Խմբագրական

Editorial

Ակնարկ.    Բացառապէս Նոր Դէմքերով Եւ Նոր Վարչակարգով

Ակնարկ. Բացառապէս Նոր Դէմքերով Եւ Նոր Վարչակարգով

Ազգային ժողովի փոխնախագահներէն մէկուն ընդդիմադիր ըլլալու հանգամանքը ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ: Այսպէ՛ս: Յօդուած 104. Ազգային ժողովի նախագահը, անոր տեղակալները եւ Ազգային ժողովի խորհուրդը Ազգային ժողովը իր կազմէն կ՛ընտրէ Ազգային ժողովի նախագահն ու անոր երեք տեղակալները: Տեղակալներէն մէկը կ՛ընտրուի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու կազմին մէջ ընդգրկուած պատգամաւորներու թիւէն: Ազգային ժողովի նախագահը եւ անոր տեղակալները կ՛ընտրուին եւ ետ կը կանչուին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ:...

Ակնարկ.  6-րդ Կէտը Չէ Նախատեսած Տարածքներու Յանձնում

Ակնարկ. 6-րդ Կէտը Չէ Նախատեսած Տարածքներու Յանձնում

Հայաստանի վարչապետը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պարզ դարձուց, որ Հայաստան-Արցախ կապող Լաչինի միջանցքի փոփոխութեան կը նախապատրաստուին կողմերը: Իր այս հաստատումը հիմնաւորելու համար ան յղում կատարեց 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ներառած համապատասխան կէտին` այլընտրանքային երթուղիի կառուցման համաձայնութեան: Ըստ իրեն, նոր կառուցուող երթուղային ճանապարհը պիտի ըլլայ աւելի յուսալի, եւ անիկա նպատակ ունի ամուր կապ, աւելի որակեալ ճանապարհ ապահովելը: Իբրեւ երաշխիք Փաշինեանը նշած է, որ...

Ակնարկ.  Թուրանական Կամուրջի Կասեցումն ու «Ռեւանշիստական» Ուժերը

Ակնարկ. Թուրանական Կամուրջի Կասեցումն ու «Ռեւանշիստական» Ուժերը

Անգարայէն եւ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները  ապաշրջափակման եւ սահմանազատման-սահմանագծման առումներով որոշ շտապողականութիւն կը մատնեն եւ բնականաբար համակարգուած ըլլալու համոզումը կը փոխանցեն: Այսպէս. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարելէ ետք, թէ իրենք կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, կը շեշտէր, որ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կը սպասեն «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման, որ կապ կ՛ապահովէ «Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն» հետ: Չաւուշօղլուն կը վերաշեշտէր, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի...

Խմբագրական.  Միա՛յն Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Ուղենիշներով

Խմբագրական. Միա՛յն Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Ուղենիշներով

Սահմանադրական ընթացակարգի պահանջած փուլը իրականացաւ, երբ տեղի ունեցան պարտադիր խորհրդակցութիւններ վարչապետի նշանակման օրակարգով: Միքաթիի վերանշանակումը սակայն փոխանակ նոր զսպանակում եւ նոր մեկնարկ ապահովելու տեղի տուաւ նոր անորոշութեան եւ նոր անհեռանկարայնութեան: Ոչ ոքի քուէարկող երեսփոխաններէն ոմանք իրենց հիմնաւորումներուն մէջ նշեցին կառավարութիւն չկարենալ կազմելու իրողութեան բարձր հաւանականութիւնը: Մինչդեռ նորընտիր խորհրդարանի եւ վերանշանակ վարչապետի ընթացակարգային փուլերու թեւակոխումը սկզբունքով նոր մեկնարկ ապահովելու նախադրեալները պէտք...

Ակնարկ.    Արեւելեան Միջերկրականն  Ու Աշխարհաքաղաքական Գործընթացները

Ակնարկ. Արեւելեան Միջերկրականն Ու Աշխարհաքաղաքական Գործընթացները

Միջազգային, տարածաշրջանային եւ լիբանանեան իրադարձութիւններու քաղաքական ընթերցումը որոշ զուգահեռներ եւ կապեր կը նկատէ տարբեր մակարդակներու վրայ: Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու թուականի ճշդումը  այս պարագային պարզ սահմանադրական ընթացակարգի յարգումի փուլ չէ: Կը թուի, որ համոզիչ է գործող վարչապետին նշանակումը: Այս ինքնին կ՛ենթադրէ ո՛չ միայն համալիբանանեան ընդհանուր համախոհութիւն, այլ նաեւ առնչուած պետութիւններու  ընդհանուր համաձայնութիւն վարչապետի անձին շուրջ: Վարչապետին հիմնական գործառոյթն ու առաքելութիւնը...

Ակնարկ.   Խնամքով Շրջանցումներ Եւ Հարուած` Հայկական Բանակցային Դիրքերուն

Ակնարկ. Խնամքով Շրջանցումներ Եւ Հարուած` Հայկական Բանակցային Դիրքերուն

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը խորհրդարանի նիստին յայտարարեց. «Բանակցային գործընթացի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, թէ՛ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ թէ՛ Սերժ Սարգսեանը, այդպիսով նաեւ անոնց քաղաքական արբանեակ Դաշնակցութիւնը Արցախը ճանչցած են իբրեւ Ազրպէյճանի մաս եւ/կամ չեն առաջնորդուած «Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ» սկզբունքով»: Ընդհանուր պետութեան տեսութենէն Քի Ուեսթ կամ մատրիտեան (ապա` նորացուած), սկզբունքներ, հասնելով լաւրովեան կամ քազանեան գաղտնազերծուած փաստաթուղթերուն տարընթերցումներ կատարելը եւ...

Ակնարկ.  Յուշումներ` Թէկուզ Վերաշարադրուած Տեսքով

Ակնարկ. Յուշումներ` Թէկուզ Վերաշարադրուած Տեսքով

Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը, Երեւանի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորներուն համար: Լաւրովի համաձայն, այնտեղ արդէն կան որոշակի արդիւնքներ` կացութեան լարուածութեան մեղմացման տեսանկիւնէն: «Եւ մենք ունինք գիտակցումը, որ սահմանազատման հարցով արդէն սկսող առարկայական աշխատանքի շրջանակին մէջ այս հարցերը պիտի քննարկուին ու անպայման պիտի լուծուին», ըսած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց...

Ակնարկ.  Առանցքային Դաշնակիցին Ակնկալութիւնները

Ակնարկ. Առանցքային Դաշնակիցին Ակնկալութիւնները

Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին միանալու դէմ Անգարայի վեթոն առեւտուրի դրուած է: Անգարան կը յիշեցնէ իր նախապայմանները վեթոն վերցնելու համար` ճշդել վերաբերում ահաբեկչական կազմակերպութիւններու. մասնաւորաբար` անոնք Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան նկատմամբ իրենց վերաբերմունքը չեն որոշած: Նաեւ յստակացնել իրենց դիրքորոշումը  Ֆաթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան նկատմամբ, որ մասնաճիւղեր ունի այդ երկիրներուն մէջ: Վեթոյի առաջին յայտարարութեան ոճին եւ նոյնիսկ բովանդակութեան նկատմամբ որոշակի մեղմացում կարելի է նկատել:...

Ակնարկ.  Ծովային Սահմանազատումն ու Նախապայմանները

Ակնարկ. Ծովային Սահմանազատումն ու Նախապայմանները

Իսրայէլ երէկ նոր իրավիճակ ստեղծեց Լիբանանի ուղղութեամբ: Կատարուածը ոտնձգութիւն է այն առումով, որ նախքան ծովային սահմանազատում կատարելը, Իսրայէլ վիճելի տարածքներ իրը նկատելով կը ձեռնարկէ հորատման աշխատանքներու: Պաշտօնական Պէյրութի տեսակէտը պարզ է. վիճելի շրջանին մէջ իսրայէլեան որեւէ աշխատանք կամ գործունէութիւն, սադրանք եւ թշնամական արարք է Լիբանանի նկատմամբ: Ընդծովեայ ուժանիւթի շահագործման հանգոյցը միջազգային ընտանիքի արծարծած հիմնահարցերէն մէկն է: Նախապայմանային քաղաքականութեան մէկ կարեւոր...

Ակնարկ.   Խորհրդարանի Համապատկեր  Եւ Ընտրութեան Նկատառելի Շարժառիթներ

Ակնարկ. Խորհրդարանի Համապատկեր Եւ Ընտրութեան Նկատառելի Շարժառիթներ

Լիբանանի նորընտիր խորհրդարանը ընտրեց իր նախագահը, փոխնախագահն ու դիւանը: Խորհրդարանական նախկին մեծամասնութեան դիմագիծը պահպանուած է ընդհանրապէս: Խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան նախօրեակին խորհրդարանական ընդդիմութեան որոշ շրջանակներու ներկայացուցիչներ շտապեցին յայտարարելու, որ շրջուած է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը: Յայտարարութիւնը աւելի քարոզչական բնոյթ ունէր, պարզ այն պատճառով, որ ընտրուած թեկնածուներու պատկանելիութիւններու կամ քաղաքական արեւելումներու ճիշդ հաշուարկը չէր կատարուած: Խնդիրը այս պարագային այն էր, որ համաշխարհային լրատուամիջոցներու ամէնէն...

Խմբագրական.   Նոր Էջ Բանալու Համար  (Մայիս 28-ի Առիթով)

Խմբագրական. Նոր Էջ Բանալու Համար (Մայիս 28-ի Առիթով)

Մայիսքսանութեան այժմէական խորհուրդը ամէնէն ուշագրաւ կերպով կը կեդրոնանայ մեր երկրի գերիշխանութեան եւ անկախութեան պահպանման այսօրուան հրամայականին վրայ: 44-օրեայ պատերազմէն ետք երկիրը վերայայտնուեցաւ թրքական եւ ազրպէյճանական աքցանին մէկ կողմէ, եւ ռուս-թրքական ռազմավարական մերձեցման գործողութիւններու հետեւանքները կրելու իրականութեան առջեւ` միւս կողմէ: Հիմա շատ կը շահարկուին Ալեքսանդրապոլի եւ Կարսի դաշնագիրները կամ հողային կորուստներու խնդիրը` Ա. Հանրապետութեան անկման օրերուն: Պատմաքաղաքական հանգամանքները բոլորովին տարբեր են:...

Ակնարկ.   Յետընտրական Տագնապի Խորացում

Ակնարկ. Յետընտրական Տագնապի Խորացում

Խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտէն անմիջապէս ետք կայծակնային մագլցում կ՛ապրի լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը: Կար այն տեսակէտը, որ կառավարութեան շրջանցումով կատարուող օժանդակութիւններն ու լիբանանեան դրամանիշի համեմատական արժեւորման միտումները իբրեւ ժամկէտ ունէին խորհրդարանական ընտրութիւնները: Դրամանիշի կայունացման  կը նպաստէր շուկայ ներդրուած ստուերային ընտրական արժոյթը. յայտնապէս աստղաբաշխական գումարներ ներմուծուած էին Լիբանան` քուէագնման նպատակներու համար: Հիմա կանգնած է քուէագումարի շրջանառութիւնը: Չի բացառուիր, որ դանդաղի նաեւ ոչ կառավարական...

Ակնարկ.  Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ

Պրիւքսելի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւնը ըստ էութեան վերստին արծարծած է 9 նոյեմբերի հրադադարի համաձայնութեան 9-րդ կէտը. ամփոփ` տարածաշրջանային ապաշրջափակում: Միջնորդական մրցապայքարը կը շարունակուի Պրիւքսելի եւ Մոսկուայի միջեւ: Յայտարարութեան մէջ Մոսկուայէն հնչած յայտարարութիւններուն ուղղութեամբ հակասութիւն չկայ. տարածաշրջանային ապաշրջափակումը կամ սահմանազատումն ու սահմանագծումը ընդհանուր առաջադրանք է: Խնդիրը ազդեցութիւններու կիրարկման եւ տարածման վրայ կը կեդրոնանայ: Եւրոպական խորհուրդի նախագահին կատարած յայտարարութեան...

Ակնարկ.   Նորընտիր Խորհրդարանը`  Նոր Ոդիսականի Շեմին

Ակնարկ. Նորընտիր Խորհրդարանը` Նոր Ոդիսականի Շեմին

Վարագոյրը իջաւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ: Պաշտօնական արդիւնքները հրապարակուած են արդէն եւ խորհրդարանի համապատկերը պարզուած: Պարզ չեն սակայն ներխորհրդարանական հետագայ յարաբերակցութիւնները, գոյանալիք համաձայնութիւնները կամ յառաջանալիք բաժանումները: Արտաքին ներշնչանքներ, ուղեկցուած` ներքին ձայներով, իրենց առարկայացումը որոշ առումով արձանագրած են: Դասական դէմքեր հեռացած են խորհրդարանէն  եւ նորեր ներառուած: Նորերը «անկախ» կամ «քաղաքացիական շարժման ներկայացուցիչ» դասակարգումին տակ կու գան գրաւելու խորհրդարանական սահմանափակ թիւով աթոռներ:...

Խմբագրական.   Հանրահաւաքը`  Զօրախմբումի Ազդանշան

Խմբագրական. Հանրահաւաքը` Զօրախմբումի Ազդանշան

Այսօրուան հանրահաւաքը միայն ընտրական այս փուլին չ՛առնչուիր: Այո՛, ընտրական առումով անհրաժեշտ է ուժերու մէկտեղումը, համախմբումը եւ վերանորոգ զսպանակումով կիրակի օր համայնքի արժանապատուութիւնը պահելու որոշումի առարկայացումը: Հանրահաւաքը կոչուած է պատասխան ըլլալու բոլոր այն բաժանարարութիւններուն, որոնք համայնք հասկացողութիւնը կը հեգնեն կեթոյով. որոնք համայնքային կեանքը կը նկատեն ժամանակավրէպ. որոնք հայոց լեզուն չեն նկատեր կարեւորագոյն արժէք հայկականութեամբ ապրելու համար. որոնք նոյնիսկ չեն վարանիր միայն...

Ակնարկ.  Նոր Խորհրդարանի Ուրուագիծը` Երկարաժամկէտ  Ծրագիրի Առաջին Փուլը

Ակնարկ. Նոր Խորհրդարանի Ուրուագիծը` Երկարաժամկէտ Ծրագիրի Առաջին Փուլը

Շուտով ընտրուելիք խորհրդարանին համապատկերի ուրուագծման փորձը անպայման յստակ եւ բացարձակ կանխատեսում չէ: Ո՛չ ալ նախնական արդիւնք` քուէարկողներու հետ իրականացած հարցախոյզի տուեալներու հիման վրայ: Ուրուագծումը քաղաքական վերլուծման հիման վրայ գծուած պատկեր է: Այսպէս. յայտարարուած առաջադրանք է համայնքայինէն քաղաքացիական պետութեան անցումը: Քարոզչաքաղաքական ցանցային մեքենաներ լիբանանեան ամբողջ ողբերգութիւնը կ՛ուզեն բարդել գործող համակարգին վրայ եւ անկէ դուրս գալու միակ միջոցը կը նկատեն համակարգային փոփոխութիւնը....

Ակնարկ.   Արտերկրի Լիբանանեան Քուէին Ուղղութիւնները

Ակնարկ. Արտերկրի Լիբանանեան Քուէին Ուղղութիւնները

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արտերկրի փուլը ուշագրաւ երեւոյթներ պարզեց: Նախ, անշուշտ մասնակցութեան համեմատական բարձր ցուցանիշը: Երկրորդ դասական-աւանդական շրջանակներէն դուրս այլ շրջանակներու աշխուժ մասնակցութիւնը: Դիտարժան էր նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան բաժանմունքին կազմակերպուածութիւնը: Բնականաբար ներկայ հաղորդակցային համակարգի արհեստագիտութիւնը լիարժէք օգտագործուած էր ընտրութիւններուն աշխարհագրութիւնը, ժամերու տարբերութիւնը  եւ բազմաքուէակեդրոններու իրողութիւնը նկատի ունենալով: Երեւոյթի գնահատականներ հնչեցին պետական բարձրագոյն օղակներէն: Բնականաբար առաջին հարցումը, որ կը մտաբերուի...

Խմբագրական.    Շուշիի Վերաազատագրման  Յանձնառութեան Օր

Խմբագրական. Շուշիի Վերաազատագրման Յանձնառութեան Օր

Մայիսեան եռատօնի մթնոլորտը, նշումի տարողութիւններն ու եղանակները փոխուած են հիմնովին: Հիմնականին մէջ Մայիս 8-ը կը վերաբերէր Շուշիի ազատագրութեան, որ իսկապէս բեկումնային էր ո՛չ միայն Արցախի ազատագրութեան, այլ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման գործընթացին մէջ: Շուշին առաջնայնօրէն ռազմագիտական եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունէր: Այդ արժեւորումը բոլոր առումներով կատարած էր հայկական կողմը` ազատագրելու Շուշին: Շուշիի արժէքը եւ իւրայատկութիւնը գնահատած էր նաեւ թշնամին եւ միայն...

Խմբագրական.  Բանա՛լ Սովամահութեան Բոլոր Ծալքերը (Լիբանանի Նահատակաց Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Բանա՛լ Սովամահութեան Բոլոր Ծալքերը (Լիբանանի Նահատակաց Օրուան Առիթով)

Լիբանանի Նահատակաց բազմաչարչար օրուան նշումը ձեւախեղուած է վաղուց: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ լիբանանցիներուն նկատմամբ ջարդարարական քաղաքականութեան, կախաղաններուն եւ կանխամտածուած սովամահութեան խորհուրդը արժեզրկուած է: Լիբանանը փոխած է իր պետական տօնացոյցը: Այս բոլորը վերածուած են Լիբանանցի նահատակ լրագրողներու յիշատակը նշող օրուան: Խնդիրը այն է, որ պետական գրիչի հարուածով միանգամայն կայացած այս որոշումը եթէ բովանդակազրկման ենթահող չունենար երկրին մէջ, այսքան հեզասահ, անարձագանգ չէր անցներ:...

Խմբագրական.     Զուգընթաց Առաջադրել Ազգայինն Ու Ընկերայինը  (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Զուգընթաց Առաջադրել Ազգայինն Ու Ընկերայինը (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Մայիսմէկեան սկզբունքներու, գաղափարներու եւ առաջադրանքներու ձեւախեղման գործընթացներու ականատես կը դառնանք աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ: Թէեւ ընկերվարութեան դասական երեւոյթները` գաղափարաբանութիւն, կառոյց, կազմակերպութիւն հսկայական քայլերով նահանջ կ՛արձանագրեն, այդուհանդերձ գաղափարները կը վերափաթեթաւորուին եւ գաղափարաբանական պատկանելիութեան շրջանցումով շրջանառութեան մէջ կը դրուին ծայրայեղօրէն քաղաքականացուած մօտեցումներով: Հայաստանի մէջ իրավիճակ փոխելու համար առաջ մղուեցան եւ լայն շրջանառութեան մէջ դրուեցան թալանը, փտածութիւնը, կողոպուտը, հարստապետութիւնը, շահագործումը: Երբ անարդար են...

Page 28 of 62 1 27 28 29 62

Արխիւներ