Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆահմի Այցելեց Երկրին Սահմանային Շրջանները` Հիւսիսային Լիբանանէն Մինչեւ Պեքաա

Մայիս 4, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի լիբանանեան բանակին պատկանող ուղղաթիռով մը այցելեց երկրին սահմանային շրջանները` հիւսիսային Լիբանանէն մինչեւ Պեքաա, ստուգելով անցքերն ու այն կէտերը, ուրկէ մաքսանենգում կը կատարուի:

Ֆահմի իր այցելութիւններուն ընթացքին մանրամասն բացատրութիւններ լսեց բանակի սահմանապահ ուժերէն` Լիբանան-Սուրիա օրինական եւ ապօրինի սահմանային անցքերուն մասին:

Ֆահմի ընդգծեց շրջանին ապահովութիւնը պահպանելու իմաստով լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` մաղթելով, որ բանակի սահմանապահ ուժերը կատարեալ կարգապահութեամբ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` պաշտպանելով լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտպանելով Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:

Ֆահմի բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը` սահմանները պաշտպանելու առումով, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է սահմանային շրջաններուն մէջ տնտեսութիւնը զարգացնելու` շեշտելով, որ մաքսանենգումը լուրջ հարց մըն է, որ սկսած է 1975-էն առաջ:

Ֆահմի այցելեց նաեւ Շատրայի շրջանը, ինչպէս նաեւ Պեքաա, Քաա եւ Հերմել սահմանամերձ շրջանները:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Ֆահմի շեշտեց, որ որեւէ պետութիւն իր սահմանները հարիւր առ հարիւր չի կրնար պաշտպանել` աւելցնելով, որ սահմաններու հսկողութիւնը պիտի խստանայ` հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանին որոշումներուն համաձայն, իսկ փտածութեան պատասխանատուներն ու մաքսանենգները հաշուետուութեան պիտի կանչուին Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ:

Անդրադառնալով դէպի Սէուտական Արաբիա «Քեփթակոն»-ի մաքսանենգումին` Ֆահմի յայտնեց, որ «Քեփթակոն» մաքսանենգողները բացայայտուած են, եւ հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է: Ան ընդգծեց, որ Ռիատի հետ կապը չէ կտրուած:

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ժալըխի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ստորագրուած Փոխըմբռնումի Յուշագիրը

Յաջորդը

Տիապ. «Կը Մերժեմ Նպաստի Կասեցումը Կամ Հասցէագրումը` Նախքան Յատկացումներու Քարտի Որդեգրումը»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?