Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Աշխատաւորներու Օրուան Քաղաքական Հոլովոյթը (Մայիս 1-ի Տօնին Առիթով)

Ապրիլ 30, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժամանակի ընթացքին տօներ խորհրդանշող թուականները կ՛իմաստափոխուին, լաւագոյն պարագային` խորհուրդը պահելով կ՛այժմէականացուին. բազմաթիւ տօներ կը պարպուին իրենց նշանակութենէն, կ՛այլափոխուին կամ ընդհանրապէս կը դադրին նոյնիսկ նշուելէ:

Մայիս 1-ը, իբրեւ աշխատաւորական տօն, ապրած է հոլովոյթ այս առումով: Աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օր, աշխատաւորական տարբեր սենտիքաներու կողմէ փառատօնային նշում, գաղափարականէն ուղղակի անցում քաղաքականի, համայնավարութեան նոյնացումէն դրամատիրութեան պայքարի կարգախօսներու հրապարակում եւ Պաղ պատերազմի օրերուն խորհրդային քաղաքական ճամբարի գլխաւոր տօն: Մայիս 1-ի նոյնացումը Խորհրդային Միութեան հետ պատճառ դարձած է, որ Միացեալ Նահանգները աշխատաւորի տարբեր օր ճշդեն իրենց տօնացոյցին մէջ:

Խորհուրդը, ըստ ժամանակի եւ ըստ աշխարհագրական միջավայրի, բնականաբար նկատի ունենալով նաեւ քաղաքական երանգները, ստացած է տարբեր ձեւակերպումներ` Աշխատանքի տօն, Աշխատանքի օր, Գարնան եւ աշխատանքի տօն, Աշխատաւորներու համերաշխութեան միջազգային օր, նշելու համար ամէնէն շատ օգտագործուածները:

Այս վերափոխումները սակայն, որքան ալ քաղաքական նկատումներով կատարուին, այսուհանդերձ չեն կրնար շեղել բո՛ւն խորհուրդը, եթէ հասարակութեան, աշխատաւորականութեան մօտ կա՛յ ճիշդ իմաստը ընկալելու գաղափարական գիտակցումը:

Ճիշդ այստեղ է խնդիրը: Աշխատաւորներու օրը ճամբաբաժանի կը վերածուի յաճախ պետութեան եւ հասարակութեան միջեւ: Տարբեր պարագաներու, տուեալ պետութեան քաղաքականութիւնը փորձ կը կատարէ դիմափոխելու տօնը, մինչ հասարակութեան մօտ թափ կը հաւաքէ տուրքերու, աշխատաւորներու իրաւունքներու, թոշակներու, հիւանդանոցային կամ կենցաղային տարրական իրաւունքներու վերաբերեալ պետութեան ճշդած  ծառայութիւններու անբաւարարութեան դէմ բողոքի շարժումները: Այս անգամ քաղաքական դիմագիծ կը ստանայ ժողովուրդին մօտ իր էութեամբ շատ յաճախ արդար ակունքներու վրայ սկսած շարժումը:

Հոլովոյթը նման շարժումներու առումով եւս կ՛ապահովէ նոր ձեւակերպումներ: Օրինակ` Լիբանանի մէջ, փաստօրէն Մայիս 1-ի խորհուրդին հետ կը կապուին առ երեւոյթ պետական թալանի, պետական պիւտճէի մսխումին, մարդոց անհատական հաշիւներու սառեցման, հազարաւոր աշխատաւորներու գործէ յանկարծակի արձակման, ապօրինի հարստացման, ազգային դրամանիշի կտրուկ անկումին իբրեւ հետեւանք աշխատավարձերու արժեզրկման եւ սղաճի ահագնացման գործընթացին դէմ ծաւալած շարժումը: Կամ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ փտածութեան, թալանի, թոշակի անբաւարարութեան, հարստապետական կարգերու, իշխանութիւններու եւ գործարարութեան սերտաճման, սեփականաշնորհման, մենաշնորհումի եւ իրաւազրկումներու երեւոյթներու դէմ զանգուածային ոտքի կանգնելու ժողովրդային դրսեւորումները:

Խնդիրները, հարցերը մայիսմէկեան խորհուրդին հետ կը կապուին: Բայց անոնց փաթեթաւորումին հետ նաեւ բովանդակութիւնը կը քաղաքականացուի: Աշխատաւորները կը դառնան քաղաքացիական աքթիւիստներ, աշխատաւորական սենտիքաները` ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, աշխատաւորներու օրը` քաղաքացիի օր, իսկ  աշխատաւորներու իրաւունքներու առաջադրման տարբեր բնոյթի շարժումները` քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւններ:

Տօնը, տօնին անունը, խորհուրդի արծարծման եղանակներն ու միջոցները «կ՛արդիականանան»: Մէկ բան կը շարունակէ մնալ անփոփոխ: Աշխատաւոր մարդու իրաւունքներու ոչ լիարժէք յարգումը, երկրագունդի տարածքին անոր շահագործումը եւ  անոր հետապնդած դատի արդարացիութիւնը:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Որքան Ուժերը Մէկտեղուին, Այնքան Մեր Նպատակին Աւելի Դիւրին Կը Հասնինք»

Յաջորդը

Լաւրով Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կը Շարունակեն Աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Լուծման Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?