Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բանա՛լ Սովամահութեան Բոլոր Ծալքերը (Լիբանանի Նահատակաց Օրուան Առիթով)

Մայիս 6, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Նահատակաց բազմաչարչար օրուան նշումը ձեւախեղուած է վաղուց: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ լիբանանցիներուն նկատմամբ ջարդարարական քաղաքականութեան, կախաղաններուն եւ կանխամտածուած սովամահութեան խորհուրդը արժեզրկուած է: Լիբանանը փոխած է իր պետական տօնացոյցը: Այս բոլորը վերածուած են Լիբանանցի նահատակ լրագրողներու յիշատակը նշող օրուան:

Խնդիրը այն է, որ պետական գրիչի հարուածով միանգամայն կայացած այս որոշումը եթէ բովանդակազրկման ենթահող չունենար երկրին մէջ, այսքան հեզասահ, անարձագանգ չէր անցներ:

Լիբանանահայութիւնը, որ արտայայտեց իր ընդվզումը, սոսկ ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդի իրականութենէն չէր  մղուած այս պարագային: Իբրեւ Լիբանանի քաղաքացի անընդունելի է անտարբեր մնալ ազգային Նահատակաց օրը նման ձեւախեղումի ենթարկելու իրականութեան դիմաց: Ազգային պատմութեան վերաշարադրանքի համազօր աքթ է Նահատակաց օրը իր էութենէն պարպելը: Աւելի՛ն. ուրանա՛լ է կամ ժխտել` սովամահութեամբ ցեղասպանութիւն գործադրելու օսմանեան քաղաքականութիւնը:

Ժխտողականութիւնը միայն հերքելը չէ: Ժխտողականութիւնը ուրանալն է. շրջանցելը` պատմական որոշ փուլ մը: Իսկ ժխտումը փաստօրէն ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Իրերը իրենց անուններով կոչելը եւ մանաւանդ անոնց միջազգային դատապարտանք ամրագրելը խորքին մէջ հետագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միտող գործողութիւններ են. «Այլեւս երբեք»-ը հատուածական, ընտրովի կարգախօս չէ: «Այլեւս երբեք»-ը կը վերաբերի աշխարհի տարածքին իրականացուած բոլոր ցեղասպանութիւններուն: Ռուանտայէն Տարֆուր եւ Արեւմտահայաստանէն Լիբանան: Անցնելով Օշուիցէն ու Տէր Զօրէն, հասնելու համար յոյներու, ասորիներու, եզիտիներու ցեղասպանութիւններուն: Ցեղասպանութիւններն ու ցեղային զտումի գործողութիւնները կրնան շարունակուիլ, եթէ չդատապարտուին բոլորը:

Իրերը իրենց անուններով կոչելու լիբանանեան պետական ուղենիշեր կային հանրապետութեան նախագահի մակարդակով, երբ Մեծն Լիբանանի հիմնադրութեան 100-ամեակի նախօրեակին յայտարարուեցաւ հաշուի նստիլ պատմական փաստերուն հետ եւ բանալ սովամահութեան բոլոր ծալքերը:

Անգարայի հակազդեցութիւնը չուշացաւ, եւ ստեղծուեցաւ դիւանագիտական տագնապ: Պաշտօնական Պէյրութը արձանագրեց նահանջ:

Մայիս 6-ը խորհրդանիշն է ամբողջ ցեղասպանական քաղաքականութեան զոհ գացած զանգուածներուն: Այդ թուականը բոլոր համայնքներուն պատկանող մտաւորականներու, լրագրողներու, հանրային կարծիք ստեղծողներու կախաղան բարձրացման օրն է: Սակայն օրը կը խորհրդանշէ ջարդարարական եւ զանգուածային սովամահութեան առաջնորդող  ամբողջ քաղաքականութիւն մը: Այնպէս ինչպէս Ապրիլ 24-ը:

Պարզ է, որ այս խորհուրդի վերականգնումի փորձը պիտի բախի բազում դժուարութիւններու: Խորհուրդի ձեւախեղման ենթահողը կախեալ էր թրքական գործօնէն, Ռիատ- Անգարա եւ Ռիատ – Թեհրան յարաբերութիւններէն եւ տարածաշրջանային իրադրութիւններէն:

Այս բոլորով հանդերձ աշխատանք կայ կատարելիք: Աշխատանք համալիբանանեան ազգային գիտակցութեան վերազարթման: Աշխատանք` սովամահութեան բոլոր ծալքերը բանալու, պատմութեան կարեւորագոյն փուլը լոյսին բերելու եւ քաղաքական վերաշարադրանքները մաքրազտելու:

Այդ աշխատանքներուն նախաբանը իբրեւ օրինագիծ պատրաստ էր ներկայացուելու Լիբանանի խորհրդարանին: Այդ պահը վերստին կու գայ անպայման. մինչ այդ, պէտք է համալիբանանեան առաջադրանքի վերածել Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած լիբանանցիներուն ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու արդար պահանջը:

Նախորդը

«Զարթնի՛ր Լաօ» Կարգախօսով Դիմադրութեան Շարժման Հանրահաւաքները Եւ Քայլարշաւները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Ալիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցքը Արդէն Իրականութիւն Է»

RelatedPosts

«Դիմադրութեան» Շարժումը Կը Պատրաստուի  Այսօրուան Հանրահաւաքին
Գլխաւոր լուրեր

«Դիմադրութեան» Շարժումը Կը Պատրաստուի Այսօրուան Հանրահաւաքին

Մայիս 21, 2022
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ.  «Հայաստանի Եւ Արցախի Իշխանութիւնները  Պէտք Չէ Ձեռնարկեն Արցախի  Ապագան Վտանգող Քայլերու»
Գլխաւոր լուրեր

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ. «Հայաստանի Եւ Արցախի Իշխանութիւնները Պէտք Չէ Ձեռնարկեն Արցախի Ապագան Վտանգող Քայլերու»

Մայիս 21, 2022
Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Վերջին Նիստը`  Բարձրացնելով Հաղորդակցութեան  Եւ Համացանցի Սակերը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Վերջին Նիստը` Բարձրացնելով Հաղորդակցութեան Եւ Համացանցի Սակերը

Մայիս 21, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In