Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Զուգընթաց Առաջադրել Ազգայինն Ու Ընկերայինը (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Ապրիլ 30, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիսմէկեան սկզբունքներու, գաղափարներու եւ առաջադրանքներու ձեւախեղման գործընթացներու ականատես կը դառնանք աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ:

Թէեւ ընկերվարութեան դասական երեւոյթները` գաղափարաբանութիւն, կառոյց, կազմակերպութիւն հսկայական քայլերով նահանջ կ՛արձանագրեն, այդուհանդերձ գաղափարները կը վերափաթեթաւորուին եւ գաղափարաբանական պատկանելիութեան շրջանցումով շրջանառութեան մէջ կը դրուին ծայրայեղօրէն քաղաքականացուած մօտեցումներով:

Հայաստանի մէջ իրավիճակ փոխելու համար առաջ մղուեցան եւ լայն շրջանառութեան մէջ դրուեցան թալանը, փտածութիւնը, կողոպուտը, հարստապետութիւնը, շահագործումը: Երբ անարդար են պետական եւ հասարակական կարգերը, նման կարգախօսներ շատ արագ կը ժողովրդականանան: Ժողովրդականացման կը յաջորդեն փոփոխութեան պահանջը, ընտրարշաւը, խոստումները, ընտրութիւններն ու վարչակարգային փոփոխութիւնը:

Իրավիճակ կը փոխուի՞, թէ՞ իշխանութիւն կը փոխուի այդ բոլորէն ետք: Կը սկսի արուեստական հակասութիւններու ստեղծում ազգայինի եւ քաղաքացիականի, ազգայինի եւ համամարդկայինի, ազգայինի եւ ընկերայինի միջեւ: Հակասութիւնը այլ տեղ ուրիշ կերպարանք կը ստանայ եւ  կը վերածուի խաղաղասէրի եւ ռազմատենչի, խաղաղութեան եւ պատերազմի, գործնապաշտի եւ առաւելապաշտի, կամ ազգայինի եւ կենսոլորտայինի, ազգայինի եւ փոքրամասնական իրաւունքներու, ազգայինի եւ սեռային պատկանելիութեան իրաւունքներու կամ ընդհանրապէս մարդու իրաւունքներու բաժանարարութեան:

Ընկերային հարցերը ազգայինէն տարանջատելու եւ նոյնիսկ հակադրելու այս կեղծ վարքագիծը կը թուի, որ համաշխարհային խաղ է, որուն մէջ կը ներքաշուին կողմերը:

Մայիս 1-ը հետզհետէ կը գունաթափուի, իր մարմնաւորած գաղափարաբանութիւնը ժամանակավրէպ կը նկատուի, այդ գաղափարաբանութիւնը կրող կազմակերպութիւնները քաղաքական դաշտին մէջ կ՛արձանագրեն նօսրացումի միտումներ, այդուհանդերձ անոնց կարգախօսները, դաւանած արժէքները ձեւախեղուած տեսքով աշխուժօրէն շրջանառութեան մէջ կը դրուին եւ կը զանգուածայնանան:

Այստեղ Լիբանանի մէջ, վերը նշուած տարանջատումներուն կու գայ աւելնալու համայնքայինին դիմաց քաղաքացիականը, դասական կուսակցութիւններու դիմաց ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը, պետական գործիչին դիմաց քաղաքացիական գործիչը (աքթիվիստը): Արհեստակցական միութիւնները (սենտիքաները) կը փոխարինուին մարդու իրաւանց ոչ կառավարականներով` այստեղ եւս կառոյցը հնամաշ ներկայացնելով եւ գաղափարը վերավաճառանշելով (ռիպրենտինկ):

Մինչ բանուորները, աշխատաւորները, պաշտօնեաները  օրէ օր աւելիով իրենց մաշկին վրայ կը զգան գործազրկութիւնը, աշխատավարձի կտրուկ արժեզրկումը, սղաճը, տարրական-կենսական նիւթեր ապահովելու դժուարութիւնը, դեղորայքէ եւ հիւանդանոցային խնամքէ զրկուելու մտավախութիւնը:

Կը տարուի յստակ քաղաքականութիւն հանրութիւնը համոզելու, որ այս բոլորին պատճառը գործող վարչակարգն է, որ իր քաղաքական արեւելումներուն թէ ապաշնորհ կառավարմամբ ստեղծած է քաղաքացիի ցնցոտիացումի այսօրուան համաժողովրդային պատկերը:

Մայիս 1-ի դաւանած արժէքային համակարգի ընկերային արդարութենէն, աշխատաւորի իրաւունքէն անցումը զուտ քաղաքական դաշտ այսօր կիրարկուող նորաձեւ գործընթաց է:

Հիմա խնդիրը մեզի համար համայնքային ու քաղաքացիականը կամ աւելի ընդհանուր ընկալմամբ ազգայինն ու ընկերային արդարութիւնը հակադրութեան փորձերէ հեռու համատեղելն է ու զուգընթաց առաջադրելը: Ինչ որ հիմնադրոյթներէն մէկն է ՀՅԴ Ծրագիրին:

Նախորդը

Բողոքի Ցոյցեր Երեւանի Եւ Գիւմրիի Մէջ

Յաջորդը

Էրտողան Դռնփակ Հանդիպում Ունեցաւ Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 27, 2025
Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?