Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ծովային Սահմանազատումն ու Նախապայմանները

Յունիս 7, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլ երէկ նոր իրավիճակ ստեղծեց Լիբանանի ուղղութեամբ: Կատարուածը ոտնձգութիւն է այն առումով, որ նախքան ծովային սահմանազատում կատարելը, Իսրայէլ վիճելի տարածքներ իրը նկատելով կը ձեռնարկէ հորատման աշխատանքներու: Պաշտօնական Պէյրութի տեսակէտը պարզ է. վիճելի շրջանին մէջ իսրայէլեան որեւէ աշխատանք կամ գործունէութիւն, սադրանք եւ թշնամական արարք է Լիբանանի նկատմամբ:

Ընդծովեայ ուժանիւթի շահագործման հանգոյցը միջազգային ընտանիքի արծարծած հիմնահարցերէն մէկն է: Նախապայմանային քաղաքականութեան մէկ կարեւոր բաղադրիչը` Լիբանանի տնտեսական պաշարումը թեթեւցնելու առումով: Բնականաբար առաջադրուածը այն է, որ Լիբանան իր ջրային տարածքներէն զիջի պարարտ բաժին մը իր հարաւի դրացիին:

Խնդիրը ունի իր պատմականը: Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները վաղուց կ՛արծարծէին այս առաջադրանքը: Պէյրութը կը պատասխանէր, որ սահմանազատումն ու սահմանագծումը միայն ջրային տարածքներու չեն  վերաբերիր. հասկացողութիւնը ամբողջական է եւ պէտք է կատարուի ցամաքային սահմանազատում եւս: Պարզ էր ուղերձը` Իսրայէլ պէտք է հեռանար Լիբանանի հարաւային բռնագրաւեալ մնացած տարածքներէն:

Կար անշուշտ երկրորդ արգելքը: Պէյրութն ու Թել Աւիւը չունին դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Այս հարցի կարգաւորումը միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչները անջատած էին ծովային սահմանազատումի գործընթացէն եւ յայտարարած, որ այդ բանակցութիւնները կարելի է կատարել միջնորդաւորուած:

Այլ խօսքով, ցամաքային սահմանազատումի գործընթացին սկզբունքային համաձայնութիւն տալով եւ բանակցութիւնները միջնորդաւորելով առնչակից պետութիւնները կը ճնշէին անցնելու ծովային սահմանազատման: Առաջադրանքը` Իսրայէլը օժտել ուժանիւթի ընդծովեայ հանքով:

Այս ուղղութեամբ կար ձգձգումի վիճակ: Հիմա Իսրայէլը շտապողականութիւն կը ցուցադրէ:

Հիմա փոխսպառնական հռետորաբանութիւն կը հնչէ: Թել Աւիւը ի՛րը սեպած կազի հարթակին հասցուած որեւէ վնաս պատերազմի յայտարարութիւն կը նկատէ, մինչ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարը վիճելի տարածքներուն մէջ իսրայէլեան շարժումները հաւասարազօր կը նկատէ մարտահրաւէրի եւ կայունութեան ոտնահարումի:

Այս բոլորը կը նախանշեն, որ կատարուածը ճնշամիջոց է` սահմանազատման գործընթացին սկսելու: Կայ քաղաքական ենթագործընթաց մը: Իսրայէլի կողմէ գործուղուած հորատումի գործառոյթներ կատարող նաւը յունական է: Անմիջապէս երեւոյթը կը կապուի Իրան- Յունաստան ստեղծուած ծովային տագնապին, ոտնձգութիւններու փոխադարձ ամբաստանութիւններով իրանեան եւ յունական նաւերու բռնագրաւումի դէպքերուն: Յունաստան վերջերս մէկ կողմէ կը դիմագրաւէ Անգարայի նորագոյն սպառնալիքները` զինուորական տեսքով, միւս կողմէ կը ստանայ ամերիկեան թէ՛ յայտարարողական եւ թէ՛ զինական օժանդակութիւններու նկատելի ծաւալ: Ի դէպ,  Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանը պարզաբանում կատարած էր, որ Իսրայէլի հետ միացեալ ռազմափորձերը չէին ուղղուած Լիբանանի դէմ:

Խնդիրը ուրեմն աւելի մեծ համապատկերի մէջ կարելի է դիտարկել: Միջերկրականեան  ընդծովեայ հանքերու շահարկման աշխարհաքաղաքականութիւն մըն է, որուն մէկ բաժինը կը վերաբերի Լիբանանին:

Տնտեսական ներկայ տագնապին մէջ Պէյրութին տակաւին չի տրամադրուիր իր ընդծովեայ հարստութենէն  օգտուելու կարելիութիւնը: Նախապայմանը այն է, որ այդ հարստութիւնը պէտք է առնուազն կիսել արդէն իսկ վիճելի տարածք մուտք գործած, ի՛րը սեպած բաժինին անվտանգութեան ձեռնարկած եւ հորատումի աշխատանքներուն շուտով ձեռնարկելու պատրաստութիւն տեսնող Իսրայէլին հետ:

 «Ա.»

Նախորդը

«Դիմադրութեան» Շարժման Հանրահաւաքը Եւ Երթը Դէպի Ընդհանուր Դատախազութիւն

Յաջորդը

17 Յունիսին Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ ՀԱՊԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Կոմիտէի Նիստը

RelatedPosts

Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեանի Մահուան Յիշատակին
Անդրադարձ

Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեանի Մահուան Յիշատակին

Յուլիս 7, 2022
Եկէք` Յիշենք, Թէ Ի՛նչ Կատարուեց 1915 Թուականին. Ժողովրդին Զինաթափեցին,  Յետոյ Եղաւ Ցեղասպանութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Վահրամ Բալայեան. «Բերձորը Պոկուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզէն` Անոր Կազմաւորումէն Ամիսներ Անց Եւ Բռնակցուած Ազրպէյճանին»

Յուլիս 7, 2022
Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Յուլիս 7, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In