Լիբանան Իր Այցելութեան Ընթացքին. Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան Այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Լիբանան իր կատարած երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, հինգշաբթի, 6 մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան բազմանդամ պատուիրակութեամբ մը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ եւ «Փրէօմիեր Իւրժանս» կազմակերպութենէն ներկայացուցիչներ: Այցելութեան ներկայ գտնուեցան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէն խորհուրդէն...



















