Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Նորընտիր Խորհրդարանը` Նոր Ոդիսականի Շեմին

Մայիս 19, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարագոյրը իջաւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ: Պաշտօնական արդիւնքները հրապարակուած են արդէն եւ խորհրդարանի համապատկերը պարզուած: Պարզ չեն սակայն ներխորհրդարանական հետագայ յարաբերակցութիւնները, գոյանալիք համաձայնութիւնները կամ յառաջանալիք բաժանումները: Արտաքին ներշնչանքներ, ուղեկցուած` ներքին ձայներով, իրենց առարկայացումը որոշ առումով արձանագրած են: Դասական դէմքեր հեռացած են խորհրդարանէն  եւ նորեր ներառուած: Նորերը «անկախ» կամ «քաղաքացիական շարժման ներկայացուցիչ» դասակարգումին տակ կու գան գրաւելու խորհրդարանական սահմանափակ թիւով աթոռներ:

Քարոզչաքաղաքական մեկնաբանութիւնները առատ են: Կողմեր պաշտօնապէս կը յայտարարեն, որ պիտի ձեռնարկեն արմատական փոփոխութիւններու, սկսած խորհրդարանի նախագահի անձէն մինչեւ կառավարութեան հիմնական նոր ուղղութիւն ճշդող ծրագիրի որդեգրում: Նոյն դրդապատճառներէն մեկնած, կը բարձրաձայնուի նորահաստատ խորհրդարանական մեծամասնութեան մասին, որ պիտի ձեռնարկէ «ապագաղութայնացման» օրէնսդիր շարժումի. յստակ է ակնարկութիւնը` Իրանի ազդեցութեան չէզոքացման առումով:

Հազիւ ընտրուած խորհրդարանը, նման ոգեւորութեան շտապողականութեամբ միտքեր շրջանառութեան մէջ կը դրուին, փոփոխութեան մեկնարկի ազդանշանը տարածելով:

Իրադրութիւնները այնքան ալ պարզունակ չեն անշուշտ: Տակաւին յստակ չէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ձեւաւորուի մեծամասնութիւնը. նոյնքան հարցական է կատարուելիք փոփոխութիւններու ընթացքն ու ճակատագիրը: Բեւեռացումը առկայ է ընդհանուր գիծերու մէջ, եւ չեն բացառուիր  յառաջիկայ ցնցումները: Կան ճեղքումներ տարբեր համայնքներու շրջանակներուն մէջ, ինչ որ ակնկալելի էր տարիներու վրայ երկարող  եւ այս երկրին նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութեան դիմաց:

Նկատենք, որ գործող կառավարութեան յատկացուեցաւ պիւտճէ` կարենալ կազմակերպելու համար խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց ճշդուած ժամկէտին իրականացումը համընդհանուր պահանջ էր: Այն պետութիւնները, որոնք կը մերժէին օժանդակել Լիբանանին, աւելի՛ն` ֆինանսական պաշարման ենթարկած էին Լիբանանը, այս պարագային  գումար չէին զլանար ընտրութիւնները կազմակերպելու համար: Կար առաջադրանք խորհրդարանի համապատկերի փոփոխութեան ձեռնարկելու:

Յետահայեաց դիտարկում պէտք է կատարել ընտրական ներկայ օրէնքի  որդեգրման  հանգամանքներուն: Կը թուի, որ հիմա բոլորը համոզուած են, որ օրէնքը` համամասնականի, վարկանշայինի եւ համայնքայինի ներառումով, հարուածած է համայնքային ներկայացուածութիւնը: Համահունչ է ուրեմն ընդհանուր առաջադրանքին` համայնքային համակարգէն քաղաքացիական պետութեան անցումին:

Խնդիրը սակայն միայն խորհրդարանի կամ աւելի մեծ հաշուով պետութեան ապահամայնքայնացումին չի վերաբերիր: Խնդիրը ուղղակի ժողովրդավարութեան եւ ժողովուրդի կամքին հետ աղերսուած է սերտօրէն: Անկախ համայնքապատկան քուէներէ, երբ մեծ հաւանականութիւն կը ստեղծուի, որ հազիւ քանի մը հարիւր քուէ ստացածը անցնի խորհրդարան, դուրս ձգելով բազմահազար քուէ ստացած թեկնածուն, ապա ուրեմն երեւոյթը ուղղակի անարդար ընտրութեան իրողութիւն կը ստեղծէ: Պատահական չէ ուրեմն գործող օրէնքի որդեգրումը, կամ որդեգրել տալու օրուան քաղաքականութիւնը:

Թուաբանական հաշուարկն ու անոր վրայ հիմնուած հետագայ վերլուծումները պիտի շարունակուին: Իբրեւ ընդհանուր քաղաքական ուղղութիւն արդէն կը խօսուի Իրանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ունեցած խորհրդարանական խմբակցութիւններուն մասին: Աւելիով կը վերաշեշտուի, որ նոր ոդիսական մը կը սպասէ Լիբանանին, որ պիտի ապրի իր ելեւէջները համընթաց շահագրգռուած պետութիւններու միջեւ ընթացող բարելաւման կամ լարման յարաբերութիւններուն:

Խորհրդարանի ապահամայնքայնացում ընդհանուր առումով չէ իրականացած: Ճեղքում կատարուած է նեղ դռներէ եւ աւելի դժուարացած խորհրդարանական մեծամասնութեամբ որոշումներ կայացնելու գործընթացը:

Եւրոպական Միութեան դէտերը կը խօսին օգտագործուած ընտրակաշառքի ծաւալին ունեցած ազդեցութեան մասին, իսկ լիբանանեան համապատասխան միութեան տեղեկագիրը կը շեշտէ ընտրախախտումները:

Այս գնահատականները երկրորդական նշանակութիւն կրնան ունենալ, երբ քաղաքական  գնահատականներ հնչեն առնչուած պետութիւններէն եւ միջազգային ընտանիքէն:

Նոր խորհրդարանը ըստ էութեան հրամայականի առջեւ է հակաճգնաժամային օրէնքներ ընդունելու եւ կազմուելիք կառավարութեան  բարենորոգումներու ծրագիրին համար նոր հիմնադրոյթներ բանաձեւելու: Այս ուղղութիւնները սակայն առաջադրանքի սահմաններուն մէջ են: Անոնց գործադրելիութիւնը քաղաքական նոր յորձանուտներէ անցնելու իրականութեան դիմաց է:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կառոյցն Ու Ուղեկից Միութիւնները Յուշագիրով Մը Կը Պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը

Յաջորդը

Էրտողան ՕԹԱՆ-էն Կը Պահանջէ Յարգել Թուրքիոյ Ազգային Շահերը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?