Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Առանցքային Դաշնակիցին Ակնկալութիւնները

June 9, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին միանալու դէմ Անգարայի վեթոն առեւտուրի դրուած է: Անգարան կը յիշեցնէ իր նախապայմանները վեթոն վերցնելու համար` ճշդել վերաբերում ահաբեկչական կազմակերպութիւններու. մասնաւորաբար` անոնք Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան նկատմամբ իրենց վերաբերմունքը չեն որոշած: Նաեւ յստակացնել իրենց դիրքորոշումը  Ֆաթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան նկատմամբ, որ մասնաճիւղեր ունի այդ երկիրներուն մէջ:

Վեթոյի առաջին յայտարարութեան ոճին եւ նոյնիսկ բովանդակութեան նկատմամբ որոշակի մեղմացում կարելի է նկատել: Առաջին յայտարարութիւնները աւելի կտրուկ էին, աւելի բացարձակ եւ աւելի խիստ` ահաբեկչութիւնը դասակարգելու, գրասենեակները փակելու, դատապարտելու ակնկալութիւններու պահանջներով: Այս ինքնին կը նշանակէ, որ շրջադարձի անկիւններ սկսած է գծել Անգարան:

Շրջադարձի անկիւնը տեսանելի էր յայտնաբար ՕԹԱՆ-ի կողմէ, որուն ընդհանուր քարտուղարը յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ի առանցքային դաշնակիցին ակնկալութիւնները պէտք է իրականացուին:

Թուրքիան սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ վեթոն չի վերցներ մինչեւ արտօնութիւն չստանայ Սուրիոյ մէջ քրտական զինեալ կազմակերպութիւններու դէմ գործողութիւններ իրականացնելու: Մոսկուայի հետ որոշ աշխարհագրական գօտիի համար կայ այդ պայմանաւորուածութիւնը: Հիմա գործարքի առաջարկը այս ձեւով կ՛ուղղուի Միացեալ Նահանգներուն: Սկանտինաւեան երկիրներու մէջ Կիւլենի կամ քրտական քաղաքական կուսակցութիւններու մասնաճիւղերու խնդիրը այնքան հրատապ չէ, որքան Թուրքիոյ սահմաններուն անվտանգութիւն ապահովելու նպատակով իրականանալի զինուորական գործողութիւնը: Վեթոն ուրեմն կը վերցուի այդ գործողութիւններու սանձազերծման կանաչ լոյսին դիմաց:

Այդ գործարքին թրքական արտադրութեան գինը բարձրացնելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր ռուս պաշտօնակիցին հետ կ՛արծարծէ 3+3 ձեւաչափը եւ այդ առիթով կը յայտարարէ. «Համաձայն ենք Սուրիոյ վերաբերեալ Ասթանայի գործընթացի աշխատանքը շարունակելու: Անհրաժեշտ կը նկատենք քրտական բնակչութիւնը ազատելը ահաբեկիչներէն, որոնք ներկայ են երկրի հիւսիսը: Արեւմտեան երկիրները, նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգները, կ՛աջակցին այդ ահաբեկչական տարրերուն Սուրիոյ հիւսիսը»:

Յստակ է ակնկալութիւնը: Նոյնքան յստակ գործարքին գինը թանկացնելու Անգարայի խաղը: Ստանալէ ետք Մոսկուայի համաձայնութիւնը, հիմա Անգարան կ՛ակնկալէ Միացեալ Նահանգներու համամտութիւնը: Ամէնէն շատ Մոսկուային կը վերաբերի մտահոգութիւնը: ՕԹԱՆ-ի առանցքային դաշնակիցը պիտի արտօնէ Ռուսիոյ հետ իր սահմաններուն, սկանտինաւեան երկիրներու տարածքներուն վրայ ՕԹԱՆ-ի ուժերու տեղակայումը. այլ խօսքով` Ռուսիոյ շրջափակման առաջադրանքին մէջ կարեւորագոյն իրագործում մը:

Ուքրանիոյ պատերազմի խորքը մխրճուած` սուրիական տարածքներու վրայ նոր բարդութիւններ ստեղծելը չի բխիր Ռուսիոյ դաշնութեան շահերէն: Իսկ ՕԹԱՆ-ի առանցքային դաշնակիցին համար պատեհ առիթ է անվտանգութեան գօտին քիչ մը աւելի ընդլայնելու:

«Ա.»

Նախորդը

Լաւրով. «3+3» Ձեւաչափով Երկրորդ Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ Մօտ Ապագային»

Յաջորդը

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի. Թրքական Բանակը Այս Շաբաթ Պիտի Սկսի Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Իր Գործողութեան

RelatedPosts

Մուսա Լերան Անմար Կրակը`  Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հացին Երգը»-էն Դէպի Վարուժանի Անմահ Աշխարհը

September 28, 2026
Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

September 28, 2026
6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին
Գլխաւոր լուրեր

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.