրէ: Կը համոզէ, նախ եւ առաջ, որ արձանագրուածը սոսկ իշխանափոխութեան առաջադրանք չէ, այլ պետականութեան երթը վերադարձնել ազգային հուն: Փրկութեան գործողութիւն: Դրսեւորուած վճռակամութիւնը` հակառակ եղանակային խստագոյն պայմաններուն, սկսուած երթի անտեղիտալիութեան մասին կը վկայէ: Երթ, որ կ՛առաջադրէ գերխանդավառ մթնոլորտի մէջ ընտրուած խորհրդարանի վերաձեւաւորումը,...




















