Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Որքան Ուժերը Մէկտեղուին, Այնքան Մեր Նպատակին Աւելի Դիւրին Կը Հասնինք»

Ապրիլ 30, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ներողութիւն կը խնդրէ քաղաքացիներէն Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան այս ընթացքին հեռացնել չյաջողելու համար: Այս մասին ան նշեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «Ֆէյսպուքեան ասուլիսի» ժամանակ: Միաժամանակ Սաղաթէլեան կ՛անդրադառնայ ՀՅԴ-ի անդամները քննչական մարմիններ հրաւիրելուն` ըսելով, որ իրենք գիտեն, թէ ինչի համար կը պայքարին եւ պիտի շարունակեն իրենց պայքարը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ ասուլիսէն.

«Բոլորը Պատասխան Պիտի Տան»

«Ակնյայտ է, որ այս իշխանութիւնը իր կառավարման ամբողջ ընթացքին ու յատկապէս վերջին օրերուն ընթացքին թիրախաւորած է ՀՅԴ-ի բազմաթիւ անդամներ, մէկ ընկեր ունինք կալանաւորուած արդէն, ոմանց մեղադրանք առաջադրած են: Ատիկա մեզի համար խիստ երկրորդական է, մենք գիտենք, թէ յանուն ինչի կը պայքարինք, ու նման որեւէ մեթոտով կամ քայլով չեն կրնար մեղմել կամ կասեցնել մեր գործունէութիւնը», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ իր ազգականներն ու այլ ընկերներ եւս հրաւիրած են քննչական մարմին. «Բոլորը պատասխան պիտի տան` հրահանգ տուողներէն սկսեալ, մինչեւ կատարողներ: Վաղը կանչած են զիս, ընկերներս, իմ հարազատներս, կուսակցութեան ներկայացուցիչները, որոնք մտած են այս պայքարին մէջ, գիտենք` ինչո՛ւ կը պայքարինք ու պատրաստ ենք դիմադրելու որեւէ ապօրինի գործողութիւններու»:

Սաղաթէլեանը` Քոչարեանի Ընտրացուցակին
Երկրորդ Տեղը Զբաղեցնելու Լուրերուն Մասին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը նպատակայարմար չի գտներ խօսիլ մամուլի այն լուրերուն մասին, որ ինք երկրորդ նախագահի առաջնորդած ընտրական ցուցակին մէջ երկրորդ տեղը պիտի զբաղեցնէ. «Եթէ մենք մասնակցինք դաշինքով, բնականաբար ես այդ ցուցակին մէջ պիտի ըլլամ: Ո՛ր տեղը, ի՛նչ կարգավիճակով, Դաշնակցութիւնը ի՛նչ մասնակցութիւն պիտի ունենայ, ատիկա մեր հասարակութենէն գաղտնի պիտի չմնայ», ըսաւ ան` ի պատասխան հարցումին, թէ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ միասին նախընտրական ցուցակ կազմելու պայմանաւորուածութիւն կա՞յ արդէն:

«Բանակցութիւններ կան, յայտարարած ենք, որ պիտի մասնակցի ՀՅԴ-ն ընտրութիւններուն, երբ  ըլլայ վերջնական որոշում, ու ակնյայտ ըլլայ, որ ընտրութիւններ պիտի ըլլան, յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գանք: Տեղերու մասին ոչ մէկ բան կրնամ ըսել այս պահուն», աւելցուց ան:

«Սխալներ Եղած Են, Բայց Անոնք Ուղղելի Են»

Օգտատէրերը նշած էին, որ տարիներ շարունակ ՀՅԴ-ն հանդիսացած է չընտրուած իշխանութեան մաս, որ միշտ գողցած է ընտրողներու ձայները, իրենց շահին համար համաձայնական կառավարութիւններ, դաշինքներ կազմած են: Ապա անոնք հարցեր ուղղած էին, թէ ինչո՞վ պիտի համոզեն ընտրողները ու ներողութիւն պիտի չխնդրե՞ն արդեօք:

«Ես մեր ընտրողներէն պէտք է ներողութիւն խնդրեմ, որ թոյլ տուած եմ, որ այս իշխանութիւնը գայ, որ չենք կրցած այս չարիքի կառավարութիւնը այս 6 ամսուան ընթացքին հեռացնել: Ես ինչո՞ւ պէտք է ներողութիւն խնդրեմ, ո՛չ հայրենիքէս մաս կորսուած է պատճառովս, ո՛չ 5 հազարէ աւելի զոհ տուած ենք: Մեր կառավարման տարիներուն, այո՛, եղած են բացթողումներ, սխալներ, եղած են երբեմն անարդարութիւններ, բայց այդ բոլոր սխալները վերականգնուող են, ուղղելի են»:

«Մենք Կառուցած Ենք Բանակ,
Ունեցած Ենք Սպառազինութիւն…»

Նախորդ տարիներուն, ըստ օգտատէրերու, ՀՅԴ-ն ալ ունեցած է մասնակցութիւն անոր, որ երկրին մէջ փտածութիւնը շարունակուած է, «քաղաքական սպանութիւններ եղած են, բանակը թալանուած է, պատերազմը մէկ օրուան մէջ չեղաւ»: Այս ամէնուն արձագանգելով` Սաղաթէլեան կը շեշտէ. «Նախ քաղաքական սպանութիւններու մասին. այսօրուան իշխանութեան կառավարման 3 տարիներուն ընթացքին 2 նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ, ըստ պաշտօնական վարկածի, ինքնասպան եղած են: Այս հարցումներուն պատասխանը պէտք է ժամանակի ընթացքին տրուի:

Այսօրուան իշխանութիւնը արդէն 3 տարի է` իշխանութեան է: Նիկոլը  ունէր կարելիութիւն` այդ ամէն ինչը ապացուցելու, բացայայտելու եւ պատասխանատուները պատժելու, այս իմաստով եւս ինքը զերօ է, որեւէ դատարանի վճիռ այդ իմաստով եւս չկայ: Ունեցա՞ծ ենք բացթողումներ, ունեցած ենք, կրնայի՞նք աւելի լաւ եւ զարգացած, պաշտպանուած, հզօր բանակ ունենալ, կրնայինք: Բայց կեանքը ցոյց տուած է, որ այդ ամէն ինչով հանդերձ զերոյէն անցնող 30 տարիներու ընթացքին մենք կառուցած ենք բանակ, ունեցած ենք սպառազինութիւն, կրցած ենք խուսափիլ պատերազմէն, կամ եթէ 16 թուականին ունեցած ենք պատերազմ, այս խայտառակ արդիւնքը չենք ունեցած»:

Ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը Առանձին
Չի Մասնակցիր Ընտրութիւններուն

Մէկ այլ հարցումի, թէ ինչո՞ւ առանձին չեն մասնակցիր 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը արձագանգեց. «Մենք այս անգամ չենք մասնակցիր ընտրութիւններուն` աթոռներ վերցնելու, այս ընտրութիւնները կը դիտարկենք հնարաւորութիւն եւ միջոց` այս չարիքի կառավարութիւնը հեռացնելու իմաստով, հետեւաբար, այո՛, մենք կը կարծենք` որքան ուժերը մէկտեղուին, որքան խոշոր պլոք ըլլայ, այնքան մեր նպատակին աւելի դիւրին կը հասնինք»: Ըստ անոր, անկէ յետոյ պէտք է ձեւաւորել նոր որակի իշխանութիւն, որ ի վիճակի պիտի ըլլայ յաղթահարելու երկրին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները, երկիրը դուրս բերել ծանր իրավիճակէն, ինչպէս ինք նշեց, անոր համար կարեւոր է, որ Դաշնակցութեան նման ազգային, համահայկական ուժը առանցքային դերակատարութիւն ունենայ յառաջիկայ իշխանութեան մէջ:

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Կազմակերպութեամբ Բողոքի Ցոյց` Ընդհանուր Դատախազութեան Շէնքին Դիմաց

Յաջորդը

Խմբագրական. Աշխատաւորներու Օրուան Քաղաքական Հոլովոյթը (Մայիս 1-ի Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?