Երէկ` երկուշաբթի, 3 մայիսին, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Նիկոլ Փաշինեան չընտրուեցաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին: Քուէարկութիւնը ստացաւ 1 թեր, 3 դէմ եւ 75 ձեռնպահ ձայն:
Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրուեցաւ խորհրդարանի «Իմ քայլը» խմբակցութեան կողմէ, որուն անդամներէն Ալեն Սիմոնեան յայտարարեց, որ իրենք ձեռնպահ պիտի քուէարկեն: Ազգային ժողովի յատուկ նիստին Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութիւնը չմասնակցեցաւ:
Խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեան հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ Ազգային ժողովը վարչապետի ընտրութեան հարցը երկրորդ անգամ պիտի քննարկէ 10 մայիսին:



