Խմբագրական

Editorial

Խմբագրական.  Անկախութեան Հռչակագիրէն Շեղումի Երեւոյթը

Խմբագրական. Անկախութեան Հռչակագիրէն Շեղումի Երեւոյթը

Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման հերթական տարեթիւի նշումի պաշտօնական  ուղերձները խնամքով շրջանցեցին շատ կարեւոր իրաւադրոյթ մը, որ խիստ այժմէական նշանակութիւն ունի այս օրերուն: Անկախութեան հռչակագիրի նախաբանը կը հաստատէ. «...Կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ...»: 1 դեկտեմբեր 1989-ին Լեռնային Ղարաբաղի...

Ակնարկ.  Օժանդակութիւններ Եւ Յիշեցումներ

Ակնարկ. Օժանդակութիւններ Եւ Յիշեցումներ

Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանազատումի համաձայնութեան ուղղութեամբ կը փորձուի գոյացնել այն համատարած համոզումը, որ անիկա շատ մօտալուտ է: Աւելի՛ն նոյնիսկ. թէ՛ ամերիկեան եւ թէ՛ իսրայէլեան կողմերէն այնպիսի յայտարարութիւններ կը կատարուին, որ համաձայնութիւնը կայացած է արդէն: Լիբանանեան կողմը կը շարունակէ պահել իր համեմատական զսպուածութիւնը, մինչ Հըզպալլան լիբանանեան իրաւունքներէն չզիջելու անտեղիտալիութեան ընդգծումներ կը կատարէ: Համաձայնութեան արդէն իսկ կայացած ըլլալու յայտարարութիւնները ունին նաեւ քարոզչական բնոյթ....

Ակնարկ   «Սուրմալու»-ի Ողբերգութիւն. Հետեւութիւններ

Ակնարկ «Սուրմալու»-ի Ողբերգութիւն. Հետեւութիւններ

«Սուրմալու»-ի ողբերգութիւնը քանի մը ուղղութիւններով ուշացած հետեւութիւններու առիթ կու տայ: Նախ եւ առաջ դէպքին ահաւորութիւնը ցաւակցելու, սգոյ օր յայտարարելու, զոհերու եւ ընդհանրապէս տուժածներու ընտանիքներուն ամէն տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու հրամայականը կ՛ընդգծէ: Նման ողբերգութիւններ անշուշտ պէտք չէ քաղաքականացնել եւ առաւելներ ձեռք բերելու առիթի ծառայեցնել: Ընդ որում` համակողմանիօրէն: Ո՛չ գովերգել պետութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու աշխատանքին կատարելագործութիւնը, ո՛չ ալ մէկ ուղղութեամբ աշխատիլ բարդել ամբողջ պատասխանատուութիւնը:...

Ակնարկ.   Իրանեան Ազդակներ Եւ Թրքական Ագիլէսեան Կրունկներ

Ակնարկ. Իրանեան Ազդակներ Եւ Թրքական Ագիլէսեան Կրունկներ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ իր երկիրը յառաջընթաց գրանցած է հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ վերջին բանակցութիւններուն: Պաշտօնական Թեհրանը իր գրաւոր պատասխանը տուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ այս հարցերը համակարգողին: Նախադրեալները կը խօսին որոշ առկախ հարցերու մասին, որոնք, ըստ Թեհրանի յայտարարութեան, չեն ստուերեր ընդհանուր համաձայնութիւնը, որուն մօտ են կողմերը: Բնականաբար կը սպասուի Միացեալ Նահանգներու պատասխանին: Միջնորդաւորուած այս բանակցութիւններուն մէջ կայ...

Ակնարկ.  Միջադէպ Եւ Հետեւութիւններ

Ակնարկ. Միջադէպ Եւ Հետեւութիւններ

Լիբանանին հետ աշխարհը հինգշաբթի, 11 օգոստոսին հետեւեցաւ ժապաւէնանման իրադարձութեան մը, երբ լիբանանցի քաղաքացին զէնքով եւ վառելանիւթով մուտք գործեց դրամատուն, պատանդ վերցուց այնտեղ գտնուողները եւ պահանջեց իր սեփական գումարը: Իրաւապահ մարմիններու համապատասխան բաժանմունքները պաշարեցին դէպքին վայրը, փակեցին տարածքը եւ անցան բանակցութիւններու: Միջադէպը հանգուցալուծուեցաւ բանակցութիւններու արդիւնաւորումով, համաձայնուած գումարի տրամադրումով եւ ենթակային իրաւապահ մարմիններու ինքնայանձնումով: Վիրաւորներ եւ զոհեր չարձանագրուեցան: Քանի մը հետեւութիւն կարելի...

Խմբագրական.  Աւելի Բարենպաստ Ժամանակներ` Սահմանագծումի Համար  (Սեւրի Դաշնագիրին 102-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Աւելի Բարենպաստ Ժամանակներ` Սահմանագծումի Համար (Սեւրի Դաշնագիրին 102-Ամեակին Առիթով)

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան հերթական տարեթիւի նշումը ներկայ պայմաններուն մէջ տարբեր ուղղութիւններով խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ եւ այդ ճամբով հետագայ ընելիքներու մասին որոշ ուղենիշներ կը փոխանցէ: Սեւրի ստորագրումէն ամիսներ առաջ Սան Ռեմոյի համագումարին արդէն իսկ մեկնարկած էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանի յստակացման հարցով իրաւարարութեան գործընթացը, որ աւարտեցաւ Ուիլսընի կայացուցած Իրաւարար վճիռով: Իրաւարար վճիռը կայացաւ միջազգային իրաւաչափութիւններուն համապատասխան եւ քաղաքական պատասխանատուութեան իւրատեսակ...

Ակնարկ.   Սոչի Ուղարկուած Թրքական  Տրովադայի Ձին

Ակնարկ. Սոչի Ուղարկուած Թրքական Տրովադայի Ձին

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահներուն Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումէն բխած հաղորդագրութիւնը ոչինչ կ՛ըսէ արցախեան հակամարտութեան մասին: Պարզ է սակայն, որ  քննարկումներ եղած են Ուքրանիոյ պատերազմին հետ առնչուած եւ յատկապէս թրքական միջնորդութեան` ո՛չ միայն հրադադարի, այլ նաեւ հացահատկիկի համաշխարհային տագնապի լուծման, Լիպիոյ մէջ թրքական գործօնի հետ կապուած խնդիրներուն եւ արցախեան վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Մեծ օրակարգը երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան նոր...

Ակնարկ.  Ճնշամիջոցներ` 6-րդ Կէտի Իրականացման Համար

Ակնարկ. Ճնշամիջոցներ` 6-րդ Կէտի Իրականացման Համար

Արցախի շուրջ արձանագրուող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններու ամբողջ առանցքը հանգուցուած է նոյեմբեր 9-ի հրադադարի համաձայնութեան 6-րդ կէտին շուրջ: 6-րդ կէտ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կը վերադարձնէ Քելբաջարի շրջանը մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբերի 15-ը, իսկ Լաչինի շրջանը` մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբերի 1-ը: Լաչինի միջանցքը (5 քմ լայնութեամբ), որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, ընդ որում շրջանցելով Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսաստանի...

Խմբագրական.  Ազգային Փարոսի Վերականգնեցումին Համար (Պէյրութի Նաւահանգիստի  Պայթումին Բ. Տարելիցին Առիթով)

Խմբագրական. Ազգային Փարոսի Վերականգնեցումին Համար (Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Բ. Տարելիցին Առիթով)

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի Բ. տարելիցին մեծ հարցականները կը յամենան: Առաջինը անշուշտ բարոյական-զգացական ուղղութիւն ունի եւ ուղղակի կը վերաբերի զոհերուն, անոնց յիշատակին, անոնց ընտանիքներու անմխիթար վիճակին: Բարոյական ուղղութիւնը բնականաբար սերտօրէն կ՛առնչուի երկրորդին` իրաւականին: Իսկ իրաւականը արդէն չի վերաբերիր միայն զոհերու յիշատակին եւ անոնց ընտանիքներու պահանջներուն, այլ շեշտակիօրէն ունի հասարակական հնչեղութիւն: Ժողովուրդը կը սպասէ գործուած աղէտին արդարադատութիւնը, պատասխանատուներու ճշդումը, հարցին իրաւական լուծումը:...

Ակնարկ.  Չհիմնաւորուած Լաւատեսութիւն Եւ Շտապողականութիւն

Ակնարկ. Չհիմնաւորուած Լաւատեսութիւն Եւ Շտապողականութիւն

Արտաքին-ներքին լաւատեսական շտապողականութիւն մը առկայ է լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ` ծովային սահմանազատումը իրականացնելու ուղղութեամբ: Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար-միջնորդին մագոգային այցելութիւններէն վերջինին ընթացքին կատարուած յայտարարութիւնները համաձայնութեան նախաշեմին մէջ գտնուելու տպաւորութիւնը կը ձգեն: Նախորդներէն կը տարբերին անոնք, որովհետեւ ժամկէտի մասին ակնարկ կը կատարեն պաշտօնապէս: Բառացի. «Երախտապարտ եմ հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին. յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին համաձայնութեան յանգելու ուղղութեամբ շատ լաւատես եմ»: Ամերիկացի...

Ակնարկ.  Ամերիկեան Ներգրաւման Գործողութիւններու Նոր Փուլ Մը

Ակնարկ. Ամերիկեան Ներգրաւման Գործողութիւններու Նոր Փուլ Մը

Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական բաժանմունքի տնօրէնին այցելութիւնը Երեւան անհրաժեշտ լուսաբանումը չունեցաւ: Ենթադրութիւններ, մեկնաբանութիւններ անշուշտ հրապարակուեցան, այդուհանդերձ պաշտօնապէս ի՛նչ նպատակ ունէր այցելութիւնը, պարզաբանում չունեցաւ: Այն երեւոյթը, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը կ՛այցելէր Թիֆլիս, Երեւան եւ Պաքու, կը խօսի հարաւային Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը շեշտելու մասին: Ի վերջոյ Թիֆլիս-Երեւան-Պաքուն 3+3-ի երկրորդ բաղադրիչն է, եւ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենար զուգահեռ 3+3-ի առաջին բաղադրիչին` Անգարա-Թեհրան-Մոսկուա...

Խմբագրական.   Լիբանանցիին Հանապազօրեայ Հացն ու Կիրարկուող Միջազգային Ճնշումները

Խմբագրական. Լիբանանցիին Հանապազօրեայ Հացն ու Կիրարկուող Միջազգային Ճնշումները

Լիբանանի մէջ արձանագրուող հացի տագնապը անպայման կապ չունի միջազգային մակարդակով հացահատիկի պարենաւորման ճգնաժամին հետ, որ սերտօրէն կապուած է եւ անմիջական հետեւանքն է Ուքրանիոյ պատերազմին: Այստեղ տագնապները համընդհանուր են: Սնունդ, դեղորայք, վառելանիւթ, հիւանդանոցային ծառայութիւն, պետական գրասենեակներու անդամալուծում: Պետական պիւտճէի պարպումը կամ պետական սնանկացումը քայլ առ քայլ կը ջնջէ կենսական նիւթերուն նկատմամբ պետութեան որոշած աջակցող գումարային յատկացումները: Դեղորայքէն  վառելանիւթ եւ կենսանիւթերէն արդէն...

Ակնարկ.  Անգարան Պաշտօնապէս Յայտարարեց Իր Կարմիր Գիծը

Ակնարկ. Անգարան Պաշտօնապէս Յայտարարեց Իր Կարմիր Գիծը

Թուրքիոյ նախագահին վերջին յայտարարութիւնները սպասելի էին: Այն ինչ որ արտաքին գործոց նախարարը կամ յատուկ ներկայացուցիչը կ՛ըսէին անուղղակի, դիւանագիտական բառապաշարներով, հիմա նախագահը կը յայտարարէ ուղղակի: Ի՞նչ է ըսուածը: Ազրպէյճան ի սկզբանէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու հաստատման համար Թուրքիոյ կարմիր գիծն է, Ազրպէյճանի հետ խնդիրներու լուծումէն ետք է միայն, որ Թուրքիան կը բանայ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր սահմանը: Այս առիթով Էրտողանի կատարած...

Խմբագրական.  Լռութեան Պատին Կամ Թուրանական Կամուրջին Քանդումը`  Լիզպոնի Խորհուրդով Եւ Օրինակով

Խմբագրական. Լռութեան Պատին Կամ Թուրանական Կամուրջին Քանդումը` Լիզպոնի Խորհուրդով Եւ Օրինակով

Յեղափոխական աւանդներու վերադարձով յատկանշուող գործողութիւններու գագաթնակէտը Լիզպոնն էր իր տարողութեամբ, անձնազոհութեան գերագոյն աստիճանաչափի օրինակով եւ ձգած արձագանգով ո՛չ միայն ներազգային, այլ նաեւ միջազգային առումներով: Յետահայեաց դիտարկում մը այդ գործողութիւններուն ձեռք բերած արդիւնքներուն անպայման լուսարձակ կը կեդրոնացնէ 27 յուլիս 1983-ի Լիզպոնին վրայ: Խօսքը լռութեան պատի քանդումին մասին է: Կրաւորականութեան շրջումը եւ այնուհետեւ բարձրաձայնումը Հայ դատի իրաւացիութեան մասին: Ժամանակի հեռաւորութենէն կատարուող ակնարկը...

Ակնարկ.  Փակուղիէն Դուրս Գալու Համար Ակնկալուած Զիջումներ

Ակնարկ. Փակուղիէն Դուրս Գալու Համար Ակնկալուած Զիջումներ

Լիբանանի պետական գրասենեակներու համատարած անդամալուծումը հետեւանք է անշուշտ ֆինանսական ու տնտեսական իրավիճակին եւ ճգնաժամի խորացման: Այս երեւոյթին քաղաքական դիտարկումը մտածել կու տայ ճնշամիջոցներու կուտակման ընդհանուր վարքագիծին մասին: Այս վարքագիծի ձեռք ձգած արդիւնքներուն մաս կը կազմէ կառավարութիւն չկազմելու փաստը եւ նոր նախագահի ընտրութեան անորոշութիւնը: Այս բոլորով հանդերձ, վերահսկելի քաոսի քաղաքագիտական բանաձեւը կը թուի, որ կը կիրարկուի նաեւ Լիբանանի համար: Իրաւապահ մարմիններու...

Ակնարկ.  Ժետտայէն Հարաւային Կովկաս` Համակարգուած Գործարքներ

Ակնարկ. Ժետտայէն Հարաւային Կովկաս` Համակարգուած Գործարքներ

Առաջին հայեացքով օրինապահ կը թուի, որ Ժետտայի վեհաժողովը քննարկած ըլլայ բարի դրացնութեան կանոններուն կառչած մնալու սկզբունքները: Օրակարգը հիմնականին մէջ անվտանգութեան հարցերն են եւ անոր հետ անմիջականօրէն կապուած առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները: Այս բոլորին մէջ անշուշտ արաբական երկիրներ - Թել Աւիւ յարաբերութիւններու հաստատումն ու բնականոնացումը կը շարունակեն մնալ առանցքային բաժինը: Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ եւ ինչու չէ ճնշումով ու թելադրանքով երկիր առ երկիր գործընթացը...

Ակնարկ.  ԵԱՀԿ-ը Եւ Ռուս Դեսպանին Շուշի Այցելութիւնը

Ակնարկ. ԵԱՀԿ-ը Եւ Ռուս Դեսպանին Շուշի Այցելութիւնը

Ուշագրաւ իրադարձութիւն է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանին այցելութիւնը Շուշի: Զուգահեռ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէր, որ Երեւան-Անգարա երկխօսութիւնը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ` անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման տեսանկիւնէն: Միաժամանակ, Եւրոպական Միութեան հայաստանեան ներկայացուցչութիւնը Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարին անունով կ՛ողջունէր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ բնականոնացման գործընթացը յառաջ մղելու ջանքերը: Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը իրենց քաղաքական ժամացոյցի սլաքները համակարգած են...

Ակնարկ.  ՀՀՇ-ի Վերափոխումը ՔՊ-ի

Ակնարկ. ՀՀՇ-ի Վերափոխումը ՔՊ-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն արգիլելը կը վերաթարմացնէ քաղաքական յուշեր: Խօսքը բնականաբար 1992-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի արտաքսման որոշումին կը վերաբերի` Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ: Տարբերութիւնը այն է, որ Հրայր Մարուխեան կը գտնուէր Երեւան եւ կ՛ենթարկուէր արտաքսման` նկատուելով ոչ ցանկալի անձնաւորութիւն: Կը հետեւէր անշուշտ Հայաստան վերադարձի արգելքի որոշումը: Հիմնական կարեւոր տարբերութիւն կար...

Ակնարկ.  Շնորհաւորանքներուն Քաղաքական Ժամանակը

Ակնարկ. Շնորհաւորանքներուն Քաղաքական Ժամանակը

Հայաստանի վարչապետին եւ Թուրքիոյ նախագահին միջեւ կայացած հեռաձայնային փոխշնորհաւորանքները լայն հնչեղութիւն ապահոված են եւ կը ձգեն այն տպաւորութիւնը, որ գործընթացը արագ է` արդիւնքներու յանգելու ուղղութեամբ: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը բեմադրուած է: Դժուար է պատկերացնելը, որ Ատհայի տօնի շնորհաւորանքին դիմաց Թուրքիոյ նախագահը արագօրէն պիտի մտաբերէր հայոց Վարդավառը եւ փոխադարձէր շնորհաւորանքը: Բեմադրութիւնը, ուրեմն, կը միտէր երկխօսութեան գործընթացի ընդգծումը կատարելու եւ շեշտելու խաբուսիկ հեռանկարայնութիւնը, մանաւանդ,...

Խմբագրական.  Պարտուողականէն Վերականգնողական Անցում Կատարելու Համար

Խմբագրական. Պարտուողականէն Վերականգնողական Անցում Կատարելու Համար

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները ուշագրաւ են  եւ ուղենշային մեկնաբանութիւններու տեղի կու տան: Այսպէս. «Մենք կը ցանկանք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորում եւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրում, քանի որ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է: Անհրաժեշտ է բանալ Զանգեզուրի միջանցքը, որ պէտք է ստեղծուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ, ինչպէս նաեւ` իրականացնել այլ փոխադրական նախագիծեր այս երկիրներուն...

Page 27 of 62 1 26 27 28 62

Արխիւներ