ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը մայիս 2019 ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 24 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ ապրիլ 2019 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 352 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 4 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 17 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտէն (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուած է 3 նորածին` 2 հազար ամ. տոլար իւրաքանչիւրը:
Այս ձեւով անցնող 25 ամիսներուն` մայիս 2017-էն մայիս 2019, Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 376 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ



