Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յոյս ունի մօտ օրէն Պաքուի մէջ հանդիպելու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին նշուած է Ազրպէյճանի անկախութեան տարեդարձին առիթով Ալիեւին յղուած Մաքրոնի նամակին մէջ:
Ըստ կայքին, Մաքրոն նաեւ ընդգծած է, թէ Փարիզ հաւատարիմ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:
«Թոյլ տուէք անգամ մը եւս ընդգծել Ֆրանսայի` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի համանախագահ երկրի, վճռական, անկողմնակալ հաւատարմութիւնը բանակցութիւններու ճամբով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի երկարատեւ եւ արդար լուծման պարտաւորութեան», կը նշուի նամակին մէջ: