Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանկական Թատրոնը

October 3, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ա.- Գրական նախերգանք.- Սփիւռքի  մանկապատանեկան թատրոնը հիմնուած է  մանկապատանեկան գրականութեան վրայ: Ըստ իս, հարցերը կը սկսին այդտեղ:

Յուշաբերական.- Մեր տան մէջ ունէինք ոչ արհամարհելի գրադարան, որ ի հեճուկս այդ օրերուն թէժ Պաղ պատերազմին, կը պարունակէր նաեւ սփիւռք հասած հայրենի մանկապատանեկան ամբողջ գրականութիւնը: Կը ստանայինք մանկապատանեկան «Արաքս» շաբաթաթերթը (1), ինչպէս նաեւ` «Համազգայինի մատենաշար»-ը: Լոկ քսան մեթր հեռաւորութեան վրայ կար դպրոցական գրադարան: Մայրս Մելքոնեան հաստատութենէն վկայուած մանկապարտիզպանուհի մըն էր: Այս իմաստով շրջանի ամենաբախտաւոր մանուկն էի: Այսուհանդերձ… կը վկայեմ, որ մանկական գրականութիւնը էն գլխէն քանակով աղքատիկ եւ որակով խնդրայարոյց եղած է: Պատանեկան գրականութիւնը` առաւել եւս: Որքանո՞վ մանկական են «Արքայ Լիր»-ը, «Ռոպինսոն Քրուզօ»-ն եւ կամ` «Կիւլիվերի ճամբորդութիւնները»: Երեքն ալ ունին իրենց օրերու քաղաքական ոչ թաքուն օրակարգերը:

Ասոնց կողքին, կային 19-րդ դարու «հեքիաթ»-ները  (Կրիմ եղբայրներ եւ այլն), որոնց գրաքննուած  տարբերակներն իսկ ահաւոր էին: Հենսել եւ Կրեթել, օրինակ, պատմական յուշ է: Սովահար մարդիկ տառացիօրէն վերածուած են մարդակեր գազաններու: Նուազ ահաւոր չէ «Գառնուկ եղբայր»-ը, ուր մարդիկ կը պատրաստուին խորովել որբուկը (2): Ցնցող տպաւորութիւն ձգած էր «Պղինձէ քաղաքի պատմութիւնը», որ կու գայ հինաւուրց «Հազար ու մէկ գիշերներ»-էն: Ոչ նուազ աւերիչ տպաւորութիւն ձգած է Անտերսընի միոտանի կապարէ զինուորը, որ յուսահատ սիրոյ կրակին մէջ տառացիօրէն կը հալի, եւ կամ` լուցկի ծախող որբ աղջնակը որ… Նման գործեր գրուած են կոշկոռած ընթերցողներու համար, ոչ` մատղաշ մանուկներու:

Հայկական միջավայրի մէջ գերիշխող էր 19-րդ դարու մանկավարժական  մօտեցումը: Եղեռնէն ետք մտաւորական կեանքը անդամալուծուեցաւ եւ լճացաւ: Առաջին եւ նոյնիսկ երկրորդ սերունդի դաստիարակները լաւագոյն պարագային ունէին 19-րդ դարու պատրաստութիւն: Մանուկները կը նկատուէին փոքր ծաւալով մեծահասակներ: Մանկապատանեկան թատրոնի հիմնական յատկանիշ էր նաեւ խրատամոլութիւնը, քարոզախտը: Մանուկներ ոչ թէ կը զարգացնէին իրենց կարողութիւնները եւ կը ստեղծագործէին, այլ կը կաղապարուէին, որպէսզի իրենց տեղը իմանային ընկերութեան մէջ: Մարք Թուէյն (1835-1910), որ մանկապատանեկան գրականութեան թերեւս ամենատաղանդաւոր հեղինակն է, իր նամակներուն մէջ եւ այլուր բազմիցս նկատել տուած էր, որ 20-րդ դարու սկզբին մանկական թատրոնի շուրջ տակաւին չկար գիտելիք եւ ուսումնասիրութիւն (3):

Պատմական.- Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ մանկապատանեկան պարբերականներ սկսած են լոյս տեսնել Թանզիմաթէն ետք: Յակոբ Պարոնեան ո՛չ միայն հրատարակած է «Թատրոն բարեկամ մանկանց» երկշաբաթաթերթը, այլեւ գործօն դեր ունեցած է վերահրատարակելու Նուպար Շահնազարեան վարժարանի «Երկրագունդ» ամսագիրը (4): Լոյս տեսած են նաեւ այլ մանկական հրատարակութիւններ: Այս ուղղութեամբ դեր ունեցած է Արփիարեանը: Մեծագոյն երախտաւորը հաւանաբար է Նշան Պէրպէրեան,  որ հրատարակած է «Բուրաստան մանկանց» (1882-1888) եւ «Ծաղիկ մանկանց» (1889-1893):  Ինտրա (1875- 1921), որ այդ շրջանին մանուկ մըն էր, յուզումով կը խօսի այս մասին. «Եւ հիմա որ վաղուց դադրած է այն, հիմա մեր շուրջ կը տեսնենք  մանկութիւն մ’առանց «Բուրաստան մանկանց»-ի` ո՛վ դժբախտութիւն, հիմա որ Ն. Պէրպէրեան մեռած է, եւ ոչ ոք կ’երեւի իր բարերարի գործը  շարունակել սկսելու չափ արիասիրտ ու ակնածելի» (5):  Իրօք, ինչպէս «Արաքս», այնպէս եւ այլ պարբերականները եղած են կարճակեաց: Կարողացած են տոկալ առաւելագոյնս 2 տարի: Արեւելահայ հատուածին մէջ նման հրատարակութիւն էր «Հասկեր»-ը (1905-17, 1922). կողքի նկարին մէջ կը տեսնենք անոր առաջին թիւը, որ կը սկսի Գառնիկ Ախպերի ողբով… (6):

Բոլորին առաջադրութիւնը եղած է ազգային եւ բարոյախօսական: Այդտեղ ներկայ էին Մ. Նալբանդեանի եւ Ռ. Պատկանեանի բանաստեղծութիւնները: Այդտեղ ներկայացուած են նաեւ Ալֆոնս Տոտէի, Անտերսընի, Տիքընզի, Հոֆմանի առակները, ոտանաւորներն ու պատմուածքները: Յատուկ տեղ ունին Լաֆոնթենի եւ Լամարթինի առակները, որոնք կը քարոզեն լուսաւորութեան դարու եւ ապա ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարները:

Մանկական գրականութեան լեզուն ընդհանրապէս անփոյթ էր: Նկարազարդումները անորակ են եւ անհրապոյր: Խրատամոլ թատրերգութիւնները սեւ ու սպիտակ են: Բարին` ընդդէմ չարին: Նոյն նկարագիրը ունէին նաեւ դասագիրքերը եւ մատենաշարերը:

Բ.- Մանկավարժական միջնարար.- Մանկական թատրոնին հարկ է մօտենալ մանկավարժական- հոգեբանական տեսանկիւնէ: Առաջին հերթին հարկ է զանազանել մանկական թատրոնը` մանուկ հանդիսատեսի համար նախատեսուած չափահասներու պատրաստած թատրոնէն: Որքան ծանօթ եմ, մեր իրականութեան մէջ բացառապէս առկայ է երկրորդը: Երջանիկ պիտի ըլլամ, երբ ապացուցուի, որ կը սխալիմ:

Հարկ է նաեւ որոշել տարիքային բաժանումները: Դպրոցական մանուկները 6-12 տարեկան կ’ենթարկուին իմացական եւ զգացական հիմնական փոփոխութիւններու: Կարգ մը հոգեբաններ կը տեսնեն երեք` թերեւս ոչ տարանջատ ենթաբաժանում (7): Մեր մանկապատանեկան թատրոնին մէջ անձնապէս չեմ հանդիպած նման մտահոգութեան: Երջանիկ պիտի ըլլամ, երբ ապացուցուի, որ կը սխալիմ:

Կայ նաեւ այլ մտահոգութիւն մը: Մանուկները ունին տագնապալի հարցեր, ինչպէս` մինակութիւն, խտրականութիւն, դպրոցական կամ փողոցային մանկական հրոսակներու (gang) բռնութիւն, սեռային հարցեր, ամուսնալուծուած ծնողներ,… (8) Մեր մանկապատանեկան թատրոնին մէջ անձնապէս չեմ հանդիպած նման մտահոգութեան: Երջանիկ պիտի ըլլամ, երբ ապացուցուի, որ կը սխալիմ:

Վեց տարեկան մանուկը արդէն իսկ «դատարկ գրատախտակ» մը չէ (լատիներէնով` tabula rasa): Ան արդէն իսկ վստահաբար ծանօթ է հեռատեսիլին եւ այսօր հաւանաբար նաեւ` մոպայլին, հաւանաբար ծանօթ է օտար մանկական թատրոններու ելոյթներուն: Հարկ է, որ մեր մանկական ելոյթները ունենան բաղդատելի մակարդակ:

Արեւմուտքի մէջ առաջին մանկական թատրոն-հիմնարկը երեւան եկած է 1903-ին: Մասնագիտական գործը ուշացած է աւելի քան կէս դար: Ամերիկեան Դաստիարակչական թատրոնի ընկերակցութիւնը (American Educational Theatre Association (9), հիմնուած 1929-ին) միայն 1957-ին կը պատուիրէ կատարել ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը: Այս ուղղութեամբ դոկտորական աւարտաճառ մը գրուած է… 1987-ին (10), ընդամէնը երեսուն տարի առաջ: Եզրակացութիւնը այն է, որ պէտք չէ մանուկները բռնի արգելափակել սրահի մը մէջ եւ ապա ի վերայ նոցա քարոզել ընդունելի ընկերա-ազգայնա-բարոյական վարքի շուրջ: Այդ կը սնուցանէ հակակրանք եւ կեղծաւորութիւն: Երեխան կը սորվի ստել բռնակալներուն: Անհնազանդ մանուկներ կրնան կործանիլ: Փինոքիոյի այլաբանական հեքիաթը  ազդարարութիւն մըն է: Հարկ է, որ փայտեայ (հում) նորեկները վերածուին «իսկական տղոց»: Անհնազանդ մանուկները կ’ենթարկուին ահաւոր վտանգներու: Վարժարանի այլընտրանքն է թշուառ մոլորութիւնը: Կրօնը ի հարկէ ներկայ է պարիկի (երկինք) եւ աղուէսի (սատանայ) կերպարներով:

Նոյն մթնոլորտը կը տիրէ վարժարաններու մէջ: Ի զուր չէ, որ մանուկներ կ’ատեն դպրոցը: Անոնք ի հարկէ կը սիրեն սորվիլ, չեն սիրեր սակայն բռնի «սորվեցուիլ»(3): Նման դաստիարակութեան նպատակն է վերարտադրել համակարգը, ապահովել անոր յարատեւութիւնը: Պահպանողական է: Այդ ոչ թէ մանկական թատրոն է, այլ` մանուկները կաղապարելու միտող մեծահասակներու ծրագիր:

Մանկական թատրոն.-  Այստեղ կը գործեն ոչ թէ թատերագէտներ, այլ մանկավարժներ: Առաջադրանքը այլ է. զարգացնել մանուկի մտաւոր, ընկերային, զգացական,երաժշտական, գեղարուեստական եւ այլ` ֆիզիքական ունակութիւնները (11): Դերակատարները, թատերագիրները եւ նոյնիսկ բեմայարդարները մանուկներն են: Թատրերգութեան պատրաստութիւնը հաւաքակա՛ն աշխատանք է: Այս կը նշանակէ, որ մանկավարժի դերը  անհամեմատ աւելի դժուար է:

Հարկ է յարգել մանուկները եւ վստահիլ անոնց: Անոնք, որոնք բախտը ունեցած են Երեւանի մէջ թէ այլուր այցելելու մանկական պատկերասրահ, նկատած են, որ «պաստառ»-ները ունին գոյներու եւ ծաւալներու  անսովոր յարաբերակցութիւններ:

Հոգեբաններ կ’ըսեն, որ մանուկներ կը դժուարանան վերացական գաղափարներ ըմբռնելու (12): Եթէ մանուկներն են դերակատարները, ապա հարկ է, որ տիպարները ըլլան ըմբռնելի, առնչուած ըլլան մանուկներու առօրեայ փորձառութեան: Հարկ է, որ մանուկը կարենայ ներզգայնութիւն (empathy) ունենալ տիպարին հետ (14): Այս պայմանը կը բացառէ վիշապներն ու… մեծահասակները: Ներզգայնութեան զարգացումը կ’օգնէ, որպէսզի մանուկը իր յարաբերութիւններուն մէջ ունենայ այլասիրական (ոչ եսասիրական, artruist) վարմունք: Մանուկը կը ծանօթանայ նաեւ թատերական ըմբռնումներու. բեմական տարածութիւն, ժամանակի կշռոյթ, յաջորդականութիւն, տրամաբանական կապեր, կերպարներու դիրքորոշում, բեմական կեցուածք,  ճկունութիւն, պատրանք ստեղծել (13): Կը սորվի նաեւ հաւաքաբար աշխատիլ միացեալ ծրագրուած  նպատակակէտի մը ուղղութեամբ: Կը սորվի յանձնառութիւն, որ հարկ է համբերել, մինչեւ որ  աշխատանքը արդիւնաւորուի: Մանուկ կը կանգնի ինքնիրմէ գլուխ մը բարձր: Քիչ էր մնացեր, որ մոռնայի… կը ստանայ նաեւ մեծ հաճոյք (9,14):

Երաժշտութիւնը կրնայ օգնել` շեշտելով տեսարանի մը զգացական լիցքը: Կրնայ նաեւ «նախապատրաստել» անցումը մէկ տեսարանէն դէպի միւսը (15): Դաստիարակութեան մաս կը կազմէ նաեւ գծագրութիւնը: Մանուկներուն կը յանձնարարուի գծել ներկայացումէն տեսարան մը: Ատիկա կ’օգնէ դասաւորելու մտքերը (11):

Ինծի ծանօթ է նման մէկ փորձ` Համազգայինի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ կատարուած: Նախակրթարանի աւարտական դասարաններուն աշակերտներուն տրուած է ամիս մը ժամանակամիջոց` գրելու համար շարադրութիւններ եւ պատրաստելու գծանկարներ «Անբան Հուրին» ներկայացման շուրջ: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ ընտրուած 3 նմուշներէն մին: Ցաւօք ծնողներու միջամտութիւնը աւելի քան ակնյայտ է: Բոլորը կը շեշտեն աշխատասիրութեան կարեւորութիւնը: Մինչդեռ Թումանեանի հեքիաթը… (Տես you tube https://www.youtube.com/watch?v=moul6i_6d2o )

Վարքային գիծերը ի հարկէ կարելի է ընդգրկել որպէս բներգ: Կողքի «Սպունգ» (Sponge) էլոյթէն տեսարան մը, որ 2017 մարտ-ի առաջին օրերուն «A Big Imagination»-ի կողմէ ներկայացուած է Լոնտոնի Barbican Arts Centre-ի բեմին վրայ: Մանուկներէն մին կը փորձէ դասաւորել սենեակը, իսկ միւսը տարուած է խաղով եւ կը թափթփէ: Չկան շլապլա վհուկներ (սատանայ) եւ բարի ճիներ (հրեշտակ), չկայ խրատաբանութիւն: Կան մօտ հինգհարիւր սպունգի կտորներ, երաժշտութիւն եւ պար, իմա` քորէոկրաֆի (կաքաւագրութիւն, կաքաւել` կը նշանակէ պարել): Ելոյթը այս ամառ շրջագայեցաւ  ամբողջ Անգլիոյ տարածքին: Եզրակացութիւնը կը ձգեմ ընթերցողին: Մանկական թատրոնի մէջ առաջնահերթը ոչ թէ արտադրուած ներկայացումն է, այլ` անոր արտադրութեան գործընթացը:

Մանկական թատրոնով հետաքրքրուող մանկավարժներու համար այժմ կայ որոշ օտարալեզու գրականութիւն, կան դաստիարակին օժանդակ ուղեցոյց գրքեր: (9, 12, 16) Հարկ է, որ մեր վարժարանները քայլ պահեն:

(Շար. 1)

———————-

1.- Որակաւոր, բայց մեծաւ մասամբ թարգմանական կարճակեաց հրատարակութիւն մը
2.- Գրաքննուած տարբերակները ունին կարկտան աւարտներ: Որսորդը կը սպաննէ գայլը, վհուկը կը դատապարտուի դաժան մահապատժի եւ այլն:
3.- Kenneth L. Graham Values to Children from Good Theatre  1967
4.- «Արեւմտահայ մանկապատանեկան գրականութեան ուրուագիծ», Լուտվիկ Կարտապետեան 2008:
5.- Ինտրա, Նշան Պէրպէրեան եւ «Բուրաստան Մանկանց», www.digilib.am
6.- Արեւելահայ մանկապատանեկան թատրոնի մասին ուսումնասիրութիւններ կարելի է գտնել Թումանեանի անուան թանգարանի հրատարակած «Հասկեր» տարեգիրքի հատորներուն մէջ:
7.- From Children’s Perspectives: A Model of Aesthetic Processing in TheatreJEANNE KLEINThe Journal of Aesthetic EducationVolume 39, Number 4, 2005
8.- Evelyn Goldfinger, Taboo Themes in Theater for Children: Between Theory and Practice,  2012
9.- Nellie McCaslinHistory of Children’s Theatre in the United States Ph. D. Dissertation 1987
10.- “Children’s theatre and creative dramatics”B. Siks and H.B. Dunnington editors1967
11.- An International Journal of Arts and HumanitiesVol. 1 (1), February, 2012
12.-        The Young Audience : Exploring and Enhancing Children’s Experiences of TheatreReason, Matthew 2010
13.-        From Children’s Perspectives: A Model of Aesthetic Processing in TheatreJEANNE KLEINThe Journal of Aesthetic EducationVolume 39, Number 4, 2005
14.-        Sydney R. WalkerIt’s Not All Just Child’s Play: A Psychological Studyon the Potential Benefits of Theater Programming With ChildrenThe University of Maine2014Honors Thesis
15.-        Dorothy Kester Children as Theatre Producers   1961
16.-        Lindsay Price 2016  A Picture Tells a Thousand Words: Cross-Curricular Drama Classroom Project

Նախորդը

Սլաքներ. Նոպէլեան Նոր Մրցանակի Ծրագիր…

Յաջորդը

Բաց Նամակ

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առաքինի Գողը

October 16, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Պապին Առկախ Գդակը

September 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.