ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Բազմոցաթրոն.- Բազմոցին անկիւնը հանգչած, համակարգիչը ծունկիս վրայ, կը դիտեմ «Թէաթրոն թատրոն»-ի «Կարմիր մոմ»-ը: Պատուհանէն ներս կու գան տաքը, ժեներաթորներու խուլ աղմուկը եւ … դրացի խոհանոցէն տարածուող գոլորշին: Քիւին վրայ պտտող կուկուսին բողոք մը ունի: Վիտէոն կ՛ընդհատեմ առնուազն չորս անգամ: Կացութիւնը (հետեւաբար եւ` ընկալումը) ոչ մէկ նմանութիւն ունի այն օրերուն, երբ կատուն ճոն էր, եւ ես «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վերնայարկէն կը դիտէի քրտնաթոր դերասաններ: Կար ժամանակ, երբ միջնարարի ընթացքին խճողուած անցքերը կը կենդանային աշխուժ խօսակցութեամբ, եւ ես կ՛ենթարկուէի … դաշոյն նայուածքներու: Հոգ չէ, զբաղմունքի վտանգ (occupational hazard), ինչպէս կ՛ըսեն:
Իսկ այժմ Եութիւպն է, որ տեղ մը կ՛իմացնէ, թէ քանի՛ դիտում արձանագրուած է: Արդեօք ովքե՞ր են: Մօտ տարի մը առաջ համավարակի ենթակայ թատրոնին անդրադարձած էի` առանց մորթիս վրայ զգալու (1): Իսկ այժմ…
Նախ հարկ է շեշտել, որ անկախ ներկայ ելոյթի գոյ կամ չգոյ բարեմասնութիւններէն` շատ ուրախալի է, որ ամէն առումով արիւնաքամ եղող գաղութի մը մէջ կարելի եղած է ութ դերակատար, առաւել նոյն թիւով արհեստավարժ թեքնիք կազմ մը պահանջող գործ մը իրականացնել: Այս իրագործումը կը պարտինք նոյնինքն հեղինակին` Կարէն Տարագճեանին, որ ՆՔ (նախքան «Քորոնա»), շնորհիւ իր կամքին, եռանդին եւ բանիմացութեան, բեմ հանած էր «Կոմիտաս»-ի նման մեծ տարողութեամբ գործ մը, որուն լայնօրէն անդրադարձած եմ: (Տե՛ս «Ազդակ»-ի 15, 16, 17 եւ 18 յունուար 2020-ի թիւերը): Կը շնորհաւորեմ բոլորը:
Առաջադրանքը.- Հեղինակին եւ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանին «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ներկայացուցած յայտը կ՛ըսէ (2). «Այսօր արհեստներն ու արհեստաւորները անհետացումի եզրին են եւ իրենց հետ կը տանին գաղտնիքներ, որոնք հիմքը հանդիսացած են հայերու գաղթական սերունդներու բարօրութեան»: Թէ` ներկայացումը այդ խաւի քուլիսային կեանքը մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ կենդանի պահելու ձեւերէն մէկն է: Բարի՛, բայց ինչո՞ւ ոսկերիչ, հայեր առաջատար եղած են բազմաթիւ արհեստներու մէջ: Խոր հմտութիւն եւ շնորհ պահանջող արհեստներ, որոնք իմ տամուկ աչքերու առաջ վերացած են (4): Հեղինակն ու բեմադրիչը չեն ընտրած անոնցմէ մէկը, որովհետեւ այդտեղ բացակայ է արագ հարստանալու գայթակղութիւնը: Շատ աւելի ցաւոտ կերպով ներկայ է, ի հարկէ, դանդաղ մահացող աւանդներու հաւաքական ողբերգութիւնը:
Դիպաշարը.- Թատրը Պուրճ Համուտն է: Անուանի ոսկերիչ էլի Ուստա-քեար-եանի (պարսկերէնէ թրքերէնի անցած վարպետ-արհեստի) արհեստանոցին մէջ կ՛աշխատին տարեց եւ փորձառու արհեստաւոր Կարոն, աշխատասէր, բայց սահմանափակ կարողութեան տէր Սարոն: Թոնի` վաճառորդը, գայթակղութեան ամէնէն հակամէտ անձը, ակնբախօրէն ժխտական կերպար մըն է: Բեմադրիչը համատեղած է աշխատանոցը, վարպետին գրասենեակը եւ վաճառքի խանութը: Այդ ոչ միայն իրապաշտ չէ, այլ նաեւ անյարիր` նկարահանուած (ոչ կենդանի) խաղարկութեան ոճին եւ տրամաբանութեան (3): Ոչ բարի:
Թատերակը խիտ է, տագնապի ցուցանիշները կը սկսին կանուխ: Թոնի կը տեղեկացնէ, որ Էլիին նախկին գործընկեր Արիսը բանտարկուած է: Բեմ կը մտնէ աշխատանք փնտռող փախստական սուրիացի Սօսին, որ կարճ ժամանակ ետք պիտի նկատէ, թէ անբնական բաներ կը պատահին: Լուռ ականատես մը պիտի չըլլայ, այլ որպէս ներազդող (catalyst)` պիտի արագացնէ անկումի գործընթացը: Կարօ կը տեղեկացնէ, որ ձուլագործը սկսած է կասկածիլ իրենց ոսկիի քարաթի ճշգրտութեան, թէ` Պուրճ Համուտի մէջ վարպետ ձուլագործներ չեն մնացած: Էլի իր աշխատաւորներուն անճարակութեան պատճառով կը կորսնցնէ շահաբեր վաճառք մը: Կը հասնի յաջորդ հարուածը: Բեմ կը մտնէ Խաժակը, որ իր գործակիցը եղած է եւ այժմ կը դատուի: Խաժակ կը գուժէ, որ իրեն հետ բոլորը պիտի իյնան, եւ որ` կարգը հիմա Էլիինն է: Երբեմնի իշխանին արժանապատուութիւնը չի ներեր, որ հասարակ աշխատաւոր մը դառնայ: Ի հարկէ չ՛ուզեր նաեւ բանտարկուիլ: Բոլոր աշխատաւորները կ՛արձակէ եւ կը մնայ առանձին: Աւարտական տեսարանը, ուր Էլի կ՛արտասանէ հաշուեյարդարի երկար մենախօսութիւն մը, թերեւս կը կատարուի Էլիի երեւակայութեան մէջ:
Էլի թերեւս կը յուսայ, որ արդարադատութիւնը, ներկայացած` ոստիկանի կերպարով, կը հասկնայ իր կացութիւնը եւ զինք կը նկատէ ոչ թէ յանցագործ, այլ` զոհ: Ոստիկանը Էլիին «alter ego»-ն է, այլ եսը, կը կրկնէ այն նախադասութիւնը, զոր Էլի արտասանած էր երկու անգամ: «Դեռ ուշ չէ», կ՛ըսէ Էլի… ներողութիւն, ոստիկանը: Սին յոյսեր: Հարկ էր, որ այդտեղ Էլի ատրճանակը դնէր քունքին, բայց այդպէս չի պատահիր: Մահը կու գայ ձեւով պայթումի մը, որ կրնար այլ համաթեքսթի մէջ խորհրդանշական ըլլալ: Բայց այստեղ պայթիւնը այն ալիքը չէ, որ կը մաքրէ ծովը: Պայթիւնը աղէտ մըն է, որ կը հարուածէ բոլորը:
Թատերային.- «Կարմիր մոմը» լարուած է առաջին իսկ պահէն: Այդ լարուածութիւնը եւ աղէտի նախազգացումը փոքր ելեւէջներով անընդհատ կ՛աճին: Բարի՛: Թեթեւ մեղմացումի պահերը կու գան հիւմըրի տեսարաններուն մէջ, որոնք, ցաւօք, ելոյթի ամէնէն թոյլ եւ ոչ տպաւորիչ տեսարաններն են: Ոչ բարի: Բարձրակէտը վերջին տեսարանն է, ուր պայթիւնը կը կործանէ Էլին եւ անոր աշխարհը:
Թատերակը նման է արեգակնային դրութեան: Կը տեսնենք կեդրոնական մեծ մարմին մը եւ անոր շուրջ դարձող 7-8 արբանեակներ: Մինչեւ վերջին տեսարան չենք լսեր լիարժէք երկխօսութիւն: Դէպի կեդրոն կու գան զեկուցումներ, եւ կեդրոնէն դէպի արբանեակներ կ՛արձակուին հրահանգներ: Արբանեակները, ներողութիւն, երկրորդական կերպարները, ունին իրենց տեղական գոյն բերող պատմութիւնները: Այդ` բարի՛: Ի դէպ, տեղական գոյն կը բերեն այլ տարրեր, ինչպէս` Սարոյին տրուած ցուցմունքները, որպէսզի կարենայ գտնել մօտակայ ժամագործի աշխատանոցը, եւ կամ` դրացի փոքրիկ խաբեբայ շաուրմա ծախողին նկարագրութիւնը: Բարի՛:
Տարեց, կիսով խուլ Կարոն այս կամ այն պատճառով համակերպած է փտած կացութեան: Իր լռութեամբ մեղսակից է խաբէութեան: Խլութիւնը խորհրդանշական է: Կարօ նորեկ Սօսիին խորհուրդ կու տայ «ականջի ետեւ նետել» այն, ինչ որ կը լսէ արհեստանոցին մէջ: Թոնի ապիկար, անշնորհ կերպար մըն է, որ նախանձով լեցուած է Էլիին հանդէպ: Որբ Էլի մեծցած է իրենց տան մէջ եւ գողցած` իր մօր համակրանքը: Էլի թերեւս զինք կը պահէ որպէս երախտագիտութիւն: Թոնի կը փորձէ կեղծ անգլիական ոսկի վաճառել: Այդ կրնայ արագացնել էլիին անկումը, Թոնի թերեւս նոյնիսկ կը ցանկայ այդ: Բարի՛: Սագօ պարզամիտ կերպար մըն է, թերեւս այդ պատճառով ալ իր մօտեցումը դրական է կեանքին եւ իր շրջապատի անձերուն հանդէպ: «Սուրճը առանձին չեմ խմեր», կ՛ըսէ: Բարի՛: Այսքանը բաւական էր, կակազումը խցկուած է ծիծաղ կորզելու համար: Ոչ բարի: Ամենաթոյլ կերպարը Սօսին է:
Հեղինակը փորձած է ձեւով մը ներառել սուրիահայերը հարուածած դաժան աղէտը, ինչպէս եւ` քաջ կեցուածք ու բարոյախօսութիւն: Կերպարի թուլութեան կը բարդուի գրքունակ կիսագրագէտ բարբառը: Ոչ բարի (5): Սարօ ոչ ճարպիկ երիտասարդ մըն է: Լաւ կ՛աշխատի, բայց սիրտը այլ տեղ է: Ծնողքը զինք «արհեստի դրած է», որովհետեւ ուսման մէջ փայլուն չէր: Բարի՛: Պրն. Յակոբ ինքնագոհ եւ յղփացած յաճախորդ մըն է: Բարի՛: Այսուհանդերձ, ինք եւս խցկուած կերպար մըն է: Հեղինակը փորձած է ներառել արտագաղթը եւ Հայաստանի մէջ աւերներ գործող «պիզնես»-ի մտայնութիւնը, որ պատրաստ է ամէն ինչ վաճառելու: Կարիք չկար մէկ արարանոց թատերակը այսքան խճողելու: Պրն. Յակոբ կը ծառայէ նաեւ ներմուծելու քիչ մը ձախաւեր խեղկատակութիւն: Ոչ բարի: Ի դէպ, հիւմըրը գործին ամէնէն թոյլ երեսն է: Ձախաւեր շարժումներ, կոտրած ակնոց, կակազել, Կարօ-Մարօ եւ այլն: Միակ իսկական սրամտութիւնը սեւ հիւմըր մըն էր, հաւանաբար առնուած` տեղական կատակներու շտեմարանէն (6):
Կեդրոնական մեծ մարմինը` Էլի, կը մարմնաւորէ նոյնինքն հեղինակը: Կարելի չէ բացառել այն դրոյթը, թէ հեղինակը թատերակը ձեւած է ինքնիրեն համար: Անկասկած որ յստակ առաւելութիւն է, երբ հեղինակը դերասան մըն է: Մեծանուն թատերագիրներէն ոմանք դերասաններ եղած են, բայց առհասարակ չեն ստանձնած կեդրոնական դերեր:
Էլի Ուստա-քեարեան (վարպետ-արհեստի) կը պատկանի նոր սփիւռքի երրորդ սերունդին: Կազմաւորուած է տան եւ արհեստանոցին մէջ իր հօրեղբօր, որ կը պատկանի երկրորդ սերունդին: Թատերակը ոչ մէկ ձեւով կ՛ակնարկէ տարագրուած առաջին սերունդին: Հօրեղբօր արհեստանոցը եղած է դպրոց մը, ուրկէ վկայուած են բազմաթիւ արհեստաւորներ: Այդ արհեստներու աւանդի շարունակութիւնն է, որ ժառանգած է Էլի: Էլի ժառանգած է նաեւ «հին գլուխ» մտայնութիւնը, կը մերժէ գործածել ժամանակակից արհեստագիտութիւնը (Matrix): Էլի ժառանգ չունի: Թատերակը ի սկզբանէ զինք կը պատկերէ որպէս «վերջին մոհիկան»:
Լեզուական.- Թատերակի լեզուն լուրջ վերատեսութեան կը կարօտի: Պուրճ Համուտի թրքերէնով խառն (օրինակ` ալլահընը սեվիիմ) եւ թրքերէն շարահիւսութիւնը չե՛ն հարցը, ընդհակառակն, այդ երկուքը միջավայրի գոյնը կը բերեն: Հարցը կը սկսի, երբ կ՛անցնինք «մաքուր հայերէնի»: Ինչպէս նշեցի, Սօսիին բարբառը գրքունակ է: Աւելի լուրջ հարց են Էլիին համեմատաբար երկար մենախօսութիւնները: Կարելի չէ, որ նո՛յն կերպարը թրքաբարբառ ըսէ «Ետ ետեւ կ՛երթանք» կամ «Մա՛յրը … թաղեմ» եւ քիչ ետք արտաբերէ բանաստեղծանման պատկեր մը. «Ալիքը ծովու աղբերը դուրս կը նետէ, իսկ քարերը կը մնան ծովուն մէջ»: Իւրաքանչիւր կերպար պիտի ունենար իր բարբառը: Որոշ բառեր գրագէտ չեն գործածուած: «Ղեկավարը» որոշ խմբաւորումի մը աշխատանքը կը կազմակերպէ, անոր պաշտպանը չէ: Չեմ ուզեր աւելի ծանրանալ: Ինչպէս նախապէս բազմիցս նշած եմ, լեզուական հարցը սփիւռքահայ թատրոնի մնայուն ցաւերէն մէկն է: Ոչ բարի:
Կատարողական.-
Ա. Բեմայարդարում, երաժշտութիւն, լուսաւորում եւ պատուհաններ.- Բեմը կազմակերպուած էր որպէս եռանկիւն կամ բուրգ, որուն գագաթին կը գտնուի վարպետ Էլին: Այդ գեղեցիկ եւ յարիր պիտի ըլլար, եթէ ելոյթը տեղի ունենար սրահին մէջ գտնուող հանդիսատեսին համար: Սակայն ինչպէս ես, այնպէս ալ ուրիշներ «Կարմիր մոմը» դիտեցին` նստած իրենց տան մէկ անկիւնը: Իտէալ պայմաններու տակ հարկ էր նկարահանել սթիւտիոյի մը մէջ, ուր իւրաքանչիւր դրուագ ունենար յարիր խորապատկեր: Էլիին հօր ոչ շատ մեծ լուսանկարը կը տեսնենք կողմնակի ոչ շատ բարձր դարակի մը վրայ: Հայրը չէր կարողացած հարստանալ:
Բեմի ճակտին, հօր լուսանկարի փոխարէն, կը տեսնենք «6:08» ցոյց տուող ժամացոյց մը եւ պարբերաբար կը լսենք անոր չարագոյժ զարկերակը: Այդ յարիր պիտի ըլլար, եթէ ոսկերչութեան անկումը առնչուած ըլլար նաւահանգիստի պայթումին: Թատերակի առաջադրանքին ամէնէն յարիր բաղադրիչը երաժշտութիւնն էր: Այդ ընդհանրապէս որակաւոր եղած է բեմադրիչին այլ ելոյթներուն մէջ: Բարի՛: Լուսաւորումը ծրագրուած էր ամբողջ բեմի տարածքին յստակ նկարահանում կատարելու համար: Այդ նպատակայարմար է, երբ բեմին վրայ կը կատարուի թեթեւ կատակերգութիւն: Ընդունելի չէ սակայն, որ շապիկ պատռելու խեղկատակութիւնը եւ վերջին դրուագը, ուր տեղի կ՛ունենայ Էլիին հաշուեյարդարը, նկարուին նոյն լուսաւորումով: Երկրորդի պարագային կարելի եւ նոյնիսկ հարկ էր կատարել մութ ու լոյսի, ստուերներու խաղեր: Ոչ բարի: Կը տեսնենք ֆրանսերէն օրաթերթ (Պուրճ Համուտի մէջ ֆրանսերէ՞ն), բայց ոչինչ կը լսենք պարունակութեան մասին: Արհեստանոցին, վաճառման սրահին եւ նոյնիսկ Էլիին գրասենեակին մէջ չկայ հեռատեսիլ կամ նոյնիսկ ձայնասփիւռ: Ոչ բարի: Թերեւս արհեստանոցներու մէջ այս կամ այն պատճառով անոնք իսկապէս չկան, բայց իրապաշտ չի նշանակեր իրականանման: Այդ պարզամիտ «բնականապաշտ»-ն է: Այդ երեքը պատուհաններ են, որոնք ցոյց պիտի տային, թէ ի՛նչ կը պատահի բեմէն դուրս, թատերակը պիտի դնէին համաթեքսթի մէջ:
Բ. Խաղարկութիւն.-
Ակնյայտ է, որ Կ. Տարագճեան այս անգամ եւս երկար ուսումնասիրած էր իր դերը: Արդիւնքը աւելի քան տպաւորիչ է: Շա՛տ բարի: Ունիմ երկու նկատողութիւն: Կը թուի, թէ Տարագճեան մտած էր կերպարին մէջ, դարձած էր «Էլի»: Իմ համոզումովս, հարկ է, որ դերակատարը որոշ հեռաւորութիւն մը պահէ եւ խաղայ աւելի ուղեղով, քան` սրտով: Կարելի է համաձայնիլ կամ ոչ: Այս նիւթին լայն անդրադարձած եմ (7): Երկրորդ նկատողութիւնը այն է, որ կարիք չկար կողմնակի շարժումներու, ինչպէս` ծխել, աջ ու ձախ քալել, մետաղադրամով կամ համրիչով խաղալ:
Երկրորդական կերպարներու խաղարկութիւնը աւելի քան գոհացուցիչ էր: Շա՛տ բարի: Հարկ է շնորհաւորել մանաւանդ Ս. Եափուճեանն ու Յ. Հելվաճեանը, որոնք նկարահանումի եկած են` առանց դերը պատրաստելու համար բաւարար ժամանակ ունենալու: Շա՛տ բարի: Միւս կողմէ` կարգ մը այլ փորձառու դերակատարներու խաղարկութեան մէջ կարելի էր նկատել տարրեր, որոնք ժամանակի ընթացքին ամրագրուած են, դարձած` պատրաստի ապրանք, «փրեթ ա փորթէ»: Ոչ բարի: Հելվաճեանի խաղարկութեան ընդմէջէն կը ճառագայթէր թատրոնի սէրը` ջերմացնելով հանդիսատեսի (իմ) սիրտը: Շա՛տ բարի: Ոստիկանի հանգիստ (relaxed) խաղարկութիւնը յարիր չէր բնաբանի իմ մեկնաբանութեան:
Հուսկ բանք
Հեղինակն ու բեմադրիչը յաջողած են ներկայացնել ողբերգական ցնցող պատկեր մը: Թատերական առումով` շա՛տ բարի: Յաջողած են: ՍԱԿԱՅՆ (ինչպէս Վ. Պէրպէրեան պիտի ըսէր) կան առնուազն երկու նկատառումներ:
Թատերակին մէջ յիշուած բոլոր անկումները եւ ձախորդութիւնները հետեւանք են հիւանդութեան, մոլութեան եւ կամ դիպուածներու: Այլ խօսքով, պատմական տրամաբանութեան հետեւանք չեն: Ի տարբերութիւն «Կարմիր մոմ»-ին, «Փրկել վագրը» (Save the Tiger, 1973) ժապաւէնը, որ, ի դէպ, ունի որոշ թատերական բնոյթ, ցոյց կու տայ փոքր գործատիրոջ մը նիւթական եւ բարոյական անկումը` որպէս հետեւանք դրամատիրական յարաբերութիւններու, ոչ` ագահութեան կամ փառամոլութեան, ինչպէս է Էլիին պարագան: Փոքր գործատէրերը, ինչպէս վագրը, կը պատկանին վտանգուած սեռի մը: Հեղինակի եւ առաւել եւս բեմադրիչի արեւելումը, սակայն, ա՛յլ է: Անոնք կը նախընտրեն խօսիլ հոգեկան եւ բարոյական խաթարումներու մասին: Այդ պատկերը ի՞նչ կրնայ թելադրել հանդիսատեսին` բացի յոռետեսութենէ, որ կը յանգի պայքարի ոգիի թուլացումին ու մեկուսացման, որ ի նպաստ է միայն իշխող վայրագ դասին: Ոչ բարի:
Վերադառնանք հովանաւորի ներկայացուած յայտ-առաջադրութեան: Մի՞թէ այս պատկերն է, որ կ՛ուզենք կենդանի պահել մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ: Վստահաբար` ո՛չ: Բեմին վրայ ինկած բերդի փառամոլ իշխանի մը ողբերգութիւնը ցուցադրելու սիրոյն լուսանցքայնացուած եւ անշքացուած է հայ արհեստաւորի լուսաւոր դէմքը: Այդ խոր ցաւ կը պատճառէ: Որպէս անձ մը, որ նստած եւ աշխատած է իր չափազանց պարկեշտ մեծ հօր մաշած բազմոցին վրայ, ետին` հնատիպ մամլիչի մը, որ բերուած էր երկրէն, որպէս մեռնող գեղեցիկ արհեստի մը վարպետ մարդու զաւակ, կը մերժեմ, որ վարագոյրը փակուի այս տեսարանով:
Պէտք է յուսալ, որ ներկայացուած յայտի առաջադրանքը կ՛իրագործուի ա՛յլ կերպ (8):
——————–
(1).- «Թատրոնի այլափոխումը համավարակի ընթացքին», «Ազդակ», 9 սեպտ. 2021:
(2).- Իմ եւ, կ՛ենթադրեմ համայն թատերասէրներու կողմէ` շնորհակալութիւն ելոյթի բոլոր հովանաւորներուն:
(3).- Ծնած եւ մեծցած եմ հայ արհեստաւորներու թաղի մը մէջ: Համատեղել կարելի է երբեմն արծաթագործներու պարագային, ուր մետաղի փշրանքները, ի տարբերութիւն ոսկիի, այնքան ալ թանկարժէք չեն:
(4).- Անոնցմէ մէկը փորագրիչ հայրս էր: Այժմ փոխարինուած է լէյզըր «գրիչ»-ով:
(5).- Լեզուի հարցը սփիւռքահայ թատրոնի մնայուն ցաւերէն մէկն է: Մեր բեմադրիչներ ընդհանրապէս կ՛անտեսեն այդ:
(6).- «Ա.- անցեալ տարի ուղեղի ճալթա Աստուած երեսին նայեցաւ, ազատեցաւ: Բ.- Է յետո՞յ: Հինգ ամիս առաջ նորէն ճալթա եղաւ, մեռաւ»:
(7).- «Կատարողական քառուղիներ», «Ազդակ», 30 յուլիս, 31 յուլիս եւ 1 օգոստոս 2018:
(8).- Արհեստաւորներ կ՛աշխատէին ծալապատիկ: Հայրս եւ իր մեծ հայրը եղած են վարպետ փորագրիչներ:
