Newsletter

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Հայաստանը Կտրականապէս Կը Դատապարտէ  Իրավիճակի Սրման Ուղղութեամբ Վերջին  Երեք Օրերուն Ընթացքին Ազրպէյճանի Կողմէ  Ձեռնարկուած Միտումնաւոր Քայլերը»

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հայաստանը Կտրականապէս Կը Դատապարտէ Իրավիճակի Սրման Ուղղութեամբ Վերջին Երեք Օրերուն Ընթացքին Ազրպէյճանի Կողմէ Ձեռնարկուած Միտումնաւոր Քայլերը»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց յայտարարութիւն մը` վերջերս իրավիճակի սրումին գծով Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն գծով: Հայաստանը կտրականապէս կը դատապարտէ իրավիճակի սրման ուղղութեամբ վերջին երեք օրերու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ  ձեռնարկուած միտումնաւոր քայլերը, ինչ որ դրսեւորուած է սեփական կորուստներու վերաբերեալ կեղծ տեղեկատուութեան տարածումով, Հայաստանի ղեկավարներու հասցէին ֆիզիքական բռնութեան վերաբերեալ Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ հրապարակայնօրէն հնչած ուղղակի կոչերով...

Հալէպի Մէջ.  Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Համախմբուինք  Մեր Պետականութեան Շուրջ` Իրականացած  Տեսնելու Համար Մեր Ազգային Իղձերը»

Հալէպի Մէջ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Համախմբուինք Մեր Պետականութեան Շուրջ` Իրականացած Տեսնելու Համար Մեր Ազգային Իղձերը»

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 1 յունիս 2019-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ արժանավայել հանդիսութեամբ յիշատակուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 101-ամեակը` կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդական միութեան: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ տէր Կոմիտաս Տատաղլեան, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան...

Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած  Ժողովրդային Փառատօն

Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Ժողովրդային Փառատօն

«ՀՅԴ-ն Կոչ Ուղղեց Բոլորին` Համախմբուելու, Սարդարապատեան Ոգիին Վերստին Հաղորդակից Դառնալով Դիմագրաւելու Արտաքին Ամէն Տեսակի Մարտահրաւէր» Ըսաւ Տոքթ. Էլի Թաշճեան Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ  «Սարդարապատ»  կոմիտէի  քարոզչական յանձնախումբին, նախագահութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան, երէկ` կիրակի 2 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին,  Պուրճ Համուտի «Աբրահամ Աշճեան» փողոցի «Արին» կեդրոնին կից  տեղի ունեցաւ մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած ժողովրդային փառատօն, որուն ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտը դրուեցաւ կերտուած...

Նախարար Կիտանեան. «Լիբանան  Զբօսաշրջութեան Բազմազանութեան Երկիրն Է»

Նախարար Կիտանեան. «Լիբանան Զբօսաշրջութեան Բազմազանութեան Երկիրն Է»

Այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ բացումը պիտի կատարուի Լիբանան այցելողներու նոր սրահին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի կողմէ` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Միւս կողմէ, նախարար Կիտանեան շաբաթավերջին փակումը կատարեց «Վիզիթ Լեպանոն» Գ. խորհրդաժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 40 երկիրներէ 150 ճամբորդական գրասենեակներ, ինչպէս նաեւ ճամբորդական կազմակերպութիւններ ու փառատօներու կազմակերպիչներ: «Վիզիթ Լեպանոն» Գ. խորհրդաժողովը...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Հայաստանի կառավարութիւնը Ազգային ժողով է ներկայացրել Հարկային օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծ, որով առաջարկւում է եկամտային հարկի յառաջատուական  դրոյքաչափերու հարկման համակարգը փոխարինել համահարթ (մէկ միասնական) դրոյքաչափով: Առաջարկութիւնը հակասում է ընկերային շուկայական տնտեսական կարգ ունենալու, սերունդների միջեւ հանրային համերաշխութեան ապահովման, ընկերային պետութեան սահմանադրական պահանջներին: Այն հակասում է նաեւ երկրի առաջ ծառացած աղքատութիւնը յաղթահարելու, աշխատանքը խրախուսելու, արժանապատիւ վարձատրութեան համակարգ ներդնելու`...

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան  Բողոքի Ցոյցը` Ընդդէմ Եկամտային  Հարկի Համահարթեցման Ծրագիրին

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Բողոքի Ցոյցը` Ընդդէմ Եկամտային Հարկի Համահարթեցման Ծրագիրին

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Ազգային ժողովի բակին մէջ: Անոնք պահանջեցին չեղեալ նկատել եկամտային հարկի համահարթեցման ծրագիրը եւ դէմ քուէարկել Հարկային օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծին: «Նախագիծին կողմ արտայայտուող իւրաքանչիւր պատգամաւոր պէտք է յստակ գիտակցի, որ ինք անձամբ պատասխանատու պիտի ըլլայ բնակչութեան մեծամասնութեան կեանքի որակի վատթարացման համար», նշեցին բողոքի ցոյցին մասնակիցները: Նախաձեռնութեան անդամները կը պահանջէին Ազգային ժողովի...

Տօնոյեան. «ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակը Արձագանգած Է  Ազրպէյճանի Չյայտարարուած Ռազմափորձին Մասին  Հայկական Կողմի Տեղեկացման»

Տօնոյեան. «ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակը Արձագանգած Է Ազրպէյճանի Չյայտարարուած Ռազմափորձին Մասին Հայկական Կողմի Տեղեկացման»

1 յունիսէն պայմանագրային զինուորներու յաւելավճարներու տրամադրման հոլովոյթին մէջ պիտի հաշուարկուին յատուկ պայմանները, միաժամանակ` յաւելավճարը պիտի բարձրանայ`  ծառայութեան հիման վրայ: Այս մասին պաշտպանութեան նախարարութեան բակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին  ըսաւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան` անդրադառնալով կառավարութեան որոշումին, որով զինուորներու վարձատրութեան չափերը պիտի բարձրանան 10-20 առ հարիւրով: Մեկնաբանելով Պաքուի մէջ Մինսքի խմբակի համանախագահներու  հանդիպումն ու կատարուած յայտարարութիւնը` նախարարը ըսաւ, թէ...

«Մեքքայի Վեհաժողովին Լիբանանի Արտասանած  Խօսքը Երկրին Պաշտօնական  Կեցուածքը Չէ Եւ Դատապարտելի Է»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Մեքքայի Վեհաժողովին Լիբանանի Արտասանած Խօսքը Երկրին Պաշտօնական Կեցուածքը Չէ Եւ Դատապարտելի Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Երուսաղէմի օր»-ուան առիթով երէկ գիշերուան ժամը 9:30-ին, Հարաւային արուարձաններու Աշուրա հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ ժողովրդային տօնակատարութիւն մը, որուն զինուորական տողանցքով մասնակցեցան Հըզպալլայի շեփորախումբը, սկաուտական շարժումներն ու մարտիկները: «Երուսաղէմի օր»-ուան 40-ամեակին առիթով` երէկուան տօնակատարութեան կարգախօսն էր «Ընդդէմ դարու գործարքին»-ը: Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ներկայիս Պաղեստինի եւ պաղեստինցիներուն դիմաց ծառացող հիմնական...

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ.  24 Դիմումի Ընդառաջում` Մայիս Ամսուան Ընթացքին 25-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 376 Պարագայ

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 24 Դիմումի Ընդառաջում` Մայիս Ամսուան Ընթացքին 25-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 376 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը մայիս 2019 ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 24 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ ապրիլ 2019 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 352 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 4 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 17 պարագաներ, որոնք...

Ազգային Իշխանութեան  Ուսումնական Խորհուրդ.  «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական  Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ 2 մարտ 2019-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հարազատներուն ու ընտանեկան պարագաներուն: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ...

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէի  Քարոզչական Յանձնախումբ.  Լսարան-Հանդիպում` «Հայաստան – Արցախ  Ռազմավարական Դաշինք» Նիւթով

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ. Լսարան-Հանդիպում` «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին երէկ` ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Զալքայի ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ լսարանային հանդիպում մը` «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» նիւթով, որուն զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Հայաստան - Արցախ ռազմավարական դաշինք»-ի կազմակերպական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան: ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի անդամ Զարեհ Պոյաճեան ողջունելէ ետք ներկաները,...

Ապագայ Լրագրողներու  Վարժողական Ծրագիր (2).   Ընդհանուր Ծանօթացում «Ազդակ»-ին  Եւ Օրաթերթի Աշխատանքային Եղանակին

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (2). Ընդհանուր Ծանօթացում «Ազդակ»-ին Եւ Օրաթերթի Աշխատանքային Եղանակին

«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլը կը շարունակուի: «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հաւաքուած Ապագայ լրագրողները երէկ ծանօթացան «Ազդակ»-ին եւ օրաթերթի աշխատանքի եղանակին: Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի պատասխանատու, «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան ներկայացուց «Ազդակ»-ի ընդհանուր բովանդակութիւնն ու էջերուն դիմագիծը, տարեկան տարբեր հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ շօշափելի օրինակներով եւ նմուշներով իրազեկ դարձուց զանոնք «Ազդակ»-ի որդեգրած աշխատանքային եղանակին մասին: Ապագայ լրագրողները իրենց ուշիմ հարցումներով...

Ընկերական Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի  Եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Ընկերական Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչներուն Հետ

30 մայիսին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Երեւանի կառոյցի ընկերներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպական,  ներքաղաքական, համահայկական եւ աշխարհաքաղաքական հարցեր: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խօսեցաւ ՀՅԴ նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումի մասին: ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի...

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է  Համահայկական  Խաղերու Համաշխարհային  Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը: Ինչպէս կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է համահայկական խաղերու իրականացումն ու ընդհանրապէս համահայկական այդ նախաձեռնութեան գաղափարը` նշելով, որ խաղերու միաւորող ոգին պէտք է օգտագործուի նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապերը աւելի սերտացնելու համար: Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան նախագահին ներկայացուցած է խաղերու ծրագիրն ու...

Վարչապետ Փաշինեան. «Այսօր Այս Կազմով  Կառավարութեան Վերջին Նիստն Է»

Վարչապետ Փաշինեան. «Այսօր Այս Կազմով Կառավարութեան Վերջին Նիստն Է»

Երէկ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին սկիզբը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ արդէն ուժի մէջ կը մտնէ  կառավարութեան կառուցուածքի վերաբերեալ նոր օրէնքը, եւ ասիկա  գործադիրի վերջին նիստն է այս կազմով: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց գործընկերներուն, նաեւ անոնց,  որոնց հետ այլեւս պիտի չշարունակէ աշխատիլ: «Մենք համոզուած ենք, որ ատիկա ճիշդ որոշում էր, եւ համոզուած եմ, որ ճիշդ որոշումին շնորհիւ մենք պիտի ունենանք...

Դաւիթ Իշխանեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին  Ցուցաբերելու Իրարու Նկատմամբ  Հանդուրժողականութիւն Ու Գիտակցուած  Քաղաքական Գործունէութիւն»

Դաւիթ Իշխանեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին Ցուցաբերելու Իրարու Նկատմամբ Հանդուրժողականութիւն Ու Գիտակցուած Քաղաքական Գործունէութիւն»

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան 30 մայիս 2019-ին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի լիագումար նիստին ունեցած է ելոյթ մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է վերջին շրջանին տեղի ունեցած անցուդարձերուն` ըսելով, որ հանրութեան մօտ առկայ  մտահոգութիւններու շարքը «համալրուեցաւ» մեր միասնականութեան նկատմամբ աստիճանաբար խորացող անվստահութեան բաղադրիչներով: Դաւիթ Իշխանեան ըսած է. «Միասնականութիւն, որ եղած է, կայ ու կը մնայ իբրեւ մեր...

Ալիեւ-Մինսքի Խմբակի  Համանախագահներ Հանդիպում

Ալիեւ-Մինսքի Խմբակի Համանախագահներ Հանդիպում

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է շրջան այցելող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը հանդիպումէն մանրամասնութիւններ չի փոխանցեր, միայն կը նշուի, թէ կողմերը քննարկած են ղարաբաղեան խնդիրի լուծման ներկայ վիճակն ու բանակցութիւններու հետագայ հեռանկարները: Համանախագահները նախապէս այցելած էին Երեւան եւ Ստեփանակերտ. հայկական կողմերը, ըստ պաշտօնատարներու, բարձրացուցած էին Արցախը բանակցութիւններու սեղան...

Մաքրոն. «Փարիզ Հաւատարիմ Կը Մնայ  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման»

Մաքրոն. «Փարիզ Հաւատարիմ Կը Մնայ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յոյս ունի մօտ օրէն Պաքուի մէջ հանդիպելու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին նշուած է Ազրպէյճանի անկախութեան տարեդարձին առիթով Ալիեւին յղուած Մաքրոնի նամակին մէջ: Ըստ կայքին, Մաքրոն նաեւ ընդգծած է, թէ Փարիզ հաւատարիմ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: «Թոյլ տուէք անգամ մը եւս ընդգծել Ֆրանսայի` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի...

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանը  Վաւերացուց Թուրքիայէն  Ներդրումները Ետ Քաշող Բանաձեւը

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշող Բանաձեւը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը միաձայնութեամբ (59-0) վաւերացուց թիւ 1320 բանաձեւը, որ կը պահանջէ նահանգային ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն: Յայտնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը եւ խորհրդարանը 2018-ին վաւերացուցած էին նման բանաձեւ մը (թիւ 1597), սակայն նահանգապետ Պրաուն վեթոյի ենթարկած էր զայն: Նահանգային խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած նոր բանաձեւին անդրադառնալով` խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան դարձեալ շեշտեց,...

Պրիթիշ Քոլոմպիայի Խորհրդարանին Մէջ  Նշուեցան Հայաստանի Անկախութեան  Եւ Արցախեան Շարժման Տարեդարձները

Պրիթիշ Քոլոմպիայի Խորհրդարանին Մէջ Նշուեցան Հայաստանի Անկախութեան Եւ Արցախեան Շարժման Տարեդարձները

28 մայիսին Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի խորհրդարանի նիստի ընթացքին խօսք առաւ նահանգի առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս եւ խորհրդարանի անդամները հրաւիրեց ոգեկոչելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 101-ամեակն ու արցախեան շարժման 31-ամեակը: Խորհրդարանի նիստէն ետք, ընդունելութեան սրահին մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան մասնակից դարձաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի հայ համայնքը: Խորհրդարանի աւելի քան 30 անդամներու ներկայութեան նախարար Ատրիան Տիքս շնորհաւորական իր մաղթանքները ուղղեց Հայաստանի անկախութեան...

Page 224 of 256 1 … 223 224 225 … 256