Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հանրահաւաքը` Զօրախմբումի Ազդանշան

Մայիս 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօրուան հանրահաւաքը միայն ընտրական այս փուլին չ՛առնչուիր: Այո՛, ընտրական առումով անհրաժեշտ է ուժերու մէկտեղումը, համախմբումը եւ վերանորոգ զսպանակումով կիրակի օր համայնքի արժանապատուութիւնը պահելու որոշումի առարկայացումը:

Հանրահաւաքը կոչուած է պատասխան ըլլալու բոլոր այն բաժանարարութիւններուն, որոնք համայնք հասկացողութիւնը կը հեգնեն կեթոյով. որոնք համայնքային կեանքը կը նկատեն ժամանակավրէպ. որոնք հայոց լեզուն չեն նկատեր կարեւորագոյն արժէք հայկականութեամբ ապրելու համար. որոնք նոյնիսկ չեն վարանիր միայն անձնաթուղթով ծագումով հայ ըլլալը յայտարարելը: Տակաւի՛ն. անոնց, որոնք Դաշնակցութեան պատմութիւնը կը տարանջատեն ներկայէն, աւելի ճիշդը` ներկան կը հակադրեն անցեալին: Ու տակաւին անոնց, որոնք հնամաշ կը նկատեն մեր աւանդութիւնները, մեր կրթական համակարգը, մեր համայնքային կեդրոնները, կուսակցութիւններն ու միութիւնները:

Աշխատանք կայ այս արժէքային համակարգէն դուրս, նոյնիսկ անոր հակադրուած ներկայացուցիչներ խորհրդարան հասցնելու: Իսկ խորհրդարանը Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներուն թէ հայ քաղաքական կուսակցութիւններ ներկայացնող թեկնածուներուն համար օրէնսդիր այն հաստատութիւնն է, որ լիբանանեան հանգոյցներուն մէջ միշտ խաղաղարար դեր ունեցած է. միշտ գերադասած է քաղաքական լուծումը բախումներէն եւ միշտ մերժած պետական կառոյցներուն անդամալուծումը: Որ միշտ գերադասած է համալիբանանեանը հատուածականէն:

Բայց նաեւ այն հաստատութիւնը, ուր լիբանանահայ համայնքը ներկայացնող երեսփոխանները ներկայացուցած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման բանաձեւերը: Անոնք հայկական տօնացոյցի ամէնէն նուիրական օրերը ամրագրած են պետական տօներու շարքին մէջ, մայիս 6-ի վերարժեւորման եւ վերաիմաստաւորման համար ներկայացուցած են օրինագիծ, աշխուժօրէն մաս կազմած են Հայաստան-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման յանձնախումբերուն: Անոնք գիտցած են հաւասարակշիռ կերպով համատեղել լիբանանեան եւ լիբանանահայկական շահերը: Տէր կանգնած համայնքի իրաւունքներուն եւ պաշտպանած զանոնք բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Այսօրուան հանրահաւաքը ա՛յս տեսակի առաջադրման, ա՛յս տեսակի պահպանման եւ ա՛յս տեսակի կողմէ ներկայացուած զգալու համախմբումն է ու զօրակցութիւնը:

Անձերով չի պայմանաւորուիր այս առաջադրանքը: Եւ չի սահմանափակուիր այս ընտրութիւններու արդիւնքներուն մէջ: Արժէքներու պահպանման պայքարի վերայանձնառութիւնն է, որ արդի աշխարհի պարտադրած ներկայ միտումներուն մէջ կը թուի, որ շատ աւելի զօրախմբման պէտք ունի:

Իսկ զօրախմբումի ցուցանիշը մարդաշատութիւնն է այս պարագային: Այսօրուան հանրահաւաքը այդ զօրախմբման առարկայական փաստը պիտի արձանագրէ անպայման:

Նախորդը

Դիմադրութեան Երթը` Դէպի Գլխաւոր Դատախազութիւն

Յաջորդը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?