Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 6-րդ Կէտը Չէ Նախատեսած Տարածքներու Յանձնում

Յունիս 28, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պարզ դարձուց, որ Հայաստան-Արցախ կապող Լաչինի միջանցքի փոփոխութեան կը նախապատրաստուին կողմերը: Իր այս հաստատումը հիմնաւորելու համար ան յղում կատարեց 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ներառած համապատասխան կէտին` այլընտրանքային երթուղիի կառուցման համաձայնութեան: Ըստ իրեն, նոր կառուցուող երթուղային ճանապարհը պիտի ըլլայ աւելի յուսալի, եւ անիկա նպատակ ունի ամուր կապ, աւելի որակեալ ճանապարհ ապահովելը: Իբրեւ երաշխիք Փաշինեանը նշած է, որ ճանապարհային փոփոխութիւնը տեղի կ՛ունենայ միայն այն ատեն, երբ ռուս խաղաղապահները վերահսկողութիւն կը հաստատեն նոր երթուղիին վրայ:

Հիմա տեսնենք  9 նոյեմբերի յայտարարութեան համապատասխան կէտը.

6-րդ կէտ.

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կը վերադարձնէ Քելբաջարի շրջանը մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբերի 15-ը, իսկ Լաչինի շրջանը` մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբերի 1-ը: Լաչինի միջանցքը (5 քմ լայնութեամբ), որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, ընդ որում շրջանցելով Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ:

«Կողմերուն համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը վերատեղակայուի` այդ երթուղին պաշտպանելու համար:

«Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով»:

Այստեղ փաստօրէն կը խօսուի նոր երթուղիի մասին.

նշում չկայ ներկայ միջանցքը չգործարկելու եւ աւելին` Բերձորը յանձնելու մասին: Բերձորի կամ ԼՂԻՄ-եան տարածքներէն դուրս գտնուող տարածքներու յանձնման մասին ակնարկ կայ «մենք այս ընթացքին երթուղիի փոփոխութեան շուրջ քննարկում ունեցած ենք Ռուսիոյ մեր գործընկերներուն հետ» յայտարարութեամբ:

Այս ծրագիրի իրականացման համար կայ ազրպէյճանական շտապողականութիւն: Արագացուած կարգով կը շարունակուի Լաչինը շրջանցող 32 քիլոմեթրնոց ճանապարհի շինարարութիւնը. Հայաստանը Արցախին կապող ու Լաչինի միջանցքը փոխարինող նոր ճանապարհը Սիւնիքի Տեղ, Կոռնիձոր գիւղերով կը մտնէ Արցախ` Բերդաձորի ենթաշրջանի Հին Շէն, Մեծ Շէն գիւղերով: Նոր երթուղիի հայկական հատուածին վրայ տակաւին աշխատանքներ չեն նշմարուիր: Կը թուի, որ Փաշինեան այս յայտարարութեամբ այդ աշխատանքներու մեկնարկը յայտարարեց, նկատի ունենալով համաձայնութեան մէջ նշուած ժամկէտը` երեք տարի:

Անկախ անկէ, որ Բերձորի կամ արտալղիմեան տարածքներու յանձնման մասին որեւէ համաձայնութիւն չկայ, արդարացման համար յղում կը կատարուի 9 նոյեմբերի յայտարարութեան: Պարտուած կողմին պարտադրուող միակողմանի զիջումներու տրամաբանութեան մէջ կ՛ընկալուի այս յանձնուողականութիւնը:

Այնուամենայնիւ նոր երթուղիի հայկական հատուածին աշխատանքները կը սկսին ռուսական կանաչ լոյսով: Մեծ խաղը «միջանցք միջանցքի դիմաց» կանոնին կը վերաբերի: Ազրպէյճանը նոր երթուղիի տրամադրումով պիտի ստանձնէ Սիւնիքի կապը: Առաջին հայեացքով երկուքն ալ ռուսական վերահսկողութեամբ: Երկուքն ալ սակայն խառն բաժին ունին: Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապի պարագային 9-րդ կէտը կը նշէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ փոխադրական կապերու անվտանգութիւնը: Իսկ 6-րդը` Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը

կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով:

Աւելիով համոզիչ կը դառնայ, որ պարտուած կողմը ներկայացնողները պէտք չէ շարունակէին բանակցութիւնները: Առնուազն կարենալ ըսելու համար, որ կարեի չէ անցնիլ համաձայնութեան այլ կէտերու, այնքան ատեն որ`

Ա.- Փառուխի նախկին կարգավիճակը չէ վերականգնած,

Բ.- Ազրպէյճանական զօրքերը չեն քաշուած Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն,

Գ.- Ռազմագերիները, պահուող անձերն ու աճիւնները չեն յանձնուած հայկական կողմին,

Դ.- Տուժածներն ու գաղթականները չեն վերադարձած իրենց բնօրրանը:

Ե.- Նոր երթուղին չ՛ենթադրեր նոր տարածքներու յանձնում:

Թէ՛ Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապին եւ թէ՛  նոր երթուղիին բացման համար տեսանելի է ազրպէյճանական շտապողականութիւնը: Լաչինի նորացուած միջանցք` Զանգեզուրեան միջանցքի դիմաց. ա՛յս է Պաքուի բանաձեւը: Գործընթացը կրնայ դանդաղիլ, առկախուիլ կամ արագանալ: Լաչինի նոր երթուղին կամ Նախիջեւան-Ազրպէյճան ճանապարհը համաձայնեցուած են ռուսական միջնորդութեամբ:

«Ա.»

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ահաւոր Սով Ու Ժանտախտ Եւ Արցախցիներու Զանգուածային Գաղթ Դէպի Վրաստան

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?