ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Համազգային ընկերակցութեան «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, ներկայացուց Ժ. Մարթինեզի «Վտանգաւոր, բայց… կայուն» կատակերգութիւնը (1): Դիտած եմ երկրորդ ելոյթը:
Թատերասրահի վերաբացումը յոյժ ողջունելի է: Երկու կարծիք չկայ այս մասին: Թատրերգութեան ընտրութիւնը դժուար որոշում էր: Երկու կարծիք չկայ այս մասին եւս: Ներկայ պայմաններուն տակ իրապաշտ չէ «կոթողային» ելոյթ ակնկալել: Երկու կարծիք չկայ …
Թատրոնի մարդիկ կ՛ակնկալեն, որ ելոյթը արձագանգ ունենայ: «Վանայ ձայն»-էն ունեցած զրոյցին ընթացքին բեմադրիչը նշեց այդ: Բարի՛: Այժմ`
Հեղինակը.- Ինչպէս ելոյթի թերթիկը կը նշէ, սպանական ծագումով Ժան Փիեր Մարթինեզ յոյժ բեղուն հեղինակ մըն է: Անոր քանի մը տասնեակ կատակերգութիւնները կը բեմադրուին միջին հաշուով տարեկան 350 անգամ (2): Այս առումով, գերազանցած է անգլիացի հայր ու որդի Գունիները (3): Թերթիկը կը նշէ նաեւ, որ նախքան յաջող բեմագիր-թատերագիր դառնալը` Մարթինեզ անցած է գունագեղ ոդիսականէ մը: Այդ դարդարձիկ շրջագայութեան շնորհիւ` ան ծանօթացած է բազմաթիւ մարդոց, միջավայրերու, գործելակերպի եւ, շնորհիւ այդ փորձառութեան, կարողացած է յօրինել այդքան մեծ թիւով կերպարներ եւ կացութիւններ:
Հեղինակին գործը աւելի լաւ հասկնալու համար կարդացի այլ բնագիր մը եւս` «Անհետեւանք փոքրիկ սպանութիւն մը» (Un petit meurtre sans consռquence): Այդտեղ կային ակնբախ նմանութիւններ: Նախ` այն, որ հեղինակը կը սիրէ հանդիսատեսին թելադրել (ոչ ցոյց տալ) ծայրայեղ հիւանդագին (morbid) պատկերներ: Պատրիկի ջարդուած դէմքին եւ դդմաճի նման տարտղնուած ուղեղին փոխարէն` այդտեղ կը թելադրուի, որ գոյ է ոմն Պատրիկի (այո՛, կրկին Patrick) այլանդակուած եւ յօշուած դիակը, պահուած այս անգամ ոչ թէ սաւանի տակ, այլ կողքի խոհանոցի սառնարանին մէջ: Յիշենք, որ բժիշկ Մալեր առաջարկեց թափառաշրջիկի անզգայ մարմինը պահել խոհանոցի սառնարանին մէջ: Աւելի՛ն. հանդիսատեսին պահ մը կը թելադրուի, որ դերակատարներու ախորժակով կերած «հեմպըրկըր»-ը պատրաստուած է սպաննուած Պատրիկի միսով: Սեւ հումոր: Միտք բանին մահուան հանդէպ առանց ակնածանք վերաբերմունք ցուցաբերել է: «Մահը չի՛ սրբացներ անձ մը» (դերակատարի մը բերնով), կ՛ըսէ Մարթինեզ, բացի երբ այդ անձը Հռոմի պապն է: Ի դէպ հեղինակը 67 տարեկան է, շատ աւելի մօտ իր շիրիմին, քան` իր օրօրոցին: Թերեւս մահուան ճնշող խոհը եւ ահը (ներառեալ իր) կը փորձէ յաղթահարել հեգնանքով: Թատրերգութեան առերեւոյթ կեդրոնական հարցն է կապուա՞ծ ձգել «Պատրիկ»-ը կենդանի պահող սարքերը, թէ՞ գործադրել բերկրամահ (Euthanasia) (4): Երբ բառը առաջին անգամ կ՛արտասանուի, հեղինակը կը շտապէ խցկել անզգամ ոչ սրամիտ հնչիւնախաղ մը` Euthanasie – Eutha-Nazi (5,6): Բերկրամահը եւ նացիզմը Ֆրանսական որոշ շրջանակներու մէջ կրնան «սալոնային» խօսակցական նիւթ ըլլալ, բայց այստեղ բնաւ այդպէս չէ: Մարդկային կեանքը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ թէ՛ Պատրիկի հարազատներուն եւ թէ՛ հիւանդանոցի «հիփոքրաթական» երդում տուած անձնակազմին համար:
«Վտանգաւորի» քայքայուած ընտանիքի փոխարէն` այդ գործին մէջ կը տեսնենք ամուսնական երկկողմանի դաւաճանութիւն: Երկու մօտիկ ընկերներ ամուսնացած են երկու մօտիկ ընկերուհիներու հետ եւ, այո՛, տեղի կ՛ունենան խաչաձեւ, «անհետեւանք» անկողնակցութիւններ: Պարզ է, որ հեղինակը կը ձաղկէ երբեմնի նուիրական հաստատութիւնները, ինչպէս` ամուսնութիւն եւ ընտանիք: Ակնյայտօրէն կը ձաղկէ նաեւ հանդիսաւոր պահերու մէջ գտնուող մարդոց կեղծիքը, բարոյապէս «ճիշդ» կեցուածք ցուցաբերելու ճիգը:
Ձախողութեան վախը, որ թերեւս խարանուած ժառանգն է հեղինակի թափառաշրջիկ անցեալին, կը թուի ըլլալ մնայուն բներգ: Ընտանիքի միւս անդամներու կողմէ արհամարհուած ոչ յաջողակ Պատրիկին փոխարէն` այստեղ կը տեսնենք թատերագիր մը, որ արտադրած է ոչ յաջողակ գործ (7): Ելոյթի ընթացքին առնուազն երեք անգամ հեգնանքով կը յիշեցուի այդ մասին:
Մարթինեզ կը խուսափի մտաւորական ենթահող պահանջող բառախաղերէ, հաւանաբար որովհետեւ կը գրէ թարգմանուելու համար անգլերէնի, սպաներէնի եւ այլ լայն տարածում ունեցող լեզուներու: Որոշ մշակոյթի մը բառապաշարին յենած բառախաղեր թարգմանել գրեթէ անկարելի է:
Բեմայարդարում.- Հիւանդանոցի մը համեստ սենեակին ոչ հարազատօրէն աւեցուած էին «զարդարանք-յարդարանք» կահ-կարասի (փոքրիկ հիւրատեղի մը) եւ դուռ մը: Ինչպէս գծանկարը ցոյց կու տայ, յաւելումը բեմին վրայ կարելի երթուղիներու թիւը աւելի քան կ՛եռապատկէ (8): Բազմոցի յաւելումը կարելի կը դարձնէ նաեւ գիրկընդխառնումի դրուագը, որ ինքնին յաւելում մըն է: Այլ ելոյթներու մէջ մահճակալը շրջուած է, որպէսզի սրահէն թաքցնէ կեղծ մարմինը: Ակներեւ բացայայտ տիկնիկը յարիր է անհեթեթին:
Մեկնաբանական.- Հեղինակը աճպարար մըն է, որ կը ձեռնածէ հանդիսատեսին երեւակայութիւնը` անոր թելադրելով պատիր պատկերներ եւ կացութիւններ, որոնք ծայրայեղօրէն հիւանդագին են: Այլ խօսքով, հեղինակի թատերական խաղը մտային է, հիմնուած` խօսքի՛ վրայ: Մարթինեզ ցոյց չի տար արտաքնապէս արտառոց պատկերներ, ընդհակառակն: Ինծի ծանօթ երկու գործերու քաղքենի կերպարները կը ջանան բարեկիրթ, զուսպ, «քոռեքթ» երեւալ:
Ելոյթին մէջ այդ շրջուած էր, շեշտը դրուած` արտաքինին, տեսանելիին վրայ: Ինչպէս նշեցի, բեմայարդարումի յաւելումները այդ ուղղութեամբ կատարուած էին: Երթեւեկի կողքին, ուռճացուած էին նաեւ չափազանցուած շարժուձեւերը: Պատճառը թերեւս այն է, թէ բեմադրիչը չէր ակնկալեր, որ տեղացի հանդիսատեսը պիտի ընկալէ ֆրանսական միջին դասի ոչ երկնաւոր մշակոյթի տասնաբանեան եւ տուայտանքները: Թերեւս գործը բաւարար աստիճանի համամարդկային, հասկնալի եւ «դիւրամարս» չէ նկատուած: Խօսքի սեւ հումորը փոխարինուած է ծիծաղելի շարժուձեւերով, «թամաշայով»: Արագացուած էր կշռոյթը, որովհետեւ իմաստ չունի հանդիսատեսին ժամանակ տալ, որ ընկալէ իր կողմէ անիմանալի երկխօսութիւնը: Բնագիրին մէջ կան բացայայտօրէն նշուած դիտաւորեալ դադարներ, որոնց ընթացքին հեղինակը առիթ կու տայ, որ հանդիսատեսին երեւակայութիւնը լեցնէ դիտաւորեալ բացը` ենթադրեալ պատկերներով:
Ընկերային «կսմիթ» (ոչ ասք) կարելի է համարել այն բներգը, որ յաջողութիւնը կու գայ խաբէութեան միջոցով: Պատրիկին յաջող եղբայրը, որ «լուր» օրերուն իսկ ման կու գայ շողշողուն բաճկոնով (ծիծաղաշա՞րժ) եւ տօնական փողկապով, կը զբաղի «ֆինանս»-ով, որ կազմակերպուած կողոպուտ է: Արհամարհուած Պատրիկ կը յաջողի յարգելի դառնալ այն ատեն միայն, երբ խաբէութեամբ կը կողոպտէ օրինականացուած աւազակներու ֆինանսական հաստատութեան մաս կազմող դրամատուն մը: Բժիշկը պիտի կարենայ յաջող հարուստները բարեձեւելու իր երազանքը իրականացնել կրկին խաբէութեան ե … մարդասպանութեան շնորհիւ: Կը լսենք ի միջ այլոց, որ ժառանգ ձգուած գումարները ընդհանրապէս «աղտոտ» դրամ են: Բարի՛:
Կատարողական.- Որմազդը յարիր է ելոյթի բնոյթին: Նախընտրելի էր սակայն, որ ըլլար աւելի սակաւախօս եւ գեղարուեստական:
Բացման եւ փակման ուրախ, պարային երաժշտութիւնը յիշել կու տար «Քորոնա»-ի ընթացքին կազմուած պարող դագաղակիրները: Այդ եւս յարիր է թատրերգութեան սեւ հումորին: Չէ՞ որ այստեղ եւս իր կարգավիճակը փոխել փորձած տարաբախտ Պատրիկը անդէնական ուղարկեցինք զուարթ ծիծաղով:
Դերակատարները առաւելագոյնս տուին այն, ինչ պահանջուած էր իրենցմէ, ծայրայեղ արուեստակութիւն (mannerism), անհեթեթ շարժուձեւեր եւ տուրուդմփոց, որ յիշել կու տայ երբեմնի «Քոմետիա ելլարթէ»-ն: Երկճիւղ «սլափսթիք»-ը փոխարինուած էր բազմաճիւղ հովահարով:
Ուրախալի է, որ երեք նոր դէմքերը ունին բեմական ներկայութիւն, ի հարկէ` տարբեր տարողութիւններով: Շատ բարի: Երեքը ունին հումորի զգացում, եւ երեքը կարողացան պահել արագ կշռոյթ: Շա՛տ բարի: Բեմական ձայնը կրնայ գոյանալ ժամանակի ընթացքին, փորձառութեամբ: Բարի՛: Համեմատաբար փորձառու թէ նոր դերակատարներէն ոչ մէկը, սակայն, արտաբերեց կուռ, ինքնա-ներդաշնակ (self-consistent) կերպար: Այդ կը պահանջէր լուրջ ուսումնասիրութիւն եւ տքնաջան աշխատանք: Կերպարներ ձեւաւորելու չ՛օգներ բնագիրը, որ աւելի նման է սքեչի, քան` լիարիւն թատրերգութեան: Կ՛իմանանք, որ կեղծիքն ու նիւթապաշտութիւնը յոռի յատկութիւններ են, ո՜վ յայտնութիւն:
Վաւաշոտ բուժքոյրի կերպարը պատրաստ կարծրատիպ մըն է: Բայց այս պարագային կար հարց: Արդեօք գո՞հ էր, թէ՞ դժգոհ իր արտաքինէն: Բացման տեսարանին մէջ կը լսենք, որ ան կ՛ակնկալէ կուրծքերու եւ գեղագիտական գործողութիւն: Եթէ այդպէս է, ապա ինչո՞ւ յանկարծ կը փորձէ կրծքաբաց գայթակղեցնել տարեց բժիշկը:
Քննիչ Մկրտիչը հաւաքածոյ մըն էր փոխ առնուած ծանօթ յաջող կարծրատիպ կերպարներէ: Փիթըր Սելլըրզի Քլուզոյէն առնուած էին հագուկապը, կեղծ սեւ պեխերը, խոշորացոյցը, ձախաւեր շարժումներն ու քարաթէի անտեղի հարուածը: Միամիտ շարժուձեւերը, որոնք համատեղելի չեն Քլուզոյի յոխորտ, ծայրայեղօրէն ինքնավստահ կեցուածքին, կը պատկանին Փիթըր Ֆոքի` Քոլումպոյին, որ այդ հնարքով ինքնավստահութիւն կը ներշնչէր իր հարցաքննած անձերուն: Քննիչի անունը եւ կարգ մը շարժուձեւեր թերեւս ուղղուած էին «պուրճհամուտացման»: Նման խառնուրդ մը կարելի չէ կերպար համարել: Արդար ըլլալու համար հարկ է յիշել, որ քննիչին դերը փոքր է: Փոքր է նաեւ բժիշկին դերը: Հեղինակը նշած է, որ կարելի է երկու դերերը յանձնել նո՛յն դերակատարին: Նախընտրելի է նոյնիսկ, որ հանդիսատեսը նկատէ այդ: Կացութիւնը ձեւով մը հեռաւոր, ձեւական ծաղրը (parody) պիտի ըլլար հանրայայտ հայրասպան Էտիփոս արքային, որ յամառօրէն ոճրագործը կը փնտռէր:
Բնագիրին մէջ մեղսակիցի դերը նոյնպէս սահմանափակ է: Հակառակ Նարէ Քիւրքճեանի շնորհին եւ գնահատելի ջանքին` կերպարը մնաց մէկ տարածաչափային: Դալար Արսլանեան ունի ֆիզիքական կերպընկալութիւն: Անի Պարիկեան արտաբերեց նուրբ զգայնութիւն: Շա՛տ բարի: Աւելի իմաստալից դերեր կը մաղթեմ հին թէ նոր բոլոր դերակատարներուն:
Բացի բժիշկ-բուժքոյր զոյգէն` կերպարները մտերիմներ չեն, ընդհակառա՛կն, անոնք չեն հանդիպած նոյնիսկ իրենց հօր թաղումին: Ոչ մտերիմներու միջեւ քաշքշուք եւ ձեռքի կատակներ աներեւակայելի են, առաւել եւս` Արեւմուտքի մէջ, առաւել եւս` հաշմուած հարազատի մը մարմնի կողքին:
Դերակատարները կը ջանային ենթադրաբար ծիծաղաշարժ, կարծրատիպ, դիւրին ճանաչելի շարժուձեւեր կատարել, ինչպէս` ծամածուռ, անտեղի վախ կամ զզուանք (տես լուսանկարները): Ոչ բարի: Իմ ներկայ եղած ելոյթին ընթացքին սրահը երբեք չթնդաց այն հաւաքական խնդուքով, որ կը միաւորէ ներկաները: Իսկական հումորը կը ստեղծուի, երբ մեր ուղեղին ներկայացուի անսպասելի յայտնութիւն մը, մեր ուշադրութենէն վրիպած յարաբերութիւն մը: Թատրերգութեան մէջ, սակայն, նման անակնկալներ չկային:
Ելոյթի մէջ կային նաեւ պատկերներ, որոնք կարելի է իմաստալի հնարք համարել: Վերի «արձանախումբ»-ին մէջ երեք խաբուած անձերը խմբաւորուած են, իսկ խաբկանքի հեղինակը հեգնանքով զիրենք կը դիտէ: Շա՛տ բարի: Քննիչը եւ բուժքոյրը բոլորովին անտեղի կը մագլցին մահճակալի մը վրայ, ուր սպիտակ սաւանով պատանքուած մարմին մը մահաքունի (քոմա) մէջ է: Այդ յարիր է հեղինակի սեւ հումորին, մահուան հանդէպ ոչ ակնածալի կեցուածք որդեգրելու ասքին: Բարի՛:
Աւարտական տեսարանը նոյնպէս սեւ հումոր է: Մութ բեմին վրայ կը տեսնենք բժիշկ-բուժքոյր սիրալիր զոյգը` սարսափի աժան ժապաւէններու լուսաւորումով (լապտերը բռնած կզակի տակ): Բժիշկը առաջին տեսարանին մէջ վերապահութիւն եւ նոյնիսկ վախ արտայայտած էր թեթեւաբարոյ կնոջ հանդէպ: Երեք միլիոնը 180 աստիճան շրջադարձ պատճառած է բժիշկի կեցուածքին մէջ: Բարի՛:
Հուսկ բանք.- Ելոյթի հիմնական ձեռքբերումներն են «Յ. Տէր Մելքոնեան»-ի վերաբացումը եւ թատերախումբի սրսկումը նոր արիւնով` ի հեճուկս ծանրագոյն պայմաններու: Շա՛տ բարի: Այս մասին երկու կարծիք չկայ… Ընտրուած գործի եւ ելոյթի վոթվիլ-կրկէսային բնոյթին շուրջ, սակայն, կան ցաւոտ կարծիքներ: Վարչութիւնը կը պատճառաբանէ, որ նպատակը եղած է հանդիսատեսը վերադարձնել թատրոն: Հարց կու տամ` «Ո՞ր հանդիսատեսը»: Իւրաքանչիւր խանութ ունի իր յաճախորդը: Մարդիկ, որոնք ունին այլ ճաշակ կամ այլ պահանջ, կ՛ուղղուին դէպի այլ խանութ: Լիբանանի մէջ վոթվիլ հրամցնողներու տագնապ չկայ եւ չէ եղած:
Բեմադրիչը վերը նշուած տեսակցութեան ընթացքին կ՛ըսէր. «… Թատրոնը այն տեղն է, ուր հարցադրումներ կը դնես…» (9): Շա՛տ ճիշդ: Բարձր արուեստի գործերը կ՛արտադրուին տագնապալի ժամանակաշրջաններու մէջ, երբ յառաջ կու գան գոյութենական հարցադրումներ: «Ժողովուրդը յոգնած է» յանկերգը պատրուակ մըն է, որ… ինչեւիցէ: Կը սպասենք, որ այդ յանձնառութիւնը գործադրուի յաջորդ ելոյթով:
Յաջողութի՛ւն:
——————————
- Diagnostic réservé (Ախտաճանաչումը` վերապահ 2017) – ֆրանսերէն բնագիրը եւ անգլերէն թարգմանութիւնը համացանցի վրայ հասանելի են, ձրի:
- Համացանցի վրայ այլազան աղբիւրներ այդ կը նշեն:
- Յ. Գնդունի բեմադրած է Գունիներու «Երկու կին մէկ ամուսին» եւ «Ֆանի Մանի» կատակերգութիւնները:
- Յունարէնէ առնուած, eu = լաւ, Thanatos = մահ:
- Ելոյթը հետեւած էր անգլերէն հնչունախաղին Եութըն-Էյժիա (Ասիա), որ նոյնքան աննրբանկատ է եւ ոչ աւելի սրամիտ:
- Որ կը կոչուի «Հիրոշիմա»: Այդ անգլիաբարբառ մշակոյթի հումոր է: Ձախող, խոտան գործերը կը պիտակուին «bomb»: Ինչպէ՞ս թարգմանել նման հումոր:
- Ֆրանսերէն բնագրին մէջ բժիշկին տրուած է ծանրաբարոյ երաժիշտ G. Mahler-ի (1860-1911) անունը, զոր բուժքոյրը կ՛արտասանէ «Մալէօր» (malheur): Անգլերէն թարգմանութեան մէջ բժիշկի անունն Killhem, որ շատ նման կը հնչէ «Kill՛em»-ի (սպաննէ զանոնք): Բուժքոյրը կը կոչուի «Diggold», որ կը նշանակէ ոսկիի համար հանաբերել: Գողօնը շորթելու հնարքի հեղինակը ինքնն էր:
- Թուաբանական (permutation).- 3x(3-1)/2 = 3, մինչդեռ 5x(5-1)/2=10, 10/3 = աւելի քան եռապատիկ:
- Տե՛ս հարցազրոյց «Վտանգաւոր, բայց կայուն…» ներկայացումին նախօրեակին, «Ազդակ», 14 նոյեմբեր 2022: