Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Արեւելեան Միջերկրականն Ու Աշխարհաքաղաքական Գործընթացները

June 20, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային, տարածաշրջանային եւ լիբանանեան իրադարձութիւններու քաղաքական ընթերցումը որոշ զուգահեռներ եւ կապեր կը նկատէ տարբեր մակարդակներու վրայ:

Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու թուականի ճշդումը  այս պարագային պարզ սահմանադրական ընթացակարգի յարգումի փուլ չէ: Կը թուի, որ համոզիչ է գործող վարչապետին նշանակումը: Այս ինքնին կ՛ենթադրէ ո՛չ միայն համալիբանանեան ընդհանուր համախոհութիւն, այլ նաեւ առնչուած պետութիւններու  ընդհանուր համաձայնութիւն վարչապետի անձին շուրջ: Վարչապետին հիմնական գործառոյթն ու առաքելութիւնը ուրեմն լիբանանեան նաւը ո՛չ միայն խորհրդարանական ընտրութիւններու նաւահանգիստ հասցնելն էր, այլ նոր նաւարկումի համար նոր կառավարական անձնակազմով ուղեւորութեան մը պատասխանատուութիւնը ստանձնելը:

Համեմատական այս կայունութեան կամ վարչապետի անձին շուրջ ընդհանուր համաձայնութեան երեւոյթին զուգահեռ կայ աշխուժութիւն` ծովային սահմանազատման գործընթացին թափ հաղորդելու: Ամերիկեան միջնորդութեամբ, մագոգային հանդիպումներով, Պէյրութի եւ Թէլ Աւիւի միջեւ առաջարկներու փոխանակման առաքելութիւնը ստանձնելով Ուաշինկթընը պարզ կը դարձնէ, որ հետամուտ է այս խնդիրի եթէ ոչ անմիջական լուծման, այնուամենայնիւ բանակցային գործընթացը աշխատեցնելուն:

Գնդակը իսրայէլեան դաշտին մէջ կը գտնուի այս առումով: Պաշտօնական Պէյրութը իր փոխզիջողական առաջարկը կատարած է, եւ Թել Աւիւէն կը սպասուի պատասխան: Բնականաբար այդ պատասխանը միայն չափաբաժինի իրաւունքի ճշդումին չի վերաբերիր եւ կը տարածուի տարածաշրջանին վրայ: Երաշխիքներ` Իրանէն հիւլէական սպառնալիքները չէզոքացնելու, ինչ որ ուղղակիօրէն կը կապուի Ուաշինկթըն-Թեհրան  միջուկային բանակցութիւններուն: Այդ մասին համեմատաբար լաւատեսական յայտարարութիւններ կը հնչեն` արդիւնաւորման եւ կարեւոր քայլերով առաջ երթալու առումով:

Գործընթացի արագացումը ունի նաեւ քաղաքական այլ շարժառիթ: Ուքրանիոյ պատերազմին իբրեւ հետեւանք Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներէն ամէնէն ցաւոտն ու ազդեցիկը կազի դէպի Եւրոպա արտահանման կասեցումը կրնայ ըլլալ: Մինչ այժմ Եւրոպան կը շարունակէ կազի վաճառքը Ռուսիայէն: Հիմա պէտք են այլընտրանքային շուկաներ, որոնցմէ մէկը Արեւելեան Միջերկրականն է: Արեւելեան Միջերկրականէն կազի արտահանումը տեսականօրէն կը հարուածէ ռուսական ուժանիւթային արդիւնաբերութիւնը` կարեւոր այլընտրանք հանդիսանալով:

Բայց այսքան պարզ չէ այս վարկածին իրականացումը: Ռուսիան ներկայ է Արեւելեան Միջերկրականին մէջ, յատկապէս սուրիական ծովուն տիրապետումով եւ բնականաբար մասնաբաժին պահանջելու առումով համասեփականատէր է Միջերկրականի ընդծովեայ ուժանիւթի թէ՛ պեղման, թէ՛ հորատման եւ թէ՛ շահարկման գործարքներուն:

Իրանեան գործօնի ներկայութեան եւ Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններուն ունենալիք ազդեցութեան նկատառման համար կարեւոր հիմնաւորում է ֆրանսական դիւանագիտութեան մէկ աղբիւրին հրապարակած տեղեկութիւնը, թէ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները կը հանդիպին Հըզպալլայի պատասխանատուներուն հետ եւ թէ` Հըզպալլան  ներկայ է ծովային սահմանագծման բանակցութիւններուն:

Որեւէ հակամարտութեան պարագային բանակցային կարեւոր փուլի նախօրեակին կը սաստկանան ռազմական գործողութիւնները. գործնական այս համատարած օրինակը կը մեկնաբանուի բանակցային դիրքերը վերաամրացնելու շարժառիթով: Լիբանանի նկատմամբ քանդիչ պատերազմ խոստանալէ ետք Թել Աւիւ կը ռմբակոծէ Կազան:

Մինչ, Լիբանանը, տարածաշրջանն ու միջազգային հանրութիւնը կը սպասեն ծովային սահմանագծման առումով Իսրայէլի պատասխանին:

«Ա.»

Նախորդը

«Դիմադրութիւն» Շարժման Բազմամարդ Համապետական Հանրահաւաքը Եւ Քայլերթը

Յաջորդը

«Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը 22 Յունիսին Պիտի Այցելէ Թուրքիա» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.