Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թատրոնի Այլափոխումը Համավարակի Ընթացքին

Սեպտեմբեր 9, 2021
| Արուեստ - Մշակոյթ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Էութենական.- Համավարակը փակեց սրահներուն դռները եւ արգիլեց դերակատար-հանդիսատեսի միջեւ անմիջական հաղորդակցութիւնը: Այդ կը թուէր մահացու հարուած ըլլալ: Թատրոնի մարդիկ, սակայն, մերժեցին յանձնուիլ եւ յանկարծ վրայ տուած մթութեան մէջ սկսան խարխափել` գտնելու համար գոյատեւման միջոցներ:

Պարզ է, որ համավարակի պայմաններուն մէջ կարելի չէր նոյն ձեւով շարունակել: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է փոխել ձեւը` առանց փոխելու էութիւնը: Այստեղ կը ծագին փիլիսոփայական հարցեր, որոնք չունին աներկբայ լուծում: Թէ ի՞նչն է էական թատրոնի մէջ, թէ ի՞նչն է «թատերական»` չունին աներկբայ պատասխաններ: Կրնայ թուիլ, որ լուծումները կը բխին անհատական փորձէ եւ  նախասիրութիւններէ, բայց թատրոնը գերազանցօրէն քաղաքական արուեստ է, հետեւաբար ընտրանքները խորքին մէջ ունին քաղաքական կողմնորոշում:

Առկայ է այլ մտահոգութիւն. փակումի պատճառով արդէն իսկ կիսա-անգործ երիտասարդ տաղանդաւոր աշխատողները կորսնցնելու վտանգը: Թատրոնի մարդոց առաջին հակազդեցութիւնն էր առողջապահական պայմանները ըստ կարելւոյն յարգող սրահներու մէջ ներկայացնել կարճատեւ գործեր, որպէսզի հանդիսատեսին հետ կապը պահպանուի: Փորձեր կան նաեւ անցեալի յաջող բեմադրութիւններ յարմարեցնելու առցանց ցուցադրութեան: Վճարումը ի հարկէ շատ աւելի փոքր է, քան` մուտքի տոմսերու գինը: Այդ կը կոչուի «streaming» (առուակում, հոսք): Կայ, սակայն, բեմադրութեան եւ կատարումի հարց: Այդ ելոյթները կենդանի էին` ուղղուած սրահներու, մինչդեռ ներկայիս իր տան մէջ փակուած հանդիսատեսը պաստառի մը դիմաց առանձին է: Մշակոյթի նախարար… ներողութիւն, պիտի ըսէի տեղակալ Արա Խզմալեան դրական կը համարէ քամերայի մուտքը: Կ՛ենթադրէ, որ թատրոնը այդպիսով կը ստանայ յաւելեալ շարժապատկերային հմայք:

Արեւմուտքի մէջ, ուր նիւթական պայմանները յարմարաւէտ են,  բազմաթիւ մարդիկ սկսան համավարակը տեսնել որպէս մարտահրաւէր` կատարումի նոր միջոցներ ստեղծելու համար: Այդ միջոցներուն մէջ տիրապետողը «Զում»-ն է: Կան բազմաթիւ հարցեր: Հարկ է, որ թատրոնի մարդիկ ձեռք բերեն շարժապատկերի որոշ հմտութիւններ: Քամերան եւ հանդիսատեսի աչքերը նոյն ձեւով չեն ընկալեր: Նմանապէս` ոչ ալ պատահական  սենեակի մը մէջ գտնուող ձայնի ընկալուչը եւ սրահի մէջ գտնուող հանդիսատեսին ականջը:

Բ.- Արհեստական իրականութիւն (Virtual Reality).- «Զում»-ը կը կատարուի քանի մը քամերաներու հաւանաբար տարբեր վայրերու եւ տարբեր ժամանակներու մէջ կատարած արձանագրութիւններու մեծապէս խմբագրուած ագուցումով (մոնթաժ): Այստեղ կը ծագի բարդագոյն հարց. ինչպէ՞ս ստեղծել ներկայի պատրանքը մը, ուր կատարողները կը գտնուին եւ կը հաղորդակցին միեւնոյն ոլորտին մէջ: Այլապէս ելոյթը կը վերածուի անջատ մենախօսութիւններու տաղտկալի շարանի մը: Այդ «ագուցումը» ձեւով մը թուային տարբերակն է դերակատարներու բեմական տեղադրումին (blocking): Այս յատկապէս դժուար է, երբ կարգ մը հատուածներ կենդանի խաղարկութիւններ են, իսկ այլ հատուածներ` արձանագրութիւններ: Պարզ է, որ միայն սակաւաթիւ տաղանդաւոր մարդիկ կը յաջողին այդ իրագործել: Քննադատ մը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բեմադրիչի մը, որովհետեւ անոր ելոյթի որակը առնուազն արժանի էր խիստ քննադատութեան:

Համացանցը արդէն իսկ խճողուած է «Զում» արհեստագիտութեան դասընթացքներու ծանուցումներով:

Կատարողական.- «Զում»-ի դերակատարը կտրուած է հողէն, չունի ոտնատեղի, չունի միջավայր, հետեւաբար չունի արեւելում: «Զում»-ի խաղարկութիւնը չի կրնար ըլլալ այն, ինչ որ է խաղընկերներու հետ կենդանի կատարումը բեմի վրայ, սրահի մը առաջ: Այժմ կ՛առաջադրուին թատերական կատարման եւ ընկալման նոր, վիճելի ըմբռնումներ: Անոնցմէ մէկն է «միջեւութիւնը» (betweenness): Երկխօսութիւն կատարող դերակատարները կը նային քամերային, այսինքն` հանդիսատեսին: Գաղափարը այն է, որ անոնք կը հաղորդակցին հանդիսատեսին ընդմէջէն: Հանդիսատեսը անոնց «միջեւ» է, անոնց հաղորդակցութեան «միջոց»-ն է, «միջնորդ»-ը, հետեւաբար հաղորդակից կը դառնայ անոնց բոլոր զգացումներուն եւ գործողութեան:

Բեմադրիչներ կը թելադրեն, որ խաղարկութիւնը ըլլայ պարկեշտ, ոչ յաւակնոտ եւ բնականապաշտ: Ոչ բեմական-ցուցադրական: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է արհեստական ոլորտի մէջ վարուիլ «բնական»: Համավարակի պայմաններու մէջ արդիւնքը ընդհանրապէս կ՛ըլլայ մելամաղձոտ զեղում մը: Նոր ձեւաչափի թատրոնը պիտի ունենայ կատարումի նոր ըմբռնումներ, բայց կանուխ է այդ մասին հաստատումներ կատարելու համար:

Միջնորդուած երկխօսութիւնը կ՛ենթադրէ նոր ձեւի բեմագրութիւն, նոր ձեւի թատերագրութիւն: Ցաւօք տակաւին չեմ հանդիպած որեւէ տպաւորիչ նմուշի: Ինծի հասանելի երկխօսութիւնները կը դառնան առօրեայ մանրուքներու շուրջ: Յետարդիական այս դարուն այլեւս չկան հաւաքական մեծ ասքեր, կան լոկ տարանջատ մանրուքներ:

«Սրահ»-ի թուային ընկալում.- Ոչինչ կրնայ համարժէք ըլլալ կենդանի կատարումի եւ կենդանի սրահի փոխընկալումը: Այդ կախարդական մթնոլորտը ստեղծել անկարելի է, երբ ե՛ւ հանդիսատեսները ե՛ւ դերակատարները կը գտնուին տարանջատ խուցերու մէջ: «Զում»-ով խանդավառ մարդիկ կ՛առաջադրեն (կը յուսան) այդ կատարել թուային միջոցներով: Հանդիսատեսները կրնան իրարու հետ կապուիլ «Թուիթըր» եւ «Ուաթսափ»-ի նման, բայց` աւելի զարգացած միջոցներով: Թերեւս կարելի է պատրաստել վիճակագրական պաստառներ, որոնք ցոյց կու տան «սրահի» հակազդեցութիւնը: Այս նման է համացանցի տեղադրումներու տակ ցոյց տրուած հակազդեցութիւններու (օրինակ` 16 «լայք», 4 «ապշանք», 2 «զայրոյթ» եւ այլն): Ընտրանքները, սակայն, միշտ պիտի մնան սահմանափակ, մինչդեռ կենդանի հանդիսատեսի ընկալումը անսահմանափակ է: Թերեւս կարելի է տալ նաեւ «սրահ»-ի արտադրած ձայներու գումարը: Կ՛ենթադրեմ, որ եթէ այս ուղղութեամբ յաջող փորձեր կատարուած ըլլային, անպայման որ շռնթալից կերպով պիտի հրապարակուէին համացանցի վրայ:

Զուգահեռներ` ակունքի հետ.- Տարօրինակ կրնայ թուիլ, բայց մերօրեայ «Զում»-ային ելոյթներու կատարումը որոշ նմանութիւն ունի հին յունական թատրոնի կատարումներուն հետ:

Յոյն դերակատարները կը կրէին սաղաւարտանման դիմակներ (տես կողքի նկարը), որոնք կը պարփակէին գլուխը եւ գրեթէ ամբողջապէս կը խափանէին անոնց տեսադաշտը: Դժբախտաբար ոչ մէկ դիմակ պահպանուած է, որովհետեւ կը պատրաստուէին փճացող նիւթերէ: Հաւանաբար` կրաշաղախ կերպաս, որուն կ՛աւելցուէր կեղծամ, երբ յարիր էր: Այժմ կան միայն դիմակներու պատկերումները կարասներու վրայ եւ այլուր: Կողքի պատկերը ցոյց կու տայ, որ աչքերու բացուածքները փոքր էին: Այդ կը պարտադրէր, որ դերասանը իր խաղարկութիւնը հիմնէ իր բեմի մտապատկերին վրայ: Նաեւ, որ աւելի կատարեալ գիտակցութիւն ունենայ իր մարմնի դիրքին եւ շարժուձեւերուն:

Դերասանները այրեր էին: Դիմակներու ներքին ծաւալը այնպիսին էր, որ կը զօրացնէր արական ձայնի (զայն կրողի եւ իր խաղակիցներու) ձայնաւոր հնչիւնները, յատկապէս` բարձրաձայնուած ա օ ու (2):

Երբ խափանուած է տեսադաշտը, դերակատարի մտապատկերը հիմնուած կ’ըլլար իր լսողութեան վրայ: Երկխօսութիւնը կը կատարուէր անձերու միջեւ, որոնք զիրար գրեթէ չէին տեսներ: Այնպէս, ինչպէս «Զում» քամերայի առաջ գտնուող դերակատար մը հաւանաբար իր տեսադաշտին մէջ չունի խաղընկերը, որ կը գտնուի այլ քամերայի առաջ:

Թատրոնի ակունքներուն հետ այլ զուգահեռ մը այն է, որ երբ «Զում»-ի պաստառը ցոյց կու տայ միայն դերակատարները, խորապատկերը եւ այլ տեղեկութիւններ կը տրուին պատումի միջոցով: Այս յիշել կու տայ հին յունական եւ շէյքսփիրեան թատրոնները, ուր բեմայարդարում չկար: Հանդիսատեսին տեսարանի սկզբին բանաւոր կերպով կը  թելադրուէր երեւակայել տուեալ միջավայրը:

Երրորդ (լոկ ձեւական) զուգահեռը այն է, որ հին յունական թատրոնը  եւ միջնադարեան «ցուցք»-երը բացօթեայ էին, ինչպէս` ընկերային հեռաւորութիւն պահպանող ներկայ ելոյթները:(4)

Դիպաշարի նմուշ մը.- «Էկոն Թիչիի եօթներորդ ճամբորդութիւնը» (youtube.com/watch?v=kUdbfccjRek), որ հիմնուած է լեհ Սթանիսլաւ Լեմի (1921-2006) նոյնանուն պատմուածքին վրայ: Լեմ հեղինակն է «Սոլարիս» գիտաերեւակայական վէպին, որ շարժապատկերի վերածուած է տաղանդաւոր բեմադրիչներ Թարքովսքիի (1972), Սոտեմպերկի (2002) եւ այլոց կողմէ: Երկու պատումներուն միակ հերոսը առանձին է վթարուած եւ կորած անջրպետանաւի մէջ: Կացութիւն մը, որ յոյժ յարիր է մեր ներկային:

Կելպի աստղանաւը կը բախի անջրպետի մէջ թափառող անհամար  ժայռաբեկորներէն մէկուն եւ կը վթարուի: Նորոգութեան համար անհրաժեշտ է օգնական երկրորդ անձ: Կելպ աստղանաւը կ՛ուղղէ դէպի «ձգողական յորձանուտ» մը (gravitational vortex), որ զինք կը փոխադրէ դէպի անցեալ եւ այդպիսով կարելի կը դարձնէ ինքզինք կրկնօրինակել: ( Այդ ի հարկէ պարզապէս հեղինակային հնարք է): Նորոգութիւնը կը ձախողի, եւ աստղանաւը կրկին ու կրկին կ՛իյնայ յորձանուտին մէջ, կը յայտնուին անցեալէն իրերայաջորդ բազմաթիւ «Կելպ»-եր: Ներկայ Կելպ կը սկսի վիճիլ անցեալի կելպերու հետ եւ պայքարիլ անոնց դէմ: Համավարակի պարտադրած մեկուսացումին մէջ թերեւս ամէն ոք հաշուեյարդարի մտած` կը պայքարի իր անցեալի ստուերներուն հետ:Հերոսը կը մնայ անդուլ կրկնուող պտուտքի մէջ, չկայ ուղղորդուած զարգացում: Այդ եւս, ցաւօք, յարիր է մեր կացութեան:

Քննադատներու ուշադրութեան եւ քննադատութեան արժանացած այլ «շարան» մըն է Ռիչըրտ Նելսընի «Զում»-ային թատերակները, որոնք ծաղրանկարային ձեւով կը չափազանցեն Արիստոտէլի ձեւաչափը (մէկ վայր, մէկ օր, մէկ գործողութիւն): Ընտանիք մը (Apple Family) ընթրիքի սեղանին վրայ կը զրուցէ առօրեայ նիւթերու շուրջ: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է, որ տաղտկալի առօրեան ստանայ թատերական բնոյթ: Գործը հարթ հայելի մըն է, որ կը ցոլացնէ մեր հաւաքական անձկութիւնը, մեր տխուր ներկան, ուր բոլորը կարիք ունին հարազատներու ջերմութեան: Այդ յուզիչ է, բայց թատրոնը հարկ է, որ կատարէ շատ աւելին, առաջադրէ հարցադրումներ, որոնք կը կարօտին հաւաքական քննարկումի, մեր մեկուսացման խուցերէն դէպի դուրս բանայ պատուհաններ:

Ահաւորը` միայն շեղակի.- Շէյքսփիր ծնած է համաճարակի ընթացքին: Իր ծնողները, որ արդէն իսկ երկու զաւակ կորսնցուցած էին, ապաստանած էին գաւառի մէջ` փրկելու համար երրորդը` զինք (3): Համաճարակի այլ ալիքի մը ընթացքին Շէյքսփիր ինք եւս ապաստանած է գաւառ եւ գրած` առնուազն հինգ թատրերգութիւններ: Հանճարեղ արուեստագէտը, որ այդքան խոր ապրած է խոցը, իր գործերուն մէջ միայն անուղղակի ակնարկներով հպանցիկ կ՛անդրադառնայ համաճարակի բներգին: Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթի մէջ աբեղան չի կրնար Ռոմէոյին հաղորդել Ժիւլիէթի կեղծ մահը, որովհետեւ արգելափակուած էր վարակուած տան մը մէջ: Հետեւանքը կ՛ըլլայ ողբերգական:

Պուշկին, որ ապրած է Ռուսիոյ առաջին քոլերա համաճարակի շրջանին, ունի մէկ արարնոց երգախառն (կը կրկնեմ, երգախառն) թատրերգութիւն մը` «Խրախճանք ժանտախտի ժամանակ» (1832), ուր մարդիկ համաճարակին մարտահրաւէր կը կարդան փողոցը խրախճանք կազմակերպելով: Կրօնական մը, որ վարակը երկնային պատիժ կը համարէր, կը ցրուէ զիրենք:

Ներկայ համավարակի ընթացքին թատրոնի բազմաթիւ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւեց եւ կը շարունակէ գրաւել 14-րդ դարու Սեւ  ժանտախտի ընթացքին յօրինուած այլ երկ մը` Ճ. Պոքաչիոյի «Decameron» (1453 յունարէն Տեքա-Էմէրոն կը նշանակէ  «Տասնօր»), որ հիմնադրական դեր ունեցած է Վերածնունդի գրականութեան մէջ: Ֆլորենսացի տասը ունեւոր երիտասարդներ (7 կին եւ 3 այր) համավարակէն փրկուելու համար, այո՛, կ՛ապաստանին գաւառի ամարանոց մը: Ահն ու խոցը կը յաղթահարեն տասը օր զուարճանալով եւ 100 «ազատամիտ» անեկդոտներ պատմելով: Երկը բազմաթիւ թատերական աւարտաճառերու նիւթ դարձած է: Առնուազն երեք արհեստավարժ խումբեր զայն ունին իրենց խաղացանկին վրայ: Կարգ մը տարբերակներ երաժշտական կամ երաժշտախառն են, ինչպէս` «Պուշկինի խրախճանք»-ը: Խմբական երգը թերեւս յաւելեալ սփոփանք կը բերէ այլապէս ցաւոտ ելոյթին: Նկատել` երաժշտական գործիքները պատմական գծանկարին, ինչպէս եւ Սունդուկեանի ելոյթի լուսանկարին մէջ: Այդ մասին` աւելի ուշ:

«Տեքամերոն»-ը յատկապէս յարմար է «Զում»-ային ելոյթներուն, որովհետեւ անջատ պատումներու շարան մըն է: Նաեւ համահունչ է յետարդիական մօտեցումին, որովհետեւ կը ներկայացնէ «խճանկար» մը, այլ ոչ որեւէ կուռ ասք թելադրող համայնապատկեր:

Անկոչ ոտնձգութիւնը կրնայ դառնալ մնայուն.- Թատերական թուային տարբերակները արդէն իսկ  գոյացուցած են շահաբեր շուկայ: Առցանց դիտողներու թիւը շատ աւելի մեծ է, քան` վաճառուած տոմսերու: Իսկ վճարումը բնաւ արհամարհելի չէ: Նոյնիսկ յարգելի թատրոններ (ինչպէս` Royal Shakespeare Company) չեն հրաժարիր այդ յաւելեալ եկամուտէն: Քամերան, աւելի ճշգրտօրէն, բազմաթիւ քամերաներ այլեւս մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլան բեմերու վրայ: Կ՛իմացուինք, որ Լոնտոնի թատրոններուն կէսը կը պատրաստուի «Քորոնա»-ի (Տէրը կամենայ` կանուխ) աւարտէն ետք իսկ շարունակել զանոնք: Այս ուղղութեամբ յատկապէս խանդավառ են անոնք, որոնք համակարգչային միջամտութեամբ թուային տարբերակները կը վերածեն վիտէօ- խաղի մը, ուր դիտողը հնարաւորութիւն ունի տարբերակներու միջեւ ընտրութիւններ կատարելու: Յստակ չէ, թէ այդ արտադրութիւնները ո՛ր սեռին կը պատկանին` թատրոնի՞, թէ՞ վիտէօ-ժամանցի:

Քաղաքական.- «Զումապաշտ»-ներ համոզուած են, որ արհեստագիտութեան ընծայած առաւելութիւններուն շնորհիւ, ինչպէս` թուային անկաշկանդ գրաւիչ բեմայարդարում, երեք տարածաչափային (3D) քամերաներ, բազմաթիւ դերակատարներու մասնակցութեան հնարաւորութիւն եւ այլն, պիտի վերացնեն նոր «թատրոն»-ի հանդէպ վերապահութիւնները(1): Հիմնական վերապահութիւնը, սակայն, ոչ թէ արհեստագիտական կամ գեղագիտական է, այլ` ընկերային- քաղաքական:

Իշխանութիւններ համավարակի պատրուակով կը սաստկացնեն իրենց հակակշիռը ընկերութեան վրայ: Կ՛արգիլուին հաւաքները, կը սահմանափակուին եւ կը հսկուին մարդոց շարժումները: Շէյքսփիրի օրով  այդ կը կատարուէր նախնական միջոցներով: Այժմ, փա՛ռք Տիրոջ, կան դէմքեր ճանչնալու ատակ անշարժ եւ թռչող սարքեր (տրոններ), կարելի է հետեւիլ հեռախօսներու շարժումին եւ խօսակցութեան, «Կուկըլ» եւ «քուքի»-ներ կը վերլուծեն մեր բոլոր հակումները եւ հետաքրքրութիւնները: Անհնազանդ մարդիկ կը համարուին անպատասխանատու եւ վտանգաւոր տարրեր, հետեւաբար արժանի` արդար պատիժի: Ազատութեան համար մղուող պայքարը այժմ կը պահանջէ աւելի մեծ զոհողութիւն, բայց այժմ աւելի մեծ է նաեւ զայն կորսնցնելու վտանգը:

Յետարդիական ընկերութեան մէջ հաւանաբար «Զում-թատրոն»-ի համար պիտի կազմուի լայն, շահաբեր  շուկայ: Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կը նահանջեն շարժապատկերի մեծ սրահները, ուր սերունդ մը առաջ յաճախ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր:  Փոխարէնը` կը ծաւալի «Եութիւպ»-ը, զոր կը դիտեն մարդիկ առանձին: «Զում»-ը եւս ուղղուած է դէպի տարանջատ անհատներ, որոնք չեն կազմեր հաւաքականութիւն, չեն կրնար ունենալ հաւաքական տեսլական: Մինչդեռ կենդանի սրահի առաջ կենդանի բեմի վրայ կատարուող թատրոնին հիմնական նպատակը եղած է նպաստել, որ ձեւաւորուի հաւաքական տեսլական, որ, ի դէպ, կրնայ ի նպաստ չըլլալ իշխանութեան: Սրահներու մէջ կրնայ տիրել մթնոլորտ, մինչդեռ անջատ պաստառներու առաջ կը տիրեն դիւրաւ կառավարելի անհատական խայտաբղէտ անվտանգ նախասիրութիւններ: «Զում»-ը պիտի գովաբանուի եւ մղուի առաջ, որովհետեւ կը նպաստէ տիրող համակարգի գոյատեւման:

Հարկ է նեցուկ կանգնիլ այն մարդոց, որոնք պիտի ջանան ոտքի պահել կենդանի թատրոնը:

Պատկերներ Հայաստանէն.- Հայաստանի մէջ եւս համավարակը կը գործէ աւերներ եւ կը պատճառէ հաւաքական անձկութիւն: Բայց, հետեւելով թատրոնի մարդոց ելոյթներուն, կը նկատենք, որ այդտեղ առաջնահերթ է այլ առաջադրանք` ինչպէ՞ս ամոքել ահաւոր կորուստներու խոցերը եւ մեղմել ընկերութեան պառակտումը:

Գլխաւոր թատրոններու խաղացանկերը որեւէ ձեւով չեն ցոլացներ համավարակի ներկայութիւնը: Ընդհակառակն, «Տեքամերոն»-ը, որ անցեալ տարի Լիլի Էլբակեանի կողմէ վերածուած էր «Սէր, խրախճանք, ժանտախտ» վերնագիրով երաժշտախառն թատրերգութեան եւ ներկայացուած` որպէս Սունդուկեան թատրոնի թատերաշրջանի բացման ներկայացում, այժմ վերցուած է խաղացանկէն: Անցեալ տարի առնուած էր այլ դրական քայլ մը եւս. թատրոնի կից այգիին մէջ հաստատուած էր 50 տեղանոց բացօթեայ թատրոն` իր «Սեւ տուփ» կոչուող հարթակով, ուր երիտասարդ բեմադրիչներ առիթ պիտի ունենային փորձառական գործեր ներկայացնելու:

Գիւմրիի տրամաթիքական թատրոնը կը պատրաստէ պարզ եւ թեթեւ կատակերգութիւններ, որոնք կը խօսին սիրոյ եւ համերաշխութեան մասին, կը փորձեն դրական լիցքեր փոխանցել հանդիսատեսին: Բացումը պիտի կատարուի «Քէյս» (պայուսակ) զաւեշտով, որ ունի բարոյախօսական բնոյթ եւ բարեզարդ աւարտ:  Գովազդային տեսաերիզէն դատած  (watch/?v=766012204031405)` բեմադրութիւնը կը թուի անտեսած ըլլալ համավարակի սահմանափակումները:

Կը թուի, թէ Թիֆլիսի Ադամեանի անուան թատրոնը եւս կը պատրաստէ թեթեւ գործեր, ինչպէս` վրացի Ն. Միրզիաշվիլիի «Եկ, թանկօ պարենք» կատակերգութիւնը:

Հայաստանի մէջ «Streaming»-ի ինծի ծանօթ միակ օրինակն է Նարեկ Դուրեանի «Հեռուստաթատրոն» կէս ժամնոց թատերակներու շարքը, որ կը սփռուի Հ1-ի կողմէ, շաբաթական դրութեամբ: Ծրագիրը դրական է առնուազն երկու իմաստով.

Ա.- Կանգուն կը պահէ բեմի վրայ կենդանի կատարումի աւանդը:

Բ.- Աշխատանք կը հայթայթէ առնուազն 10 դերասաններու, որոնցմէ չորսը մնջախաղով կը հարստացնեն ելոյթները (տե՛ս կողքի նկարը), ինչպէս նաեւ` թատրոնի թեքնիք կազմին:

Իմ դիտած 30 վարկեան տեւող շուրջ վեց ելոյթները հիմնուած էին Ստեփան Զօրեանի (1889-1967)  եւ այլ չեխովեան թախծոտ հիւմըրի պատմուածքներու վրայ: Դուրեան անձամբ կը կարդայ չեխովաշունչ բնագրերը: Այս իմաստով շարքը նման է Նիլ Սայմընի «Բարի բժիշկը» թատրերգութեան, որ ոչ հեռու անցեալին ներկայացուեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ: Բեմայարդարումը կը կատարուի գրեթէ բացառապէս պատկառելի ծաւալի գիրքերով` թերեւս ակնարկելու համար ելոյթի հիմնուած ըլլալը դասական գրականութեան վրայ: Միակ ելոյթը, ուր կարելի է այլաբանական ակնարկ նկատել համավարակին, «Գիսաւորը եւ ժամկոչ Անտոն»-ն էր, ուր խեղճուկ գիւղ մը անտեղի խուճապի կը մատնուի, երբ կ’իմանայ, որ գիսաւոր մը պիտի հարուածէ եւ կիսէ երկրագունդը:

Ինծի ծանօթ չէ որեւէ թատրերգութիւն, որ ուղղակի եւ լիարժէք որպէս բներգ ձեռք կ՛առնէ անցեալ կամ ներկայ համավարակ մը: Կը թուի, թէ ահաւոր աղէտներ մնացած են եւ կը մնան առաւելագոյնս խորապատկերի մէջ: Ոչ մէկ թատրերգութիւն ուղղակի ձեռք կ՛առնէ ներկայ համավարակը: Նոյն խուսափողական մօտեցումը կը նկատուի շարժապատկերի մարզին մէջ: Այդ նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (5):

—————–

  1. Sarah Rappaport London Is Leading a Post-Pandemic Theater Streaming Revolution Screentime May 20
  2. Որովհետեւ այդ ձայները կազմող թրթռացումները Formant Frequencies համեմատաբար դանդաղ են:
  3. Անձնապէս բախտը ունեցած եմ այցելելու այդ առանձնատունը:
  4. «Միջնադարեան թատրոնը Հայաստանի մէջ», «Ազդակ» Նոր տարուան բացառիկ, 2018:
  5. «Համավարակի պատկերումը սպիտակ պաստառի վրայ», «Ազդակ», 12 յուլիս 2021:
Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Ակումբին Մէջ. Գերեվարութենէ Ազատած Մարալ Նաճարեանի Շնորհակալական Այցելութիւնը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Comments 1

  1. Հրաչ Պարսումեան says:
    4 years ago

    Կարդալ «ԱՅԼԱՓՈԽՈՒՄԸ»

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?