Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը

May 31, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը:

Ինչպէս կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է համահայկական խաղերու իրականացումն ու ընդհանրապէս համահայկական այդ նախաձեռնութեան գաղափարը` նշելով, որ խաղերու միաւորող ոգին պէտք է օգտագործուի նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապերը աւելի սերտացնելու համար:

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան նախագահին ներկայացուցած է խաղերու ծրագիրն ու մանրամասն տեղեկացուցած նախատեսուող մրցումներու մասին: «Միասնութիւն` մարզանքով» նշանաբանին տակ համահայկական հերթական խաղերու բացումը առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ Արցախի մէջ: Ամառնային խաղերուն այս տարի պիտի մասնակցին սփիւռքի աւելի քան 35 քաղաքներու ներկայացուցիչներ: Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած 17 մարզաձեւէն 7-ին մրցումները տեղի պիտի ունենան Արցախի մէջ: Կ՛ակնկալուի 4000 մարզիկներու մասնակցութիւն Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն:

Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է, որ համահայկական խաղերը մարզական խաղեր ըլլալէն բացի նաեւ խթան հանդիսանան համահայկական համարկումի համար: «Ես ձեր շարժման մէջ կը տեսնեմ մեծ ուժ, որուն միջոցով կարելի է հայրենիքը աւելի ճանչցուած ու ճանաչելի դարձնել», դիմելով հանդիպման մասնակիցներուն` նշած է նախագահ Սարգսեան:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Այսօր Այս Կազմով Կառավարութեան Վերջին Նիստն Է»

Յաջորդը

Ընկերական Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.