30 մայիսին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Երեւանի կառոյցի ընկերներուն հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպական, ներքաղաքական, համահայկական եւ աշխարհաքաղաքական հարցեր: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խօսեցաւ ՀՅԴ նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումի մասին:
ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչները պատասխանեցին ընկերները հետաքրքրող շարք մը հարցերու: