«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլը կը շարունակուի:
«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հաւաքուած Ապագայ լրագրողները երէկ ծանօթացան «Ազդակ»-ին եւ օրաթերթի աշխատանքի եղանակին:
Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի պատասխանատու, «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան ներկայացուց «Ազդակ»-ի ընդհանուր բովանդակութիւնն ու էջերուն դիմագիծը, տարեկան տարբեր հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ շօշափելի օրինակներով եւ նմուշներով իրազեկ դարձուց զանոնք «Ազդակ»-ի որդեգրած աշխատանքային եղանակին մասին: Ապագայ լրագրողները իրենց ուշիմ հարցումներով հարստացուցին հանդիպումը` կարենալով իմանալ նաեւ «Ազդակ»-ի ներքին խոհանոցին յատուկ եզրերը:
Հանդիպումին ընթացքին Ապագայ լրագրողները այցելեցին խմբագրատունը, ծանօթացան «Ազդակ»-ի էջադրման եւ արհեստագիտական միջոցներուն, վկայեցին, թէ բջիջային հեռախօսի վրայ «Ազդակ»-ի էփը ունեցողը ինչպէ՛ս արագ լրահոս կը ստանայ եւ կը հետեւի անոր:
Ապագայ լրագրողները այցելեցին նաեւ «Ժիրայր Պուտագեան» ուսումնասիրական կեդրոն, ուր «Ազդակ»-ի արխիւը ամբողջութեամբ թուայնացուցած պատասխանատու Թալին Գալայճեան բացատրութիւններ տուաւ կատարուած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութիւններուն համար թուայնացած արխիւէն փնտռտուք կատարելու ձեւերուն մասին:



