Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան. «Վերանորոգութեան Պատրուակով Ազրպէյճան Կ’աղաւաղէ Շուշիի Ղազանչեցոց Եկեղեցին»

May 4, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցւոյ մէջ «Վերանորոգութեան աշխատանքներ»-ու անուան տակ Ազրպէյճան կ’աղաւաղէ հայկական հոգեւոր մշակութային արժէքներէն մէկը` նպատակ ունենալով ոչնչացնել հայկական ներկայութիւնն ու հետքը:

Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան` անդրադառնալով ազրպէյճանցիներուն կողմէ եկեղեցւոյ մէջ տարուող «շինարարական աշխատանքներուն»:

«Ազրպէյճանը չի կրնար վերականգնել ժողովուրդի մը մշակութային արժէքը, որուն նկատմամբ տարիներ շարունակ պետական մակարդակով համակարգուած ատելութիւն կը տարածէ: Այսպէս կոչուած «նորոգման աշխատանքներու» քողի տակ ազրպէյճանցիները կ՛աղաւաղեն հայկական հոգեւոր մշակութային կարեւորագոյն արժէքներէն մէկը` Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցին: Բազմաթիւ դէպքերով մենք տեսած ենք, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանը կը վերաբերի հայկական մշակութային արժէքներուն, եւ արդէն իսկ հասկնալի է, թէ «վերանորոգման աշխատանքներ»-ու անուան տակ իրականութեան մէջ ի՛նչ կը կատարուի. նպատակը հայկական ներկայութիւնն ու հետքը ոչնչացնելն է», նշեց մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:

Ան շեշտեց, որ տարիներ շարունակ Ազրպէյճան վարած է Արցախի մէջ հայկական քրիստոնէական մշակոյթը իբրեւ ալպանական ներկայացնելու կամ այլ ազգերու վերագրելու պետական քաղաքականութիւն, որ բազմիցս քննադատութեան արժանացած է պատմաբաններու եւ մշակութաբաններու կողմէ` պարզ այն  պատճառով, այդ փորձերը անհիմն են թէ՛ պատմական ժամանակագրութեան, թէ՛ մշակութային- ճարտարապետական առանձնայատկութիւններու տեսանկիւնէն:

Ան աւելցուց, որ հարցը քննադատութիւններէ կամ կոչերէ անդին չ’անցնիր, յստակ եւ ճշգրիտ քայլերու անհրաժեշտութիւն կայ: Ան ըսաւ, որ թողտուութիւնն ու անպատժելիութիւնը Ազրպէյճանի սանձարձակ պահուածքին հիմնական պատճառներն են:

Նախորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վարչապետ Չընտրեց. Յաջորդ Նիստը` 10 Մայիսին

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ Արցախի Գործող Եւ Պաշտօնաթող Նախագահներուն Հետ. Արցախի Ժողովուրդին Վճռականութիւնը Վերականգնելու Միտող Քննարկումներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.