Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Միա՛յն Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Ուղենիշներով

June 25, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահմանադրական ընթացակարգի պահանջած փուլը իրականացաւ, երբ տեղի ունեցան պարտադիր խորհրդակցութիւններ վարչապետի նշանակման օրակարգով: Միքաթիի վերանշանակումը սակայն փոխանակ նոր զսպանակում եւ նոր մեկնարկ ապահովելու տեղի տուաւ նոր անորոշութեան եւ նոր անհեռանկարայնութեան: Ոչ ոքի քուէարկող երեսփոխաններէն ոմանք իրենց հիմնաւորումներուն մէջ նշեցին կառավարութիւն չկարենալ կազմելու իրողութեան բարձր հաւանականութիւնը: Մինչդեռ նորընտիր խորհրդարանի եւ վերանշանակ վարչապետի ընթացակարգային փուլերու թեւակոխումը սկզբունքով նոր մեկնարկ ապահովելու նախադրեալները պէտք է ապահովէին:

Կը թուի, որ ընթացակարգային այս հունաւորումներուն վերջնագիծը չորս ամիս ետք տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւնն է: Քաղաքական շրջանակներ չեն վարանիր յայտարարելու, որ մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւն (ըսել կ՛ուզեն` գործող նախագահի պաշտօնաթողում), չի կազմուիր կառավարութիւն: Պատկերը, որ կ՛ուրուագծուի ընդհանուր առումով հետեւեալն է. խորհրդարանի ընդհանուր քաղաքական դիմագիծի պահպանում, խորհրդարանի նախագահի վերընտրութիւն եւ վարչապետի վերանշանակում: Հիմա թիրախը` հանրապետութեան նախագահի թեկնածուի անձն է: Յայտարարութիւններն ու անոնց ընկերակցող վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, որ հիմնականօրէն գոյանալիք համաձայնութիւնը նախագահի թեկնածուի անձին շուրջ պէտք է ըլլայ, ինչ որ կը բացակայի:

Մեծ հաշուով Միքաթիի վերանշանակումը առաջադրեցին շիի համայնքի գլխաւոր ուժերը. սիւննի երեսփոխանները կողմնորոշուեցան  երկու թեկնածուներու ուղղութեամբ: Տիւրզի խմբակցութիւնները` այլընտրանք ներկայանցող թեկնածուին: Քրիստոնեայ հիմնական երեք խմբակցութիւն կամ ոչ ոքի կամ այլընտրանքային թեկնածուին յայտնեցին իրենց համամտութիւնը: Մնացեալ քրիստոնեայ խմբակցութիւններէն (ըստ էութեան «ազգային անկախ համախմբում»-էն) ուշագրաւ էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի առաջադրումը վարչապետ Միքաթիի: Այս առաջադրանքը բնականաբար ունէր իր քաղաքական հիմնաւորումները, որոնք յայտարարուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչին կողմէ:

Այդ հիմնաւորումները կը պահեն քաղաքական ուղեգիծի հետեւողականութիւնը: Նախ կը նշուի սահմանադրական ժամկէտի յարգման հրամայականը, ապա կը շեշտուի իրավիճակի ահաւորութիւնն ու անհեռանկարայնութիւնը: Նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ միջազգային ընտանիքի զանազան կողմերու եւ կառոյցներու հետ սկսուած բարենորոգումներ նպատակադրող աշխատանքները շարունակելու հրամայականի ընդգծումով կ՛արձանագրուին նաեւ որոշ վերապահութիւններ տնտեսութեան վերականգնման ի խնդիր առնուած քայլերուն նկատմամբ:

Կը շարունակուի քաղաքական հիմնաւորումներու բաժինը մի՛շտ գերակայ նկատելով պետականամէտութիւնը: Այսպէ՛ս. պլոքը կը յիշեցնէ, որ նախապէս չէ առաջադրած Միքաթին, սակայն ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ չկան մրցակցային իրականութիւն եւ այլընտրանքի կարելիութիւն, պլոքը կը կեդրոնանայ գործող վարչապետի թեկնածութեան վրայ:

Բուն ուղերձը այս դիրքորոշումին յայտարարութեան վերջաբանն է` կայծակնային արագութեամբ կազմել կառավարութիւն, առանց պայմանային պարանաձգութիւններու: Վարչապետի առաջադրումը կը կապուի կառավարութեան կազմութեան անմիջականութեան եւ հրատապութեան:

Ահա՛ պետականամէտութեան փաստացի օրինակը: Հակառակ վերապահութիւններու աջակցիլ նշանակելիին. բայց մանաւանդ շարունակել ընթացակարգը, անյապաղ իրականացնելով յաջորդ փուլը` կառավարութեան կազմութիւնը: Այստեղ եւս կարմիր թելի նման կ՛անցնի հետեւողականութեան գիծը: Փրկութեան կառավարութեան տեսութիւնն է, որ կը վերարծարծուի եւ կը վերաշեշտուի այս ձեւով: Ընդգծուած է շտապողականութիւնը, որովհետեւ ծանր է վիճակը եւ չի  կրնար ապրիլ պայմանական մօտեցումներու կամ շահերու ապահովման նկրտումներու շռայլութիւնը:

Իսկ այս բոլորը կ՛ենթադրեն երկխօսութիւն, հարցերուն բացառապէս քաղաքական լուծում բերելու ելակէտի գերադասում եւ միջհամայնքային համախոհութիւն: Այս սկզբունքներն են, որոնք իբրեւ գերակայ ուղղութիւն միշտ առաջադրած է Հայկական երսփոխանական պլոքը:

Միայն այս սկզբունքներու հիման վրայ կիրարկելի ներլիբանանեան քաղաքական վարքագիծն է, որ կրնայ պլոքի բանաձեւումով «յոյսի նուազագոյն նշոյլը» վերածել ելքի,  պետական-հասարակական բնականոն կեանքի: Որոնց օդի եւ ջուրի նման պէտք ունին երկիրը, ժողովուրդն  ու պետութիւնը:

Նախորդը

«Դիմադրութիւն» Շարժման Բազմամարդ Հանրահաւաքը Եւ Քայլերթը

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդը Ուքրանիոյ Եւ Մոլտովային Շնորհած Է Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածուի Կարգավիճակ

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.