Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ժալըխի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ստորագրուած Փոխըմբռնումի Յուշագիրը

Մայիս 4, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին հետ ընդունեց Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխը, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր եւ թղթածրարներ` ընդգծելով նախարարութեան եւ կոմիտէին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Ժալըխ նախարարի պաշտօնակատարին հետ քննարկեց մարզական շարք մը հարցեր:

Քննարկուեցան նաեւ Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի յուշագիրը, որ կը վերաբերէր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան մարզերուն, ինչպէս նաեւ անոր ունեցած հանդիպումները` մարմնակրթութեան մարզին մէջ Լիբանան-Հայաստան գործակցութիւնը ամրապնդելու առումով:

Ժալըխ բարձր գնահատեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանի առած քայլը` նկատի ունենալով մարմնակրթութեան մարզին մէջ Հայաստանի փորձառութիւնն ու արձանագրած փայլուն արդիւնքները:

Ժալըխ անհրաժեշտ նկատեց, որ այդ յուշագիրը վերածուի գործակցութեան համաձայնագիրի:

Ժալըխ անդրադարձաւ նաեւ մարմնակրթութեան մարզին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, յատկապէս` «Քորոնա» համաճարակին առումով: Ան բարձր գնահատեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանի կողմէ բոլոր մարզիկներուն համար պատուաստի ապահովման նպատակով թափուած ջանքերը:

Ժալըխ նշեց, որ Վ. Օհանեան-Գէորգեանի հետ քննարկած է նաեւ տարբեր ֆետերասիոններուն եւ Ողիմպիական կոմիտէին նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական-ելեւմտական տագնապը: Ան աւելցուց, որ նիւթական այդ օժանդակութիւնները կարեւոր են, ինչքան ալ խորհրդանշական ըլլայ գումարը:

Ժալըխ նախարարի պաշտօնակատարին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ լիբանանցի նշանառու Ռէյ Պասիլի` ողիմպիական խաղերուն մասնակցութեան համար նախարարութեան ի գործ դրած ջանքերուն առիթով:

Իր  կարգին, Վ. Օհանեան-Գէորգեան ողջունեց Ժալըխը` Լիբանանի Ողիմպիականի կոմիտէին տրամադրութեան տակ դնելով նախարարութեան կարողութիւնները:

Նախարարի պաշտօնակատարը խոստացաւ այս շաբթուընէ սկսեալ նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրել ֆետերասիոններուն եւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ այն մեծ ճիգերուն, որոնք ի գործ կը դրուին մարզիկներուն, յատկապէս օտար երկիրներուն մէջ մրցաշարքերու մասնակից մարզիկներուն պատուաստ ապահովելու նպատակով:

Նախորդը

Պասիլ. «Ռուսիա Շրջանին Եւ Լիբանանի Մէջ Դերակատարութիւն Ունի, Սակայն Ան Ներքին Հարցերուն Միջամուխ Չի Դառնար»

Յաջորդը

Ֆահմի Այցելեց Երկրին Սահմանային Շրջանները` Հիւսիսային Լիբանանէն Մինչեւ Պեքաա

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?