Լիբանանի Նահատակաց տօնի բուն խորհուրդի վերաիմաստաւորման մօտեցումները գործնական դրսեւորում չեն ունենար: Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի նախօրէին հանրապետութեան նախագահին հնչեցուցած ուղենշային ուղերձները այդ առումով կրնային ճամբայ հարթել: Այդպէս չեղաւ սակայն:
Լիբանանի մէջ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումներուն թափ ստանալը, ապա համավարակը, կառավարութեանց հրաժարականները, նոր կառավարութեան կազմութեան առկախումը եւ ընդհանրապէս ստեղծուած տնտեսաքաղաքական ճգնաժամը օրակարգէն դուրս բերին կարեւոր յոբելենական փուլը:
Այդ յոբելեանին քաղաքական հնչեղութիւն տալու նախադրեալները հրապարակային ուղերձի տեսքով եւ նախագահական մակարդակով պարզ էին: Կոչ կար յստակ` իրերը կոչելու իրենց անուններով եւ բարձրաձայնելու Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ցեղային զտումի քաղաքականութիւնը: Բռնարարքներ, ջարդեր, սպանութիւններ եւ կանխամտածուած զանգուածային սովամահութիւն:
Պատճառ չկար նաեւ, որ այս բոլորը քարոզչաքաղաքական հնչեղութիւն ստանալէ ետք յոբելենական զանազան ձեռնարկներու, քննարկումներու, հրապարակումներու ընթացքին, հետագային անցնէին օրէնսդիր դաշտ:
Լիբանանի մէջ սակայն ամէն ինչ քաղաքական է. նոյնիսկ սեփական պատմութիւնը ընկալելու եւ մեկնաբանելու հայեցակարգերը, որոնք կը տարբերին համայնքէ համայնք եւ բնականաբար քաղաքական շրջանակէ քաղաքական շրջանակ:
Սակայն ժողովուրդին կողմէ Նահատակաց օրը քաղաքականացուած մօտեցումներով ստուերի տակ ձգելը արդէն ինքնութեան եւ պատկանելիութեան սուր խնդիրներ կը ստեղծէ:
Մայիս 6-ի վերաիմաստաւորման որեւէ փորձ պիտի անհանգստացնէ Անգարան: Անգարան, որ տարածաշրջան մուտքի դռներէն մէկը Լիբանանը կը նկատէ, ուր արդէն երկար ատենէ ի վեր բազմաուղղութիւն եւ բազմաոլորտ պետական քաղաքականութիւն կ՛իրականացնէ:
Հանրապետութեան նախագահի հռչակաւոր ուղերձին հակազդեցութիւնը ակնկալելի էր` նոյնիսկ դիւանագիտական տագնապի նախաբանային փուլի ձեւաւորումով: Պաշտօնական Պէյրութը մարտավարական նահանջի տպաւորութիւն ձգեց` շրջանցելով թեման. այդուհանդերձ օրակարգը կրնար վերադառանալ, եթէ հանգամանօրէն նշուէր առաջադրուած յոբելեանը:
Հայոց ցեղասպանութեան հերթական տարելիցի նշման օրերուն լիբանանեան արձագանգներու եւ զօրակցութիւններու տարողութիւնը կը տարածուի քրիստոնէական համայնքային-քաղաքական շրջանակներու վրայ: Եթէ մէկ դաւանանքին համար կը գերակշռեն Թեհրան-Անգարա յարաբերութիւններու իրավիճակի նկատառումը, միւս դաւանանքէն կարեւոր հատուածներ չեն բաժներ Անգարայի նկատմամբ իրենց դաւանակից պետութիւններու այսօրուան ոչ բարեկամական պահուածքը:
Մայիս 6-ը սակայն ի տարբերութիւն Ապրիլ 24-ի բացառապէս լիբանանեան էութիւն եւ խորհուրդ ունի: Իսկ այս առումով հանրապետութեան նախագահի ուղերձին արձագանգումները եւս ապրիլ 24-եան օրինակը կը պարզեն:
Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ցեղային զտման քաղաքականութեան դատապարտումը լիբանանեան առումով պէտք է դուրս բերել զուտ քրիստոնէական պարունակէն: Մայիս 6-ը կը խորհրդանշէ բոլոր լիբանանցիներուն կրած տառապանքը, անոնց ենթարկուած` սովամահութիւնը, սպանդը, բռնութիւնը, գրաւումը:
Պէտք է վերաիմաստաւորել Մայիս 6-ի խորհուրդը համալիբանանեան մօտեցումով, ընկալումով եւ ապա` իրաւաքաղաքական դրսեւորումներով: