«Երուսաղէմի օր»-ուան առիթով երէկ գիշերուան ժամը 9:30-ին, Հարաւային արուարձաններու Աշուրա հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ ժողովրդային տօնակատարութիւն մը, որուն զինուորական տողանցքով մասնակցեցան Հըզպալլայի շեփորախումբը, սկաուտական շարժումներն ու մարտիկները:
«Երուսաղէմի օր»-ուան 40-ամեակին առիթով` երէկուան տօնակատարութեան կարգախօսն էր «Ընդդէմ դարու գործարքին»-ը:
Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ներկայիս Պաղեստինի եւ պաղեստինցիներուն դիմաց ծառացող հիմնական մարտահրաւէրը «Դարու գործարք»-ն է, որ մերժուած է, որովհետեւ անիկա անիրաւութեան եւ պատմական ամօթի գործարք է, որուն դէմ պէտք է պայքարին բոլորը:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ սիոնական գոյացութիւնն ու արաբական կարգ մը վարչակարգեր կը ջանան գործադրել «Դարու գործարք»-ը, սակայն միաժամանակ անոնք կը դիմակայուին աւելի ընդարձակ դիմադրութեամբ մը, որ կը պայքարի «Դարու գործարք»-ին իրականացման դէմ: «Մենք պէտք է արգելք հանդիսանանք «Դարու գործարք»-ի ոճիրը մեր շրջանին մէջ գործադրելէ: Մի՛ մոռնաք, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Քոնտոլիզա Ռայս Պէյրութէն յայտարարեց Նոր Միջին Արեւելքին մասին` ամրապնդելու համար Իսրայէլի պետութիւնը, սակայն անոնք ձախողեցան եւ 2011-էն ետք ստեղծեցին Արաբական գարուն մը, որուն փտած «բերք»-ը պիտի ըլլայ «Դարու գործարք»-ը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` կոչ ուղղելով բոլորին լուռ չմնալու եւ զօրակցելու Պաղեստինեան դատին:
Ան հաստատեց, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը իր ամէնէն հզօր օրերը կ՛ապրի` նշելով, որ Կազան կարողութիւն ունի ռմբակոծելու Թել Աւիւը:
Ան նշեց, որ Իսրայէլ գիտէ այս իրականութեան մասին եւ կը սարսափի նաեւ լիբանանեան Դիմադրութենէն:
Անդրադառնալով Մեքքայի մէջ տեղի ունեցած Արաբական արտակարգ վեհաժողովին եւ հոն հնչած կեցուածքներուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Ո՛վ որ դատապարտած է Սէուտական Արաբիոյ նաւթատարերուն ռմբակոծումը, պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր պարկեշտութիւնը: Դուք 4 տարուան համար լուռ մնացիք սպանդի ենթարկուող ժողովուրդի մը մասին, իսկ երբ նաւթատար մը տուժեց, փութացիք զօրակցութիւնը յայտնելու Սէուտ ընտանիքին: Ձեր դէմքերը դիտեցէք հայելիներուն մէջ եւ ձեր պարկեշտութեան մակարդակին համար կէտեր նշանակեցէք: Աստուած Եմէնի ժողովուրդին հետ պիտի մնայ, որովհետեւ անիկա հաւատքի եւ իմաստութեան ժողովուրդն է: Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիա կը վստահի Միացեալ Նահանգներուն եւ Արեւմուտքին, մինչ Իրան իսկական պետութիւն մըն է, որուն ապագան խոստմնալից է»:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Իսրայէլ այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի տկար է: «Իրանի դէմ պատերազմը ամբողջ շրջանը պիտի բռնկեցնէ, եւ առաջին թիրախները պիտի ըլլան ամերիկեան շահերը, Իսրայէլը եւ Սէուտ ընտանիքը», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ Եգիպտոս եւ Յորդանան մտահոգ են «Դարու գործարք»-ին գործադրութեան առումով:
Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց, որ եթէ շրջանին մէջ պատերազմ բռնկի, նաւթի տակառին սակը 200-300 տոլար պիտի արժէ, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նստաշրջանի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին Թրամփի ձախողութեան:
«Մեքքայի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութեան կեցուածքը կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին համահունչ չէ, անիկա Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը չի ներկայացներ, եւ մենք կը դատապարտենք զայն», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա` հարց տալով, թէ ո՞ւր է ինքզինք զանց կացուցելու Լիբանանի քաղաքականութիւնը:
Ան նկատել տուաւ, որ այդ կեցուածքը միայն Մուսթաքպալ հոսանքին տեսակէտը կ՛արտայայտէ, սակայն ոչ Լիբանանինը, եւ լիբանանեան պետութեան յանձնառութեան խոտոր կը համեմատի:
Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին առումով, սէյիտ Նասրալլա սպառնաց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտին` բողոքելով վարուած բանակցութիւններուն դէմ: «Սահմանագծումի թղթածրարը կ՛օգտագործուի լիբանանցիներուն վրայ ճնշում բանեցնելու եւ Իսրայէլին ամբողջական շահեր ապահովելու նպատակով», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա փափաք յայտնեց, որ Սաթըրֆիլտ «բարի կենայ» եւ սպառնալիքներ չկարդայ, այլապէս` Դիմադրութեան այլ աստուածային յաղթանակներ կը սպասեն: «Ապագան Երուսաղէմին է եւ ոչ թէ Թրամփին եւ անոր նման գաճաճներուն», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա:
Ակնարկելով Հըզպալլայի կողմէ թիրախասլաց հրթիռներու արտադրութեան` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Հըզպալլա տակաւին չունի այդ ճարտարարուեստը, սակայն կը խոստանայ մօտիկ ապագային նման ճարտարարուեստ մը ունենալ եւ թիրախասլաց հրթիռներ արտադրող ընկերութիւն մը ունենալ: