Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ Արցախի Գործող Եւ Պաշտօնաթող Նախագահներուն Հետ. Արցախի Ժողովուրդին Վճռականութիւնը Վերականգնելու Միտող Քննարկումներ

Մայիս 4, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 29 ապրիլին եռօրեայ այցելութեամբ Արցախ այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

30 ապրիլին ՀՅԴ Բիւրոյին նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի գործող եւ պաշտօնաթող նախագահներուն հետ: Տեսակցութիւններ տեղի ունեցան նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին, Արցախի արտաքին գործոց նախարարին, ՀՅԴ-ի անդամներուն եւ երիտասարդներուն հետ:

«Ապառաժ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը տեղեկացուց, որ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ տեղի ունեցած միացեալ հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան պատերազմի հետեւանքներուն վերացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ, համայն հայութեան ներուժի կեդրոնացումով, նոր մարտահրաւէրներու յաղթահարմանը միտուած նախաձեռնութիւններու իրականացումը: Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ քաղաքական, անվտանգային, տնտեսական եւ ընկերային արտաքին խնդիրներուն մասին: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ հանդիպման ընթացքին հիմնականին մէջ քննարկուեցան արտաքին ուժերուն հետ աշխատանքներու համադրման հարցը:

Արցախի խորհրդարանական միւս ընդդիմադիր ուժերու ղեկավարներու` «Արցախի ժողովրդավարական» կուսակցութեան նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ «Արդարութիւն» կուսակցութեան համանախագահ Յակոբ Յակոբեանի հետ հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեան:

Այցելութեան մասին «Ապառաժ»-ի հետ զրուցելով` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց, որ, իր նախորդ այցելութեան հետ բաղդատելով, բնակչութեան տրամադրութեան փոփոխութիւն նկատելի է:

«Ես Արցախ այցելեցի նաեւ դեկտեմբերին: Այն ժամանակ բոլորը աւելի ընկճուած վիճակի մէջ էին: Այս անգամ տարբերութիւնը զգալի է յատկապէս Ստեփանակերտի մէջ. եռուզեռ կայ, մարդոց վերադարձը նկատելի է: Տայ Աստուած, որ այդ վերադարձը մնայուն բնակութեան նպատակով ըլլայ, եւ արտագաղթը կասեցուի: Անցեալ անգամ յուսահատութիւն կը տեսնէի, հիմա վճռականութիւն նկատեցի: Մենք ալ կը փորձենք միջոցներ գտնել, որպէսզի ժողովուրդը դուրս բերենք այդ վիճակէն եւ կրկին անոր մէջ արմատաւորենք վճռականութիւնն ու յարատեւ պայքարի համոզմունքը», դիտել տուաւ Տէր Խաչատուրեան:

Ըստ անոր, Դաշնակցութեան կառոյցները, ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակները նախորդ ամիսներուն աշխատանքներ ծաւալեցին, որպէսզի համաշխարհային հանրութիւնը տեսնէ, թէ ինչպիսի՛ն է Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի յարձակողական դիմագիծը եւ ամուր կանգնի Արցախի կողքին:

Արցախ կատարած այցելութեան վերջին օրը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը մասնակցեցաւ նաեւ Ստեփանակերտի մէջ կայացած ՀՅԴ պատանեկան ճամբարի փակման արարողութեան:

«Պատանիներէն իւրաքանչիւրին հայեացքին մէջ կը տեսնեմ վճռականութիւն, ապագայի նկատմամբ հաւատք եւ իրենց պատրաստակամութիւնը` ամէն գնով աշխատելու, որ Արցախը մնայ կանգուն եւ իրականանայ Արցախի ամբողջականութեան վերականգնումը», շեշտեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին Արցախ կատարած այցելութիւնը ունէր նաեւ ներքին կազմակերպական ուղղուածութիւն. տեղի ունեցաւ հանդիպում Արցախի կուսակցական շրջանակներուն հետ:

Աւարտելով հանդիպումները` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ ամփոփեց այցելութեան արդիւնքներն ու նոր մարտահրաւէրները դիմակայելու միտուած կատարուելիք աշխատանքները:

 

Նախորդը

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան. «Վերանորոգութեան Պատրուակով Ազրպէյճան Կ’աղաւաղէ Շուշիի Ղազանչեցոց Եկեղեցին»

Յաջորդը

«Ամերիկեան Վարչակազմին Ազրպէյճանին Զէնք Մատակարարելու Արգելքի Կասեցման Որոշումը Կը Հակասէ Պայտընի Յստակ Դիրքորոշումին» Կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?