Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ. Լսարան-Հանդիպում` «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Նիւթով

June 1, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին երէկ` ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Զալքայի ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ լսարանային հանդիպում մը` «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» նիւթով, որուն զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Հայաստան – Արցախ ռազմավարական դաշինք»-ի կազմակերպական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան:

ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի անդամ Զարեհ Պոյաճեան ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ընդառաջելու այսպիսի հանդիպումներու ներկայ գտնուելու հրաւէրին: Պոյաճեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ հանդիպումին նիւթը նաեւ պիտի անդրադառնայ կարգ մը կէտերու, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի վերջին մէկ տարուան իրադարձութիւններուն:

Օրուան զեկուցաբեր Մելիք Գարագաւորեան իր խօսքը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով  ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէին եւ անոր քարոզչական յանձնախումբին` այսպիսի առիթ մը ստեղծելու համար: Գարագաւորեան շեշտեց, թէ ներկայիս այժմէական կարեւոր նշանակութիւն ունի Արցախի անվտանգութեան գերխնդիրը, որովհետեւ Հայաստանի ամբողջ անվտանգութիւնը կախեալ է Արցախի անվտանգութենէն` նշելով, որ Հայաստան եւ Արցախ հաւասարապէս պաշտպան են միմեանց, եւ ոչ թէ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը   պաշտպան է Արցախին: Մելիք Գարագաւորեան յայտնեց, որ հայկական աշխարհին մէջ երկրորդ կարեւոր խնդիրը Հայաստանի Հանրապետութեան մէկ տարուան յարափոփոխ քաղաքական իրավիճակն է, ինչ որ կը վերագրուի իշխանափոխութեան: Գարագաւորեան նշեց, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը առաջինն էր, որ ձեռք երկարեց Նիկոլ Փաշինեանին` նախքան վարչապետական ընտրութիւնները, եւ թէ Դաշնակցութիւնը  20 տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ դուրս կը մնայ խորհրդարանէն: Գարագաւորեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այժմէական ներքին հարցերուն, որոնց շարքին են` նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ձերբակալուիլը եւ ապա ազատ արձակուիլը, ընկերային ցանցերու վրայ թշնամանքի, ատելութեան մթնոլորտի տարածումը: Մելիք Գարագաւորեան նշեց, թէ ՀՅԴ-ի 33-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ, առաջնահերթութեամբ քննարկեց Արցախի ապահովութիւնը: Ան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի 33-րդ Ընդհանուր ժողովին որոշուեցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ միջազգային բանակցային խումբի յարաբերութիւնները արդիականացնելու մասին, ինչ որ անմիջականօրէն կը վերաբերի Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքին: Գարագաւորեան ընդգծեց, որ այս դաշինքը առաջին հարթակն էր 1,5 տարուան ընթացքին, ուր հայկական կեանքին մէջ գործող բոլոր կուսակցութիւնները հաւաքուած էին, բացի Նիկոլ Փաշինեանի կուսակցութենէն, որ իր խօսքը չունեցաւ: Իր խօսքին մէջ Գարագաւորեան նաեւ նշեց, թէ Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի կազմակերպական կոմիտէի  անդամները ռազմավարական այս դաշինքի իրականութիւն դարձնելու համար յարաբերութիւններ պիտի մշակեն զանազան երկիրներու դեսպաններու հետ:

Զեկուցումի աւարտին ներկաները իրենց հարցումները եւ մտահոգութիւնները ուղղեցին զեկուցաբերին:

 

 

Նախորդը

«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Եօթը Պատկերներու Համադրումով Ծնունդ Առած Իւրայատուկ Եւ Հետաքրքրական Թատերախաղը` «Տը Կուտ Տաքթըր»

Յաջորդը

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.