Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախագահը Հայ Գերիներու Հարցով Նամակներ Յղած Է Եւրոպական Խորհուրդի Եւ ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարներուն

April 29, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շարունակելով միջազգային գործընկերներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու հրատապ խնդիրին վրայ` նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակներ յղեց Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչին եւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիթին: Այս մասին տեղեկացուցին նախագահ Արմէն Սարգսեանի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն` աւելցնելով, որ Սարգսեան Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին եւ Եւրոպական խորհուրդի, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ կազմակերպութեան կոչ ուղղեց` միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն` ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց անյապաղ ազատ արձակումը եւ անվտանգ վերադարձը ապահովելու համար:

Ընդգծելով, որ 2020 թուականը Հայաստանի համար դժուար տարի էր ո՛չ միայն «Քորոնա» համաճարակին, այլ նաեւ շատ աւելի ծանր` 27 սեպտեմբերին Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած եւ Թուրքիոյ աշխուժ աջակցութեամբ ու ուղիղ մասնակցութեամբ իրականացուած պատերազմին պատճառով, նախագահ Սարգսեան յայտնեց.

«Հակառակ միջազգային հանրութեան կողմէ պատերազմը անյապաղ դադրեցնելու պարբերական կոչերուն` Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը զանգուածաբար եւ միտումնաւոր կերպով կը թիրախաւորէր քաղաքացիական բնակչութիւնն ու ենթակառուցուածքները` կոպտօրէն ոտնահարելով մարդու իրաւունքներն ու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոնները:

«Այս ամէնը հասցուցին հազարաւոր երիտասարդ կեանքերու կորուստի, հազարաւորներու հաշմանդամութեան, բնակչութեան տեղահանման ու հայկական պատմական ու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու աւերման:

«Պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք հայ զինուորներ ու քաղաքացիական անձեր գերեվարուած են, անոնք կ՛ենթարկուին խոշտանգումներու եւ անմարդկային վերաբերմունքի Ազրպէյճանի կողմէ»:

Շեշտելով, որ այսօր Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակին անդրադառնալը առաջնային խնդիր է եւ միջազգային հանրութեան կողմէ հրատապ ուշադրութիւն կը պահանջէ, Հայաստանի նախագահը չափազանց կարեւոր կը նկատէ այն, որ գերութեան մէջ գտնուող բոլոր ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու փոխանակումը իրականացուի «Բոլորը` բոլորի դիմաց» սկզբունքի կիրարկումով, որ կ’արհամարհուի Ազրպէյճանի կողմէ:

Նախորդը

Հայ Գերիներու Վերադարձի Մասին Բանաձեւ Ներկայացուած Է Ֆրանսայի Խորհրդարան

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ռուսիոյ Կոչ Ուղղած Է Հրաժարելու Մինսքի Համաձայնագիրներուն Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.