Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանկական Թատրոնը – Բ.

October 4, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Յօդուածին առաջին մասը կ՛անդրադառնար մանկական գրականութեան, մանկական թատրոնի պատմութեան եւ մանկավարժական հարցերու:

Ընդհանուր բներգներ.-

Դիտած եմ լոկ տասը ելոյթներ: Դիտած եմ այն ամէնը, ինչ որ հասանելի է: Կը փափաքէի դիտել շատ աւելին: Այս ուղղութեամբ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, որ տրամադրեց «Արեգ» թատերախումբի ելոյթներու չորս երիզներ:

Զիս եւ հաւանաբար ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը  հետաքրքրող հարցը մանկապատանեկան թատրոնի ընդհանուր բնոյթն է: Առանձին ելոյթներու կարելի է անդրադառնալ այլ առիթներով:  Առաջին հերթին կու գայ վարքայինը: Իսկ յոռի վարքերուն մէջ առաջին տեղը անվիճելիօրէն կը գրաւէ անհնազանդութիւնը: Ապա կու գան` ծուլութիւնը, ստախօսութիւնը, անհամեստութիւնը, շատակերութիւնը…

Պարզ է, որ անհնազանդութիւնը չափահասներու մտահոգութիւն է, այլ` ոչ փոքրիկներու:  Աւելի ճշգրտօրէն` փոքրիկները կաղապարելու մտահոգութիւն է:  Երկրորդ ոչ պատուաւոր հորիզոնականի վրայ է ծուլութիւնը: Հարկ է, որ «փոքր չափի մեծահասակներ» արագօրէն ձեռք բերեն օգտակար գիտելիքներ, որպէսզի կարենան իրենց տեղերը գրաւել արտադրողական բանակին մէջ:

Իմ դիտած տեսերիզներուն մէջ ի սպառ բացակայ էին մանուկներու եւ պատանիներու մտահոգութիւնները: Այս ի հարկէ լուրջ թերացում է:

Առնուազն հինգ ելոյթներու մէջ տեղի կ՛ունենար երկարատեւ դատավարութիւն: Դատաւորը այս կամ այն ձեւով առնչուած է երկինքի կամ անդենականի հետ: Ճիշդ է, որ չէին արձակուեր դաժան վճիռներ. այսուհանդերձ, մանուկի գիտակցութեան մէջ կը փորձուի դրոշմել  այն միտքը, որ ենթակայ է իշխանութեան մը, եւ որ այդ իշխանութիւնը իր իրաւասութիւնը կը ստանայ երկինքէն: Ասիկա կարելի չէ յեղափոխական միտք համարել:

Երկնային/անդենականը միշտ առկայ է հեքիաթներու մէջ` թաքնուած պարիկներու եւ այլ տարաշխարհիկ էակներու ետին: Իսկ Ահրիման/չարը կը ներկայանայ վհուկի, գազանի եւ այլ էակներու միջոցով: Ազգային բներգներու մէջ պատմութիւնը կը ներկայանայ պապիկ-մամիկներու, (սօսեաց) անտառի ոգիներու եւ ազգային դէմքերու ոգիներուն եւ նման կերպարներու միջոցով:

Ելոյթներու ընթացքին արդարութիւնը յաճախ պայմանականօրէն կ՛առնչուէր  «Հարիւրամեայ դատ»-ին հետ: Բայց այդ դատը կը մնար բացարձակապէս վերացական: Աւելի՛ն. դատապարտուա՛ծ է մնալու բացարձակապէս վերացական: Մանուկներ հաւանաբար չեն իսկ լսած երիտթուրքերու մասին: Պարզապէս կը սորվին, որ երբեմն հարկ է բեմէն նման բաներ արտասանել, որ ատիկա մաս կը կազմէ իրենց մշակոյթին եւ ինքնութեան, ինչպէս մաս կը կազմեն Կոմիտասը, Քոչարին ասմունքը եւ խորովածը: Կաղապարում` կրկին եւ կրկին: Այս ուղղութեամբ հարկ է նշել, որ «Արեգ» մանկապատանեկան խումբի չորս ելոյթները («Սասունցի Դաւիթ», «Ոսկի խնձոր», «Կարօտ» եւ «Արքա՛յ, արթնցի՛ր») ունին զուտ ազգային-հայրենասիրական բներգներ: Այդտեղ չկայ մանկական եւ կամ պատանեկան տարիքային հարցերու եւ մտահոգութիւններու ոչ իսկ հպանցիկ ակնարկ:

Գեղարուեստական.-

Կառոյցի առումով գերիշխող է փնտռտուք-ուղեւորութիւնը:  Աւելի ճշգրտօրէն` «Ոդիսական»-ը: Մանուկը կը սկսի վայրէ մը, որ ընդհանրապէս իր հօրենական տունն է, կ՛ունենայ արկածներով լի ուղեւորութիւն մը, ապա կը վերադառնայ նոյն վայրը: Բայց ինք նոյն անձը չէ այլեւս: Ոդիսեւս մեկնեցաւ որպէս անփորձ երիտասարդ եւ վերադարձաւ որպէս հասուն մարդ: Փինոքիօ մեկնեցաւ որպէս փայտէ տիկնիկ եւ վերադարձաւ որպէս տղեկ: Վայրը աշխարհագրականօրէն նոյնն է, կը փոխուի հերոսը: Ինչպէս Լիւդվիգ Դուրեան կ՛ըսէ. «Ես  քայլում եմ կանաչ իմ այգում / Նոյն աղբիւրն ու հաւքերն են երգում / Ես օտար եմ դարձել, ես այն չեմ, այն չեմ …» (1):

Գրական այս կաղապարի ամէնէն ծանօթ նմուշն է Ճէյմս Ճոյսի հիմնադրական վէպը` «Եուլիսիս» («Ոդիսեւս», 1920): Մանկական թատրոնի մէջ նման ուղեւորութիւններ կը կատարեն ո՛չ միայն  «Փինոքիօ»-ն,  այլ նաեւ` «Կարօտ»-ը, «Ալինը եւ խաւարը»-ի Ալինը, եւ որոշ իմաստով մը եւս «Կախարդական սրինգը»-ի Անին: Վերջինը կը փոխադրուի դէպի կախարդական աշխարհ, որովհետեւ կ՛այլափոխուի իր սենեակը: Հեղինակը նոյն ձեւաչափը (ֆորմաթ) նախապէս գործադրած էր «Չեմչեմիկ»-ին մէջ:  Ի դէպ, այդտեղ տեսնուող յուզական խրտուիլակը յարազօդում մըն է «Օզի կախարդը» հեքիաթի կերպարին (2) եւ Փինոքիոյի: Խրտուիլակը եւ Արամիկ, ինչպէս եւ Փինոքիօ, իսկական տղաք կը դառնան, երբ կը խոստանան ըլլալ կարգապահ եւ աշխատասէր:

Դերակատարները առհասարակ չափահաս են: Մանուկներուն կը վստահուին երրորդական դերեր, որոնք կը սորվին եւ կ՛արտաբերեն մեքենաբար: Ինչպէ՞ս պիտի կարենայ մանուկ մը արտասանել Ինտրա կամ Մեծարենց: Կան բացառութիւններ: «Չեմչեմիկ»-ի շնորհալի Արամիկը, օրինակ, որ ի հարկէ ոչ թէ մանուկ էր, այլ` պատանի:

Բեմայարդարում.-  Պարզ է արդէն, որ կը խօսինք ոչ թէ մանկական թատրոնի մասին, այլ` թատրոնի մը, որ պատրաստուած է չափահասներու կողմէ` մանուկ հանդիսատեսի համար:

Բեմին վրայ, լաւագոյն պարագային, կը ստեղծուի աշխարհ մը, ոչ այնպէս, ինչպէս պիտի երեւակայէր մանուկը, այլ այնպէս, ինչպէս անցեալին չափահասներ ենթադրած են, որ մանուկներ այդպէս պիտի երեւակայէին: Կը կրկնուին «մանկաշխարհ»-ի կարծրատիպեր: Հիմնուած դիտումներու վրայ` ինծի թուեցաւ, որ մանուկները ներդրում չեն ունեցած բեմի պատկերացումին մէջ: «Ոչ լաւագոյն» պարագային, կը պատրաստուի բեմ մը` հիմնուած գործնական, այլ ոչ գեղագիտական նկատառումներու վրայ: Հարկ է նշել, որ «Օտեան» թատերախումբը ներկայացուցած էր ամէնէն խնամուած, թէեւ երբեմն խճողուած բեմայարդարումները:

Ելոյթներու բներգները.– Կարելի է անվարան հաստատել, որ բնագիրներէն եւ ոչ մէկը մանկական է, ոչ իսկ` պատանեկան: Այստեղ հիմնական ներդրումը կու գայ «Օտեան» եւ «Արեգ» թատերախումբերէն: Երկու պարագային ալ մանկական թատրոնը ցաւօք կը գործածուի որպէս խօսափող` արտայայտելու համար «չափահաս» բներգներ: «Արեգ»-ի պարագային, ատիկա գրեթէ բացառապէս ազգային-հայրենասիրականն է, ինչպէս վերը յիշեցի: Մօտեցումը «ճակատային» է, ատենախօսական:

«Օտեան»-ի մօտեցումը նուազ ճակատային եւ աւելի գեղարուեստական է, սակայն բներգները շատ յաճախ ոչ մանկական են: «Ալինը եւ խաւարը», օրինակ, պատգամ մըն է` ուղղուած երիտասարդութեան: Ըմբոստ Ալինը, յենած «անտառի ոգի»-ի թելադրանքին, կը յաղթահարէ խաւարը եւ նոր կեանք կու տայ մտաւոր կեանքին: Նախքան Ալինին յայտնուիլը` «Ուղեցոյց»-ը, «Փնտռող»-ը եւ «Աղուէս»-ը կորսուած եւ յուսալքուած էին, քաջութիւն չունէին դիմագրաւելու «Խաւար»-ը, որ այնքան ալ սարսափելի չէ: Սարսափելի չէր նաեւ խաւարի դարանակալ տիպարը, որ երկչոտ եւ թոյլ էր: Այս բարոյականը քաղելու համար հարկ էր որոշ մտային լարում, ինծի` յոյժ չափահաս հանդիսատեսիս համար: Կան նաեւ բազմաթիւ լեզուական «անհեթեթ» խաղեր եւ բառակապակցութիւններ, որոնք կը յիշեցնեն «Ալիսի ստորերկրեայ արկածախնդրութիւններ» լեզուա-իմացաբանական երկխօսութիւնները (3): Անկախ բառախաղերու ենթադրեալ ճանաչողական արժէքէն` անոնց ներառումը կը հաստատէ այն դրոյթը, որ գործը ուղղուած չէ մանուկներուն: Դրոյթը կը հաստատէ նաեւ այն նկատողութիւնը, որ ելոյթը կը տեւէ գրեթէ երկու ժամ: Մանկական առաւելագոյն տարողութեան կրկինը…

Միւս կողմէ` առկայ է անչափահասներու մտային կարողութեան ստորագնահատում: Տարաբնոյթ բներգներ եւ նիւթեր արհեստականօրէն կը յարազօդուին: Ի՞նչ առնչութիւն ունի, օրինակ, «Հին Աստուածները» (Իջէ՜ք, իջէ՜ք երազներ…) «թափառական հայու» կերպարին հետ: Խորհրդանիշներ կը գործածուին անտեղի: Ամէն ինչ ցոյց կու տայ հարեւանցի եւ անփոյթ մօտեցում: Մանուկը արժանի է շատ աւելի մեծ յարգանքի: Աւելի՛ն. կարելի չէ մանուկին հետ հոգեկան կապ գոյացնել առանց յարգանքի: Մանուկը շատ արագ կը ջոկէ այդ եւ ըստ այնմ կը դիրքորոշուի:

Լեզուի պարագային, տիրական ներկայութիւն ունի «ատենագրութիւններէն»-ը, այսինքն` տաղտկալի, անարիւն հռետորականը: Երբեմն կը լսուին թրքերէնն (կանուխ պառկիլ) ու գռեհկերէնը (տակը ընել): Գոյ է նաեւ գրականականանմանը, որ աւելի ընդունելի է, բայց ի հարկէ նոյնպէս մանկական չէ:

Հետաքրքրական նկատողութիւն է, որ բոլոր տասը ելոյթներու մէջ բացակայ եւ կամ, լաւագոյն  պարագային, լուսանցքային է ծնողներու դերը: Այդտեղ կան պապիկներ եւ երբեմն մամիկներ:  Կան անտառի ոգիներ եւ խօսող ժամացոյցներ, բայց չկան հայրիկներ…

Դպրոցական նոր տարեշրջանի սեմին ենք:

Ցտեսութի՛ւն:

(Շար. 2 եւ վերջ)

—————————————-

  1. Անմահացած Ալեքսանտր Աճեմեանի երաժշտութեամբ եւ Պելլա Դարբինեանի ձայնով:
  2. Lewis Carroll (1832-98)-ի Alice’s Adventures Under Ground պատմութիւնը, 1864, որ աւելի ծանօթ է «Ալիս կախարդական աշխարհին մէջ» վերնագրով:
  3. The Wonderful Wizard of Oz L. Frank Baum 1900, որ նաեւ ժապաւէնի վերածուած է:
Նախորդը

Անտեսումը Միասնութեան Չ՛առաջնորդեր (Ոչ Ալ` Ծաղրանքն Ու «Շօ»-ն)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.