Այսօր կ՛ամբողջանայ խորհրդային Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած Մոսկուայի պայմանագիրի 100-ամեակը: Զուտ իրաւական տեսակէտէ, կան հիմնական երկու իրաւադրոյթներ, որոնք չեն հաստատեր այս պայմանագիրին իրաւականութիւնը:
Առաջինը այն է, որ երկու կողմեր երրորդ կողմի հաշուոյն կը ստորագրեն փաստաթուղթ` այդ երրորդ կողմի տարածքային փոփոխութիւններուն վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացնելով: Սկիզբը քառակողմ ձեւաչափով (Ռուսիա, Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ Հայաստան) նախատեսուած միջպետական հանդիպումը վերածուած էր երկկողմի եւ, փաստօրէն, այդ երկուքը երրորդի հաշուոյն որոշումներ կը տնօրինէին եւ համաձայնագիր կը ստորագրէին:
Երկրորդ հիմնական իրաւախախտումը այն էր, որ ստորագրող կողմերը` խորհրդային Ռուսիոյ կառավարութիւնն ու Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը, երկուքն ալ մաս չէին կազմեր միջազգային ընտանիքին: Հետեւաբար, պայմանագիրը նաեւ միջազգային ճանաչելիութեան եւ օրինաճանաչութեան խնդիր ունի:
Կայ նաեւ իրաւախախտումի երրորդ կէտ, որ նոյն տրամաբանութեան մէջ պէտք չէ դիտարկել: Թուրքիոյ պահանջով, ռուսերը պէտք է Նախիջեւանը յանձնէին Ազրպէյճանի հոգատարութեան, սակայն պայմանով որ Ազրպէյճան այդ տարածքը չզիջի երրորդ կողմին: Չզիջիլը միայն Հայաստանին չէ, որ կը վերաբերէր, այլ նաեւ Թուրքիոյ: Բայց այս պայմանը, որ հետագային դուրս եկաւ Կարսի պայմանագիրով, ըստ էութեան, ածանցեալ իրաւախախտում է, որուն արծարծումը անուղղակիօրէն ընդունելի կը դարձնէ Մոսկուայի պայմանագիրի փաստը: Այսինքն, նման ենթակէտ մերժելով, անուղղակիօրէն ընդհանուր պարունակը իբրեւ իրողութիւն ընդունած կ՛ըլլանք: Աւելի ճիշդ է կեդրոնանալ Մոսկուայի պայմանագիրի չեղարկման սկզբունքային մօտեցումին վրայ` նկատի ունենալով երկու ամէնէն հիմնական իրաւական խոցելիութիւնները: Նախիջեւանի վերաբերող կէտը ինքնաբերաբար կը մերժուի, եթէ ի սկզբանէ մերժուի երրորդ կողմի հաշուոյն երկկողմանի պայմանագրութեան անօրինական քայլը: Իրաւական այս դիտարկումով հանդերձ, այս բոլորին մէջ Նախիջեւանի հարցը ամէնէն այժմէական թնճուկն է:
Նախիջեւանի խնդիրը մի՛շտ` իբրեւ լուծելի խնդիր, յամեցած է թուրքեւազրպէյճանական ռազմաքաղաքական տեսադաշտին մէջ: Մոսկուայի պայմանագիրը անմիջական թելերով կը կապուի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին: Այստեղ սակայն եռակողմ է ստորագրութիւնը` ի տարբերութիւն Մոսկուայի երկկողմին: Ըստ էութեան, սակայն, նկատի ունենալով պատերազմի տարողութիւնը, Անգարայի ներգրաւուածութեան չափն ու կշիռը, 9-րդ կէտով ամրագրուած տարածաշրջանային տարածականութիւնը, ապաշրջափակումներուն ներառուած վեցկողմանի (Վրաստան, Ազրպէյճան, Հայաստան, Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան) դրուածքը, ապա կ՛ենթադրուի իրողական կողմերու շահագրգռուածութիւնն ու անմիջական մասնակցութիւնը այս գործընթացին:
9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտը յստակօրէն կը նշէր Նախիջեւանի տարածքը: «Տարածաշրջանում բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերն ապաշրջափակուած են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապահովում է փոխադրական կապեր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ` երկու ուղղութիւններով քաղաքացիների, փոխադրական միջոցների եւ ապրանքների անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրական հսկողութիւնն իրականացնում են Ռուսաստանի Դաշնութեան ԱԴS Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները: Կողմերի համաձայնութեամբ կը տրամադրուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջանների հետ կապող նոր փոխադրական հաղորդակցութիւնների կառուցում»:
Մոսկուայի պայմանագիրով առաջադրուած, համաձայնեցուած կէտը կը վերադառնար եւ կը ստանար արդիական նշանակութիւն եւ կիրառելիութեան երաշխիք: Իսկ այստեղ, բացի փոխադրական, ապրանքաշրջանառութեան խնդիրներէն, համաթուրանականութիւն չնկատելը պարզապէս քաղաքական գաւառամտութիւն է:
Իսկ քաղաքական մտածողութիւնը կը յուշէ, որ Մոսկուայի պայմանագիրը չեղեալ նկատելու մասին նոյնինքն Մոսկուայի մէջ կրնան յիշեցումներ կատարուիլ, ինչպէս եղաւ երբ բարձրակէտ գրանցեց Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու լարուածութիւնը:
Պարզ է, որ Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւններու ելեւէջներէն կախեալ են երկկողմ եւ եռակողմ պայմանագիրներն ու յայտարարութիւնները: Մեր խնդիրն է, իբրեւ հայկական կողմ, ձեւաւորել այս գործընթացներու վտանգներն ու առաւելութիւնները առարկայականօրէն գնահատող, ռազմավարական գործընկերներու հետ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը պահող, թշնամիներու ախորժակները չանտեսող եւ նման պայմաններու մէջ ազգ-բանակի հայեցակարգով սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը իրականացնող ազգային հենքով կառավարութիւն: