Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քաղաքականացուած Արդարադատութիւնը

Ապրիլ 20, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան թնճուկը այժմ կը վերաբերի ներարդարադատական ոլորտին: Անել իրավիճակ ստեղծուած է արդարադատական գործողութիւն մը իրականացնելու նախաձեռնութեամբ: Խնդիրը ուղղակիօրէն կ՛առնչուի Լիբանանէն դուրս արտահանուած կանխիկ գումարներու աղբիւրներուն եւ յարակից տեղեկութիւններու հետաքննական ձեռքբերման պահանջին:

Հակասութիւնը նման հետաքննութիւն որոշած դատախազին եւ հետաքննութեան գործընթացը կասեցուցած ընդհանուր դատախազութեան միջեւ է: Եւ ինչպէս լիբանանեան իւրաքանչիւր թնճուկ, ասիկա եւս ունի ըստ էութեան քաղաքական տարազ: Իրաւական ոլորտը գերքաղաքականացուած է եւ բաժանարար նոր գիծեր քաշած լիբանանեան պետական թէ հասարակական գետիններուն վրայ:

Հանգուցալուծումը պարզ  չէ տակաւին: Ընդհանուր պատկերը վարչակարգ-հակավարչակարգ ճամբարներով կ՛արտացոլայ, այդուհանդերձ կան ենթաբաժանարար գիծեր, հատուածներ, հոսանքներ, պետական այս կամ այն դէմքին շահագրգռուածութեան չափեր եւ ըստ այնմ հարցին ներգրաւուելու, դիրքորոշուելու, պաշտպանելու կամ յարձակում գործելու հաշուարկներ, մղումներ:

Զուտ իրաւական հասկացողութեամբ  մէկ կողմէ կը նկատուի իրաւադրոյթի բացակայութիւն` ընդհանուր դատախազութեան կողմէ` հետաքննութեան գործընթացը կասեցնելու. միւս կողմէ` իրաւական մեկնաբանութիւն չեն գտներ դատախազին քաղաքական համախոհներու օժանդակութեամբ հետաքննութիւնը ամէն գնով իրականացնելու համար որդեգրած միջոցները:

Հանգուցալուծումը չ՛երեւիր տակաւին: Քաղաքական անելին կը զուգորդուի  իրաւական անելը` յաւելեալ անորոշութեան մատնելով իրավիճակը:

Պարզ է, որ պահանջուած բարեկարգումներու կարեւոր բաղադրիչը արդարադատութեան համակարգն է: Արդարադատութիւնը ժողովրդավար կարգերով ղեկավարուող երկիրներու պարագային  անկախ է ըստ էութեան: Փտածութեան վարկանշային աղիւսակի առաջին հորիզոնականները կը գրաւեն այն երկիրները, որոնց մօտ պատուէրային կամ հեռաձայնային միջամտութիւններով կը յատկանշուին արդարադատութեան համակարգերը:

Այլապէս կը պատահի այն, ինչ որ կը պատահի Լիբանանի մէջ: Կը բացակայի հաշուետուութիւնը, կը տարածուի ամենաթողութիւնը ապօրինի հարստացման օրինակներուն վրայ, կը սերտաճին պետական պաշտօնեան եւ գերշահոյթ կուտակող գործարարը, կը տիրեն հարստապետական կարգերը, մինչ կը տուժէ ժողովուրդը:

Արդարադատութեան քաղաքականացումը կ՛առաջնորդէ անարդար կարգերու: Անարդարութիւնը` ժողովրդային պոռթկումի, ժողովրդային ցասումը` քաղաքացիական անհնազանդութեան. եւ ներկայ պայմաններուն մէջ` անիշխանական երեւոյթներու:

Իրադրութիւնները կը յուշեն, որ այժմ թիրախը Արդարադատութեան պալատն է: Ցոյց եւ հակացոյց արդարադատութեան պալատին շրջակայքին մէջ կ՛արձանագրուին, իւրաքանչիւր հատուած` իւրովի մեկնաբանելով արդարադատութիւնը: Տագնապի նոր բաղադրիչ մըն է, որ կ՛աւելնայ այս ժողովուրդին համար:

Դրամատնային սահմանափակումներէն կամ գումարային ազատ տեղաշարժերու կաշկանդումներուն զուգահեռ դրամական ամէն աղբիւրի մասին տեղեկութիւն  փոխանցելու պահանջներ, խորհրդարանական նոր օրէնքներ, ունեցուածքներու յայտարարագրումներ կը նախանշեն, որ որոշ փոփոխութիւններ ներառելու մտադրութիւններ կան: Բնականաբար անոնք շատ սահմանափակ են պահանջուած ընդհանուր համակարգային փոփոխութեան ընդառաջ:

Բարեկարգումներու իրականացումը փուլային եղանակներ կ՛ենթադրէ: Մասնագիտական փրկութեան կառավարութեան կազմութիւն, բարեկարգումներու ծրագիրի մշակում, վարչակառավարման արդիական, թուային եւ թափանցիկ դրութիւններու որդեգրում: Որուն առընթեր պետական պիւտճէի վերականգնման ռազմավարութեան մշակում, ընդ որում` մինչեւ բռնագանձումի նոր օրինագիծերու որդեգրում:

Երբ այս բոլորը տակաւին գործնական փուլ չեն մտած, արդարադատութեան պարագայական գործողութիւններ չեն կրնար առաջադրուած արդիւնքին հասնիլ: Ամէն բանէ առաջ պէտք է ապաքաղաքականացնել եւ ապահովանաւորել արդարադատութիւնը` անոր ապահովելով ամբողջական անկախութիւն:  Իսկ այս առաջադրանքը ինքնին մէկ բաղադրիչն է միայն բարեկարգումներու ընդհանուր ծրագիրին, որ իր ոդիսական ընթացքին մէջ կը  գտնուի տակաւին:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

«Աֆղանական Հողերուն Վրայ Որեւէ Ահաբեկչական Յարձակում Արգիլելու Ներուժը Ունինք» Կ՛ըսէ Պլինքըն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?