Newsletter

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Վերջին օրերին Հայաստանում նոր թափ են ստացել իրաւապահ մարմինների ապօրինութիւնները: Արժանապատիւ քաղաքացիների բողոքի ձայնը փորձ է արւում լռեցնել` ոստիկանական բիրտ ուժի կիրառմամբ, ձերբակալութիւններով եւ շինծու քրէական գործեր յարուցելով: Ակնյայտ է, որ իրաւապահ մարմինների այս գործելակերպը ուղղակիօրէն թելադրուած է օրուայ իշխանութիւնների կողմից: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը բացայայտ կերպով փորձում է ապօրինի հրահանգներով ուղղորդել դատախազութեանն ու քննչական մարմիններին` թիրախաւորելով քաղաքական հակառակորդներին:...

«Ամերիկեան Վարչակազմին Ազրպէյճանին Զէնք  Մատակարարելու Արգելքի Կասեցման Որոշումը  Կը Հակասէ Պայտընի Յստակ Դիրքորոշումին»  Կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը

«Ամերիկեան Վարչակազմին Ազրպէյճանին Զէնք Մատակարարելու Արգելքի Կասեցման Որոշումը Կը Հակասէ Պայտընի Յստակ Դիրքորոշումին» Կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը երկարաձգած է «Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրի» 907-րդ ուղղումին կասեցումը, որուն պատճառով կ՛արտօնուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին ուղիղ օգնութիւնը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը այդ առնչութեամբ կը նշէ, երկրի նախագահ Ճօ Պայտընը, «որ իր նախորդին` նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ կ՛ուղղէր Ազրպէյճանի նկատմամբ կիրարկելու «Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրը», որոշած է հրաժարիլ Քոնկրեսի այդ պատժամիջոցներէն` իր վարչակազմին արտօնելով օգնել...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ  Արցախի Գործող Եւ Պաշտօնաթող Նախագահներուն Հետ.  Արցախի Ժողովուրդին Վճռականութիւնը  Վերականգնելու Միտող Քննարկումներ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ Արցախի Գործող Եւ Պաշտօնաթող Նախագահներուն Հետ. Արցախի Ժողովուրդին Վճռականութիւնը Վերականգնելու Միտող Քննարկումներ

Հինգշաբթի, 29 ապրիլին եռօրեայ այցելութեամբ Արցախ այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: 30 ապրիլին ՀՅԴ Բիւրոյին նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի գործող եւ պաշտօնաթող նախագահներուն հետ: Տեսակցութիւններ տեղի ունեցան նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին, Արցախի արտաքին գործոց նախարարին, ՀՅԴ-ի անդամներուն եւ երիտասարդներուն հետ: «Ապառաժ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը տեղեկացուց,...

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան.  «Վերանորոգութեան Պատրուակով Ազրպէյճան  Կ’աղաւաղէ Շուշիի Ղազանչեցոց Եկեղեցին»

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան. «Վերանորոգութեան Պատրուակով Ազրպէյճան Կ’աղաւաղէ Շուշիի Ղազանչեցոց Եկեղեցին»

Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցւոյ մէջ «Վերանորոգութեան աշխատանքներ»-ու անուան տակ Ազրպէյճան կ’աղաւաղէ հայկական հոգեւոր մշակութային արժէքներէն մէկը` նպատակ ունենալով ոչնչացնել հայկական ներկայութիւնն ու հետքը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան` անդրադառնալով ազրպէյճանցիներուն կողմէ եկեղեցւոյ մէջ տարուող «շինարարական աշխատանքներուն»: «Ազրպէյճանը չի կրնար վերականգնել ժողովուրդի մը մշակութային արժէքը, որուն նկատմամբ տարիներ շարունակ պետական մակարդակով...

Հայաստանի Ազգային Ժողովը  Վարչապետ Չընտրեց.  Յաջորդ Նիստը` 10 Մայիսին

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վարչապետ Չընտրեց. Յաջորդ Նիստը` 10 Մայիսին

Երէկ` երկուշաբթի, 3 մայիսին, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Նիկոլ Փաշինեան չընտրուեցաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին: Քուէարկութիւնը ստացաւ 1 թեր, 3 դէմ եւ 75 ձեռնպահ ձայն: Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրուեցաւ խորհրդարանի «Իմ քայլը» խմբակցութեան կողմէ, որուն անդամներէն Ալեն Սիմոնեան յայտարարեց, որ իրենք ձեռնպահ պիտի քուէարկեն: Ազգային ժողովի յատուկ նիստին Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութիւնը չմասնակցեցաւ: Խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեան...

Լիբանան Կը Շարունակէ Գոյատեւել  Կատարեալ Անորոշութեան Մէջ

Լիբանան Կը Շարունակէ Գոյատեւել Կատարեալ Անորոշութեան Մէջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց յատկացումներու քարտը որդեգրելու հոլովոյթը` դէմ դնելու համար տնտեսական տագնապին: Տիապ Պաապտայէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու, սակայն ան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 750 հազար լիբանանցի ընտանիքներու տրամադրուելիք յատկացումներու քարտին ծախսը շուրջ մէկ միլիառ տոլար է: Ան նշեց, որ յատկացումներու քարտը ընտանիքներուն պիտի...

Քանայի Սպանդին 25-Ամեակին Առիթով «Չենք Մոռնար Եւ Չենք Լռեր»

Տիապ. «Կը Մերժեմ Նպաստի Կասեցումը Կամ Հասցէագրումը` Նախքան Յատկացումներու Քարտի Որդեգրումը»

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ տասնեակ տարիներու կուտակումներուն պատճառով երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային կացութիւնը սկիզբէն ի վեր վատ եղած է, «սակայն չէինք նախատեսած, որ 6 ամսուան ընթացքին իրերայաջորդ հսկայական տագնապներ կրնան արձանագրուիլ», ըսաւ ան: Տիապ յայտնեց, որ իրենք չեն մերժեր հրաժարեալ կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարել, սակայն սահմանադրութեան 64-րդ յօդուածին հիման վրայ կը կեդրոնանան միայն...

Ֆահմի Այցելեց Երկրին  Սահմանային Շրջանները`  Հիւսիսային Լիբանանէն Մինչեւ Պեքաա

Ֆահմի Այցելեց Երկրին Սահմանային Շրջանները` Հիւսիսային Լիբանանէն Մինչեւ Պեքաա

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի լիբանանեան բանակին պատկանող ուղղաթիռով մը այցելեց երկրին սահմանային շրջանները` հիւսիսային Լիբանանէն մինչեւ Պեքաա, ստուգելով անցքերն ու այն կէտերը, ուրկէ մաքսանենգում կը կատարուի: Ֆահմի իր այցելութիւններուն ընթացքին մանրամասն բացատրութիւններ լսեց բանակի սահմանապահ ուժերէն` Լիբանան-Սուրիա օրինական եւ ապօրինի սահմանային անցքերուն մասին: Ֆահմի ընդգծեց շրջանին ապահովութիւնը պահպանելու իմաստով լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` մաղթելով, որ բանակի...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ժալըխի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ստորագրուած  Փոխըմբռնումի Յուշագիրը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ժալըխի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ստորագրուած Փոխըմբռնումի Յուշագիրը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին հետ ընդունեց Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխը, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր եւ թղթածրարներ` ընդգծելով նախարարութեան եւ կոմիտէին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Ժալըխ նախարարի պաշտօնակատարին հետ քննարկեց մարզական շարք մը հարցեր: Քննարկուեցան նաեւ Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի յուշագիրը, որ կը...

Պասիլ. «Առաւելագոյնը Չորեքշաբթի Օր  Կ՛ակնկալուի Հարիրիի Վերադարձը Պէյրութ»

Պասիլ. «Ռուսիա Շրջանին Եւ Լիբանանի Մէջ Դերակատարութիւն Ունի, Սակայն Ան Ներքին Հարցերուն Միջամուխ Չի Դառնար»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շրջանին եւ Լիբանանի մէջ Ռուսիա ունի իր դերակատարութիւնը, սակայն ան Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ չի դառնար, «ընդհակառակն` կը փափաքի, որ երկրին մէջ բարեկարգումներ գործադրուին», ըսաւ ան: Պասիլ նշեց, որ Մոսկուայի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Լիբանանի իւրայատկութեան եւ ընդգծուած Լիբանանի մէջ քրիստոնեաները պահպանելու կարեւորութիւնը`...

«Ֆրանսան Բոլոր Ջանքերը Պիտի Ներդրէ`  Ղարաբաղեան Տագնապի Քաղաքական Լուծման Համար»  Կ՛ըսէ Լը Տըրիան

Լը Տըրիան Վաղը Պիտի Այցելէ Լիբանան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան վաղը` չորեքշաբթի, 5 մայիս 2021-ին, միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի հասնի Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի քաղաքական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին Լը Տըրիան պիտի ներկայացնէ լիբանանցի քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններու դէմ Փարիզի հաստատած պատժամիջոցները, որոնց լոյսին տակ տուեալ անձնաւորութիւններուն Ֆրանսա մուտքը պիտի արգիլուի` նկատի ունենալով փտածութեան համակարգին անոնց մեղսակցութիւնը:...

Խմբագրական.  Աշխատաւորներու Օրուան  Քաղաքական Հոլովոյթը  (Մայիս 1-ի Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Աշխատաւորներու Օրուան Քաղաքական Հոլովոյթը (Մայիս 1-ի Տօնին Առիթով)

Ժամանակի ընթացքին տօներ խորհրդանշող թուականները կ՛իմաստափոխուին, լաւագոյն պարագային` խորհուրդը պահելով կ՛այժմէականացուին. բազմաթիւ տօներ կը պարպուին իրենց նշանակութենէն, կ՛այլափոխուին կամ ընդհանրապէս կը դադրին նոյնիսկ նշուելէ: Մայիս 1-ը, իբրեւ աշխատաւորական տօն, ապրած է հոլովոյթ այս առումով: Աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օր, աշխատաւորական տարբեր սենտիքաներու կողմէ փառատօնային նշում, գաղափարականէն ուղղակի անցում քաղաքականի, համայնավարութեան նոյնացումէն դրամատիրութեան պայքարի կարգախօսներու հրապարակում եւ Պաղ պատերազմի օրերուն խորհրդային քաղաքական...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Որքան Ուժերը Մէկտեղուին,  Այնքան Մեր Նպատակին Աւելի Դիւրին Կը Հասնինք»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Որքան Ուժերը Մէկտեղուին, Այնքան Մեր Նպատակին Աւելի Դիւրին Կը Հասնինք»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ներողութիւն կը խնդրէ քաղաքացիներէն Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան այս ընթացքին հեռացնել չյաջողելու համար: Այս մասին ան նշեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «Ֆէյսպուքեան ասուլիսի» ժամանակ: Միաժամանակ Սաղաթէլեան կ՛անդրադառնայ ՀՅԴ-ի անդամները քննչական մարմիններ հրաւիրելուն` ըսելով, որ իրենք գիտեն, թէ ինչի համար կը պայքարին եւ պիտի շարունակեն իրենց պայքարը: Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ ասուլիսէն. «Բոլորը Պատասխան Պիտի Տան»...

ՀՅԴ-ի Կազմակերպութեամբ  Բողոքի Ցոյց` Ընդհանուր  Դատախազութեան Շէնքին Դիմաց

ՀՅԴ-ի Կազմակերպութեամբ Բողոքի Ցոյց` Ընդհանուր Դատախազութեան Շէնքին Դիմաց

Երէկ` հինգշաբթի, 29 ապրիլին, Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ  բողոքի ցոյց: Նկատի առնելով իրաւապահ մարմիններուն կողմէ վերջին ժամանակաշրջանին ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներու դէմ Երեւանի ու մարզերուն մէջ իրականացուող քաղաքական հետապնդումները` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իր նախանցեալ օրուան (28 ապրիլ 2021) յայտարարութեամբ դիմած էր իրաւապահ մարմիններուն եւ պահանջած մնալ բացառապէս օրէնքով իրենց վերապահուած լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ, չարժեզրկել պետական կառոյցները, չդառնալ օրուան...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն` փորձելով թեթեւցնել Լիբանանի  տնտեսական, ընկերային, ելեւմտական, քաղաքական թէ առողջապահական  այս սուր տագնապներու օրերուն անոնց վրայ դրուած բեռը: Արդարեւ, դեկտեմբեր 2019-ին, յուլիս եւ օգոստոս 2020-ին Լիբանանի հայկական վարժարաններուն կատարուած հերթական յատկացումներէն ետք, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինը` հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակին ճամբով անգամ մը եւս կը հասնի լիբանանահայ վարժարաններուն օգնութեան եւ հարիւր...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Վերադարձուցած Է  Օնիկ Գասպարեանը Գլխաւոր Շտաբի Պետի Պաշտօնէն  Ազատ Կացուցելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Հայաստանի Նախագահը Հայ Գերիներու Հարցով Նամակներ Յղած Է Եւրոպական Խորհուրդի Եւ ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարներուն

Շարունակելով միջազգային գործընկերներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու հրատապ խնդիրին վրայ` նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակներ յղեց Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչին եւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիթին: Այս մասին տեղեկացուցին նախագահ Արմէն Սարգսեանի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն` աւելցնելով, որ Սարգսեան Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին եւ Եւրոպական...

Հայ Գերիներու Վերադարձի Մասին Բանաձեւ  Ներկայացուած Է Ֆրանսայի Խորհրդարան

Հայ Գերիներու Վերադարձի Մասին Բանաձեւ Ներկայացուած Է Ֆրանսայի Խորհրդարան

Ֆրանսայի Վալ տ՛Ուազ գաւառի երեսփոխան, նախկին ընկերվարական Ֆրանսուա Փուփոնի երկրի խորհրդարան ներկայացուցած է նոր բանաձեւ, որով Ֆրանսային կոչ կ՛ուղղուի` Ազրպէյճանէն պահանջելու զինուորական գործողութիւններէն ետք վերադարձնել պատերազմական գերիները եւ խաղաղ բնակիչները: «Ես առաջարկեցի որդեգրել բանաձեւ հայ պատերազմական գերիներու անյապաղ ազատ արձակման վերաբերեալ: Արցախի մէջ Ազրպէյճանի հետ տագնապէն ետք բազմաթիւ հայ զինուորներ տակաւին կը գտնուին Ազրպէյճանի մէջ եւ կը սպասեն հայրենադարձութեան: Ազրպէյճանի...

Հայ Ռազմագերիներու Ազատ Արձակման Պահանջով  Բողոքի Լուռ Ցոյցեր Տեղի Պիտի Ունենան  Աշխարհի 14 Քաղաքներու Մէջ

Հայ Ռազմագերիներու Ազատ Արձակման Պահանջով Բողոքի Լուռ Ցոյցեր Տեղի Պիտի Ունենան Աշխարհի 14 Քաղաքներու Մէջ

30 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ երկրորդ բողոքի լուռ նստացոյցը` հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջով: Այս մասին կը յայտնեն Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն: «Այս անգամ ընդգրկուած քաղաքները աւելի շատ են: Տարբեր քաղաքներու հայ համայնքները, այդ կարգին` Լոս Անճելըս, Մոսկուա, Եքաթերինպուրկ, Նիժնի Նովկորոտ, Երեւան, Օսյէք, Լայփցիկ, Հռոմ, Լոնտոն, Պերլին, Զակրեպ, Փրակա, Նիւ Եորք եւ Փարիզ պիտի միանան #FreeArmenianPOWs բողոքի լուռ նստացոյցին: Աշխարհի...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպումներ  Կ՛ունենան Սիւնիքի Մէջ

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպումներ Կ՛ունենան Սիւնիքի Մէջ

ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, թէ երէկ` չորեքշաբթի, 28 ապրիլին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան հանդիպում ունեցան Սիսիանի ՀՅԴ «Գրիգոր Գրիգորեան» կոմիտէին հետ: Անոնք ծանօթացան շրջանի հարցերուն, մօտէն հետեւեցան վերջին իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ հաղորդեցին Դաշնակցութեան տեսակէտն ու կեցուածքները Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին հարցերուն եւ զարգացումներուն մասին:

Page 26 of 256 1 … 25 26 27 … 256