Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Մարտ 24, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան բանբերին յայտարարութիւնները` նախագահ Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին ընդառաջ, գրաւած են բազմակողմանի ուշադրութիւն: Ի պատասխան ծերակուտական Մենենտեսի կոչ-նամակին, հրապարակուած է գրաւոր արձագանգ մը, որուն մէջ կը նշուի.

«Իբրեւ նախագահի թեկնածու` Պայտըն ոգեկոչած է 1,5 միլիոն հայ տղամարդիկը, կիները եւ երեխաները, որոնք մահացած էին Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն: Ան այդ ժամանակ ըսած էր, որ մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք կամ լուռ մնանք այս սարսափելի փաստին դիմաց: Մենք մշտապէս պիտի յարգենք այս մեծ ողբերգութենէն  ետք հայ ժողովուրդի ցուցաբերած տոկունութիւնը: Այս վարչակազմը յանձնառու է յառաջ մղելու յարգանքը մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ, վստահեցնելու, որ նման կոտորածներ այլեւս չեն կրկնուիր: Այս բոլորին կարեւոր բաղադրիչն է պատմութեան ճանաչումը»:

Սպիտակ տան խորհրդականներէն մէկը այս առիթով ըսած էր. «Ինչ որ Պայտընը խոստացած էր իբրեւ նախագահի թեկնածու, փաստօրէն այդ քաղաքականութիւնն է, որ կը շարունակէ: Իսկ մէկ այլ խորհրդական, անդրադառնալով Ապրիլի 24-ին սպասուող յայտարարութեան, ըսած է. «Պայտընը իր խօսքին տէրն է»:

Սպիտակ տունէն հնչած այս բոլոր տեսակէտները ճանաչումի նախաբան կը բանաձեւեն եւ կը ձգեն այն տպաւորութիւնը, որ նախագահ Պայտընը ապրիլքսանչորսեան իր ուղերձին մէջ պիտի օգտագործէ Ցեղասպանութիւն եզրը:

Դիտարկենք այլ երեւոյթ մը, որմէ ետք փորձենք քաղաքական տրամաբանութեամբ ընկալել ճանաչումի նախաբան ձեւաւորող Սպիտակ տան կողմէ այս հարթակի ստեղծման  շարժառիթը:

Թէ՛ գրաւոր նամակը եւ թէ՛ խորհրդականները անանուն են: Չենք գիտեր, թէ ո՛վ է ծերակուտական Մենենտեսի նամակին արձագանգող եւ իբրեւ Սպիտակ տան բանբեր ներկայացող անձը: Չեն նշուիր նաեւ միւս երկու խորհրդականներուն անունները:

Ասիկա որոշ առումով կը մշուշապատէ հետագայ ընթացքը: Բայց գանք հիմա քաղաքական պարունակին:

Պարզ է, որ Անգարան թէ՛ ֆինանսական  (լիրայի կտրուկ գահավիժում), թէ՛ ներհասարակական (Իսթամպուլեան քոնվենցիայէն  դուրս գալու առիթով զանգուածային ցոյցեր) եւ թէ՛ քիւրտերու  դէմ ռազմական գործողութիւններ վերսկսելու  առումներով դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած է: Թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին այս հանգամանքները որոշակիօրէն կը կապուին Ուաշինկթըն-Անգարա լարուած յարաբերութիւններուն հետ: Բայց ամէնէն ուշագրաւը Անգարայի զօրակցական դիրքորոշումն է Մոսկուային` Ուաշինկթըն-Մոսկուա «հրացանաձգութեան» համապատկերին վրայ:

Այլապէս, դժբախտաբար, ո՛չ խօսքի տէր ըլլալը, ո՛չ ողբերգական կոտորածներն ու մարդու իրաւունքները քաղաքական արժէքներ են, որ առանց քաղաքական շահի մղիչ գործօնի հիմնական տեղաշարժ ապահովեն:

Յիշենք Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան եւ Ծերակոյտին իրերայաջորդ անմիջականութեամբ Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւերը: Հայկական գործօնի տասնամեակներու վրայ երկարող նպատակաուղղուած աշխատանքի արդիւնաւորումը գործնապէս դրսեւորուեցաւ, երբ Անգարան հատեց Սուրիոյ մէջ քրտական գօտիներու դէմ ձեռնարկած գործողութիւններու սահմանը: Վարչակազմի կամ նախագահի կողմէ ճանաչումը ամերիկեան քաղաքական շտեմարանին մէջ յամեցող խաղաթուղթ էր, որ այլ առիթի կրնար օգտագործուիլ: Տակաւին յայտնի չէ, թէ առիթի պահը հասունցած է:

Սպիտակ տան այս նախաբանը կարելի է համարել պատասխան Էրտողանի սուր քննադատութեան Պայտընի հասցէին: Պայտըն «մարդասպան» որակած էր Փութինը, իսկ Թուրքիոյ նախագահը հակազդած էր` պաշտպանելով իր ռուս գործընկերը:

Սպիտակ տան հարթակը այս պարագային կը նախազգուշացնէ Անգարան, որ շատ առաջ չերթայ դէպի Մոսկուա: Եւ որքան լարուին Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւնները եւ այդ լարուած գիծին վրայ Անգարան կանգնի Մոսկուայի կողքին, այնքան կը բարձրանայ հաւանականութիւնը Պայտընի կողմէ Ցեղասպանութիւն եզրի արտաբերման:

«Ա.»

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

«Իսրայէլեան «Մեթէօր Էյրոսփէյս» Եւ Ազրպէյճանական «Սի. Էս. Պի. Սի.» Ընկերութիւնները Պաշտպանական Լուծումներու Դաշինք Կը Կազմեն» Կը Գրէ «Իսրայէլ Տիֆենս»-ը

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?