Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիկեան Վարչակազմին Ազրպէյճանին Զէնք Մատակարարելու Արգելքի Կասեցման Որոշումը Կը Հակասէ Պայտընի Յստակ Դիրքորոշումին» Կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը

May 4, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը երկարաձգած է «Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրի» 907-րդ ուղղումին կասեցումը, որուն պատճառով կ՛արտօնուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին ուղիղ օգնութիւնը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը այդ առնչութեամբ կը նշէ, երկրի նախագահ Ճօ Պայտընը, «որ իր նախորդին` նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ կ՛ուղղէր Ազրպէյճանի նկատմամբ կիրարկելու «Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրը», որոշած է հրաժարիլ Քոնկրեսի այդ պատժամիջոցներէն` իր վարչակազմին արտօնելով օգնել քարիւղով հարուստ եւ հակահայկական հռետորաբանութեամբ ալիեւեան վարչակարգին»:

«Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կ՛ենթադրէ պատասխանատուութիւն, ներառեալ չզինել եւ չսատարել Ազրպէյճանին: Նախագահ Պայտընի որեւէ գործողութիւն, որ կանաչ լոյս պիտի վառէ Ալիեւի վարչակարգին ամերիկեան օգնութեան տրամադրման համար, պիտի հակասէ քարոզարշաւի ժամանակ անոր յստակ դիրքորոշումին եւ, որ աւելի վատ է, Հայոց ցեղասպանութեան` վերջերս անոր ճանաչման ոգիին», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Հոկտեմբեր 2020-ին, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմի լոյսին տակ, այն ժամանակ նախագահական թեկնածու Պայտըն յայտարարած էր. «Թրամփի վարչակազմը պէտք է ամբողջութեամբ կատարէ եւ չհրաժարի «Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրի» պահանջներէն, որպէսզի դադրեցնէ սպառազինութեան հոսքը Ազրպէյճան»:

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը «Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրի» 907-րդ ուղղումը որդեգրած էր 1992-ին` Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման պատճառով: Անիկա կը նախատեսէ Ազրպէյճանին միայն մարդասիրական օգնութեան տրամադրում: Ըստ այդ ուղղումին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կ՛արգիլուի Ազրպէյճանի կառավարութեան ու պետական կառոյցներուն օգնութիւն ցուցաբերել, այնքան ատեն որ այդ երկիրը «ակնյայտ քայլերու չէ ձեռնարկած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ բոլոր տեսակի շրջափակումներու եւ ուժի կիրարկման այլ յարձակողական ձեւերու վերացման ուղղութեամբ»: Սակայն, 2002 թուականին Քոնկրեսը ուղղում կատարեց 907-րդ բաժինին վրայ, որով կ՛արտօնուի նախագահին կողմէ հռչակագիրի կասեցումը եւ զինուորական աջակցութիւնը Ազրպէյճանին, ինչն ալ ամէն տարի կ՛ընեն Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ նախագահները:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ Արցախի Գործող Եւ Պաշտօնաթող Նախագահներուն Հետ. Արցախի Ժողովուրդին Վճռականութիւնը Վերականգնելու Միտող Քննարկումներ

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի  Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն

February 25, 2026
Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը

February 25, 2026
Պապիկեան Պաշտօնական  Այցելութիւն Կու Տայ Իրան
Գլխաւոր լուրեր

Պապիկեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Իրան

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.