Newsletter

Աւելի Քան 65 Քոնկրեսականներ Ներկայացուցիչներու  Տան Կոչ Ուղղած Են Աւելի Քան 100 Միլիոն Տոլարի  Օգնութիւն Յատկացնելու Հայաստանին Եւ Արցախին

Աւելի Քան 65 Քոնկրեսականներ Ներկայացուցիչներու Տան Կոչ Ուղղած Են Աւելի Քան 100 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն Յատկացնելու Հայաստանին Եւ Արցախին

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան 65 անդամէ կազմուած երկկուսակցական խումբը միացած է հայկական հարցերով յանձնախումբին` կոչ ուղղելով աւելի քան 100 միլիոն տոլարի ելեւմտական օգնութիւն յատկացնելու` Հայաստանին եւ Արցախին անցեալ տարուան թուրք-ազրպէյճանական աւերիչ յարձակումներէն ետք: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի քոնկրեսականները նամակ յղած են Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յատկացումներու ենթայանձնախումբի նախագահ Պարպարա Լիին եւ աւագ անդամ Հել Ռաճըրզին, որովհետեւ...

bird’s-nest_42721

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Հոգեհանգիստ` «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

Երեքշաբթի, 27 ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքէն մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, ուր նաեւ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային միաբան հայրեր: Վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Թռչնոց բոյն»-ի տեսուչ հայր սուրբին, մանուկներուն եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Ապա, վեհափառին նախագահութեամբ վերոյիշեալ թանգարանի շրջափակին մէջ գտնուող դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընի...

Խմբագրական.  Ցեղասպանութեան Ճանաչում, Տարածքային Ամբողջականութիւն Եւ Գերիշխանութիւն

Խմբագրական. Ցեղասպանութեան Ճանաչում, Տարածքային Ամբողջականութիւն Եւ Գերիշխանութիւն

Միացեալ Նահանգներու վարչակարգին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ճիշդ է, որ նախագահ Պայտընի օրով եղաւ, այդուհանդերձ ենթահողի ձեւաւորման առումով որոշ հոլովոյթ ապրած էր: Ուշագրաւ ձեւակերպում բերաւ նախագահ Օպաման «Մեծ եղեռն» ըսելաձեւը օգտագործելով: Օպամայի բնութագրումը ըստ էութեան 1915-ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն նկատել էր` խուսափելով միջազգային պատասխանատուութիւն ենթադրող եզրոյթը օգտագործելէ: Նախագահ Թրամփ շարունակեց ըստ էութեան իր նախորդին բնութագրումը տալու-խուսափելու քաղաքականութիւնը: Կարեւոր իրադարձութիւններ արձանագրուեցան նախագահ...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Նկատմամբ Թրքական Իշխանութիւններու Հետապնդումները

Թուրքիան, հակառակ միջազգային դատապարտումներուն, ընդդիմադիր օրէնսդիրներու նկատմամբ կ՛իրականացնէ քրէական հետապնդում: Այսօր Թուրքիոյ մէջ սկսած է թիւով 108 քաղաքական գործիչներու դատավարութիւն: Անոնց վերագրած են 29 տարբեր քրէական մեղադրանքներ, այդ կարգին` սպանութեան փորձ, ահաբեկչութեան քարոզչութիւն տարածելը եւ թրքական պետութեան դէմ բռնութիւն հրահրելը: Մեղադրող կողմը կը պահանջէ ընդհանուր առմամբ 19.680 տարուան բանտարկութիւն, մեղադրեալներէն 38-ին համար` ցմահ ազատազրկում: Մենք անհանգստութեամբ կը հետեւինք Թուրքիոյ մէջ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը  Այցելած Է Տաւուշի Մարզ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Այցելած Է Տաւուշի Մարզ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Հայաստանի Տաւուշի մարզ եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախին եւ սփիւռքին առնչուող շարք մը խնդիրներ: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ՀՅԴ Տաւուշի մարզային կեդրոնին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Դաշնակցութեան Տաւուշի կառոյցի անդամներուն հետ, քննարկուեցան քաղաքական եւ կազմակերպական բնոյթի...

Երեւանի Մէջ.  Վ. Օհանեան-Գէորգեան Տեսակցեցաւ Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Եւ Համաձայնագիր Ստորագրեց  Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի  Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարին Հետ

Երեւանի Մէջ. Վ. Օհանեան-Գէորգեան Տեսակցեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Եւ Համաձայնագիր Ստորագրեց Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարին Հետ

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յատուկ ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Նախարարի պաշտօնակատարին ընկերակցեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղեր: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ա. Այվազեանի օգնական Հայարփի Տըրմէնեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան Մերձաւոր...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հանդիպումներ Ունեցաւ  ՀՅԴ Բիւրոյին Եւ Հայաստանի  Գերագոյն Մարմինին Հետ

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հանդիպումներ Ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյին Եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին Հետ

Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի պաշտօնական ներկայութիւնը ապահովելու նպատակով Հայաստան գտնուող երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, ինչպէս նաեւ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներուն կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Լիբանանի իրադարձութիւնները, Արցախի պատերազմը, Պէյրութի պայթումը, երկու երկիրներուն մէջ տիրող քաղաքական անկայունութիւնը, ընկերային եւ տնտեսական տագնապներն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Յաջորդաբար Ընդունեց  Լիբանանեան Ուժեր Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք  Կուսակցութիւնները Ներկայացնող  Պատուիրակութիւնները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Յաջորդաբար Ընդունեց Լիբանանեան Ուժեր Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնները Ներկայացնող Պատուիրակութիւնները

Երկուշաբթի, 26 ապրիլ 2021-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւնները: Անոնք բաղկացած էին յիշեալ կուսակցութիւններու երեսփոխաններէ ու նախարարներէ: Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Պատուիրակութիւնները նախ ծաղկեպսակ զետեղեցին մայրավանքի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ` իրենց յարգանքը արտայայտելով մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն նկատմամբ եւ...

Պայտըն. «Ամէն Տարի Այս Օրը Մենք Կը Յիշենք Անոնք, Որոնք Իրենց Կեանքը Կորսնցուցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակ»

Պայտըն. «Ամէն Տարի Այս Օրը Մենք Կը Յիշենք Անոնք, Որոնք Իրենց Կեանքը Կորսնցուցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` վերջակէտ մը դնելով պատմական այդ իրողութիւնը Ուաշինկթընին ուրանալ տալու Անգարայի ջանքերուն: Իր այս քայլով Պայտըն միացաւ Քոնկրեսին եւ երկրին 49 նահանգներուն, ինչպէս նաեւ` ՕԹԱՆ-ի իր առաւել քան 10 դաշնակիցներուն, որոնք կ՛ընդունին Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը: Յայտարարութեան մէջ Պայտըն օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը եւ ամերիկացիներուն անունով իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Ցեղասպանութեան...

Տէր Խաչատուրեան. «Շնորհակալութիւն  ՀՅԴ Հայ Դատի Նուիրեալներուն, Որոնց Աշխատանքով  Կարելի Դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու Կողմէ»

Տէր Խաչատուրեան. «Շնորհակալութիւն ՀՅԴ Հայ Դատի Նուիրեալներուն, Որոնց Աշխատանքով Կարելի Դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու Կողմէ»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 24 ապրիլին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ կատարուած յայտարարութեան ընթացքին, խօսելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, նշեց. «Սա իսկապէս պատմական օր է` մեծապէս կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի` «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթը օգտագործելու կեցուածքը: «Ան խոստում տուած էր, երբ թեկնածու էր, բայց շատ նախագահներ իրենց...

Ծիծեռնակաբերդի Մէջ.  Համազգային Յարգանք` Հայոց Ցեղասպանութեան  Մէկուկէս Միլիոն Սուրբ Նահատակներու Յիշատակին

Ծիծեռնակաբերդի Մէջ. Համազգային Յարգանք` Հայոց Ցեղասպանութեան Մէկուկէս Միլիոն Սուրբ Նահատակներու Յիշատակին

Շաբաթ, 24 ապրիլին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով, սուրբ նահատակներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախարարներ եւ կառավարութեան այլ անդամներ: Անոնք ծաղկեպսակներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ եւ ծաղիկներ` Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ: Յուշահամալիր այցելեցին նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, օտար դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ուշ...

Նախագահ Սարգսեան, Հայոց Զոյգ Վեհափառ  Հայրապետները Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կ՛ողջունեն Պայտընի Քայլը

Նախագահ Սարգսեան, Հայոց Զոյգ Վեհափառ Հայրապետները Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ողջունեն Պայտընի Քայլը

Նախագահ Սարգսեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Համարձակ Եւ Ոգեւորիչ Քայլ Է» Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան համարձակ եւ ոգեւորիչ քայլ որակած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի Դիմատետրի էջէն: Պայտընին ուղղուած նամակին մէջ նախագահ Սարգսեան մասնաւորաբար նշած է. «Շնորհակալութի՛ւն, նախագահ Պայտըն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը համարձակ եւ ոգեւորիչ քայլ է: Ատիկա...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հրաժարեցաւ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հրաժարեցաւ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 ապրիլին հրաժարեցաւ` Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն ընդառաջ: Փաշինեան յիշեցուց, որ 18 մարտին հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ քննարկումներու լոյսին տակ յայտարարեց 20 յունիսին Հայաստանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու որոշման մասին: Հայաստանի գործող Սահմանադրութեամբ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը կարեւոր է այն պարագային, երբ վարչապետը հրաժարական կու տայ, եւ խորհրդարանը 2 անգամ վարչապետ չ՛ընտրեր: Ասկէ...

Զօրակցական Արտայայտութիւններ`  Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակին Առիթով

Զօրակցական Արտայայտութիւններ` Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակին Առիթով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 24 ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն նուիրուած Ս. պատարագէն ետք, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին` յիշեցնելով, որ Լիբանանի ժողովուրդը եւս օսմանեան թուրքերու ջարդին ենթակայ եղած է: Վեհափառ հայրապետին հետ հեռաձայնային կապ հաստատեց նաեւ մարոնի եկեղեցւոյ պետ Պշարա Ռայի պատրիարքը եւ իր...

Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան  Ընդունեց Լիբանանի Նախագահի Յատուկ Ներկայացուցիչ  Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունեց Լիբանանի Նախագահի Յատուկ Ներկայացուցիչ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յատուկ ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը` ներկայութեամբ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի: Նախագահը ողջունեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանը` յայտնելով, որ հաճելի է ընդունիլ բարեկամ երկրի նախագահի ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ առաւել...

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակը` «Պահանջատիրական Նոյն Ոգիով. Մենք` Լիբանանահայութիւն» Խորագիրով Ձեռնարկով

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակը` «Պահանջատիրական Նոյն Ոգիով. Մենք` Լիբանանահայութիւն» Խորագիրով Ձեռնարկով

«Պահանջատիրական նոյն ոգիով. մենք` լիբանանահայութիւն» խորագիրով ձեռնարկով մը լիբանանահայութիւնը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, 24 ապրիլ 2021-ին, Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն ս. նահատակներուն նուիրուած ս. պատարագէն անմիջապէս ետք:   Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿ-ին, ՌԱԿ-ին եւ ՀՅԴ-ին, լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, որ տէրն է իր պահանջատիրական...

Ապրիլ 24-ը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  «Եթէ Սփիւռքի Կողմէ Մեր Ժողովուրդի Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը Կը Նկատուի Խանգարիչ, Մենք Հպարտ Ենք ու Յանձնառու Այդ Դերը Շարունակելու» Արամ Ա. Կաթողիկոս Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ապրիլ 24-ը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Եթէ Սփիւռքի Կողմէ Մեր Ժողովուրդի Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը Կը Նկատուի Խանգարիչ, Մենք Հպարտ Ենք ու Յանձնառու Այդ Դերը Շարունակելու» Արամ Ա. Կաթողիկոս Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 24 ապրիլ 2021-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատարագը մատուցեց Մակար եպս. Աշգարեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ սրբոց նահատակաց Բարեխօսական կարգը` նախագահութեամբ կաթողիկոսին, որ ապա յղեց իր հայրապետական պատգամը: Վեհափառ հայրապետը առիթը բնութագրեց` ըսելով. «Ապրիլ 24-ը սոսկ մեր նահատակները յիշելու օր չէ, այլ...

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանի Ելոյթը՝ Ապրիլ 24-ին Սուրիոյ Խորհրդարանէն Ներս

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանի Ելոյթը՝ Ապրիլ 24-ին Սուրիոյ Խորհրդարանէն Ներս

Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանի արտակարգ երկրորդ նստաշրջանի 7-րդ նիստին, Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակի առթիւ ելոյթ ունեցաւ: Արիսեան, իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակին հայերը տակաւին կը բախուին միջազգային հանրութեան, որ դերացած է իր դերը կատարելու միջազգային իրաւունքի հայեցակարգերու եւ ճնշուած ժողովուրդներու արդար դիրքորոշումներու խթանման գործով: Ան հաստատեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոն Կ՛ողջունէ Նախագահ Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Հաստատող Ուղերձը

  Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ 24 ապրիլ 2021-ը պատմական օր է հայութեան համար: Պատմական օր է, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի օրը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնը, յանձին նախագահ Ճօ Պայտընի, պաշտօնապէս վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Այսպիսով, փաստօրէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները անցան շարքին այն բազմաթիւ երկիրներուն, որոնց ո՛չ միայն օրէնսդիր, այլ նաեւ գործադիր իշխանութիւնները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին...

Լիբանանի Նախագահին Ներկայացուցիչը՝ Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Լիբանանի Նախագահին Ներկայացուցիչը՝ Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի, այսօր՝ 24 ապրիլ 2021-ին,  այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն։ Նախագահ Աունի անունով ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, նախարարի պաշտօնակատար Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն արաբերէնով ընթերցեց նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան՝ ըսելով....

Page 27 of 256 1 … 26 27 28 … 256