Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կը Շարունակէ Գոյատեւել Կատարեալ Անորոշութեան Մէջ

May 4, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց յատկացումներու քարտը որդեգրելու հոլովոյթը` դէմ դնելու համար տնտեսական տագնապին:

Տիապ Պաապտայէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու, սակայն ան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 750 հազար լիբանանցի ընտանիքներու տրամադրուելիք յատկացումներու քարտին ծախսը շուրջ մէկ միլիառ տոլար է:

Ան նշեց, որ յատկացումներու քարտը ընտանիքներուն պիտի տրամադրէ 2-էն 3  միլիոն լ. ոսկիի միջեւ տարուբերող գումարներ, ըստ ընտանիքի անդամներուն թիւին եւ կարիքներուն:

Նշենք, որ առաւօտեան նախագահ Աուն նախագահեց հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի մանրամասնութիւնները քննարկելու նիստի մը` սահմանագծումի բանակցութիւններուն մասնակցող լիբանանեան խորհուրդի անդամներուն հետ:

Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն:

Մամլոյ ազատութեան միջազգային օրուան առիթով նախագահ Աուն ողջունեց լրագրողները` կոչ ուղղելով, որ տեղեկատուութիւնը ըլլայ իրաւունքի ձայնը, իսկ տեղեկատուութեան մարզին մէջ օգտագործուած բառերը դառնան փտածութիւնը եւ արժեզրկումը հարուածող սուրեր:

«Մամլոյ ազատութիւնը իր էութեան եւ գործադրութեան մէջ Լիբանանի պատգամ երկիր ըլլալուն ոգին է, սակայն պէտք է իմանալ, որ ազատութեան առաստաղը ճշմարտութիւնն է, խիղճն ու պարկեշտութիւնը», նշեց նախագահ Աուն:

Միւս կողմէ, Աշխատաւորներու տօնին առիթով նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրեն համար առաջնահերթութիւն է շարունակել ճիգերը` իրականացնելու համար բարեկարգումն ու ապահովելու համար աշխատաւորներուն իրաւունքները` հաշուետուութեան ենթարկելով փտածները:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհաւորեց լիբանանցի աշխատաւորները` մաղթելով, որ բոլորը իսկապէս նեցուկ կանգնին աշխատաւորներուն:

Ան ողջունեց լիբանանցի աշխատաւորները, որոնք կը գործեն ի խնդիր Լիբանանի շահերուն:

Մինչ լիբանանցի ղեկավարներ կը կատարեն այս յայտարարութիւնները, Լիբանան եւ լիբանանցիք կը շարունակեն մնալ մութ փապուղիին մէջ, տնտեսական տագնապը կը շարունակէ յամենալ, քաղաքացիները ամէն իմաստով անորոշութեան ենթարկուած են` իրենց սեփական գումարներուն ճակատագիրին մասին տեղեկութիւններ ունենալու, օրուան ապրուստը ապահովելու, այս երկրին մէջ իրենց կեանքը շարունակելու եւ ամէն քայլափոխի իմաստով:

Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական իրավիճակին անդրադառնալով` Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի այդ կացութիւնը կոչեց անկարելի, իսկ վաղը` Լիբանանի հոգատար մայր Ֆրանսան իր արտաքին գործոց նախարարին ընդմէջէն պիտի ներկայանայ Լիբանան` կառավարութիւն մը կազմելու առումով վերջին յորդորները տալու:

Յայտնենք նաեւ, որ յոյն ուղղափառ համայնքը անցեալ շաբաթավերջին նշեց իր Զատկուան տօնը:

Այս առիթով Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը շեշտեց, որ Ս. Յարութեան տօնին առիթով իրենք կ՛աղօթեն «Քորոնա» համաճարակի վերացման եւ Հալէպի առեւանգուած առաջնորդներուն ազատութեան համար:

Իր կարգին, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը հանդիսապետեց Ս. Զատկուան առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանցի ղեկավարները իրենց շահերը ապահովելու նպատակով վտանգի կ՛ենթարկեն Լիբանանի մնացորդացը:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն եւ այդ ժահրին պատճառած մահուան պարագաներուն համեմատութիւնը նուազած է եւ երկրին մէջ «Քորոնա» համաճարակին իմաստով արձանագրուած բարելաւումը զգալի է:

Նախորդը

Տիապ. «Կը Մերժեմ Նպաստի Կասեցումը Կամ Հասցէագրումը` Նախքան Յատկացումներու Քարտի Որդեգրումը»

Յաջորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վարչապետ Չընտրեց. Յաջորդ Նիստը` 10 Մայիսին

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.