Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշող Բանաձեւը

May 31, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը միաձայնութեամբ (59-0) վաւերացուց թիւ 1320 բանաձեւը, որ կը պահանջէ նահանգային ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն:

Յայտնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը եւ խորհրդարանը 2018-ին վաւերացուցած էին նման բանաձեւ մը (թիւ 1597), սակայն նահանգապետ Պրաուն վեթոյի ենթարկած էր զայն:

Նահանգային խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած նոր բանաձեւին անդրադառնալով` խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան դարձեալ շեշտեց, որ բանաձեւը կապ ունի Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու` Թուրքիոյ նենգ քաղաքականութեան հետ, յոյժ կարեւոր նկատելով ուրացման ջանքերը պատժելը:

Բանաձեւը կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն` իբրեւ հակազդեցութիւն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին: Անիկա յատկապէս կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS Cal-STRS) որեւէ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող կամ անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ աղերս ունեցող տնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ: Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ Թուրքիա Քալիֆորնիոյ կատարած ներդրումներէն յատկանշական շահեր կ՛ապահովէ, եւ որ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերուն առնուազն մէկ մասը կը հովանաւորուի նշեալ ներդրումներուն պատճառած շահերով:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ, իրաւաբան Նորա Յովսէփեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ատրին Նազարեանին, որ դարձեալ կրցաւ միաձայնութեամբ ապահովել բանաձեւին վաւերացումը` յոյս յայտնելով, որ Ծերակոյտը եւս բանաձեւը արագօրէն կը վաւերացնէ: Ան յիշեցուց, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը վերջին քանի մը տարիներուն այս արշաւին (#DivestTurkey) համար մօտէն կը գործակցի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան, Հայ ուսանողական միութիւններու եւ Քալիֆորնիոյ նահանգի օրէնսդիր մարմինին հետ:

Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակաբար հերքող Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու սոյն քայլը մշակուած էր Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան եւ Հայ ուսանողական միութիւններուն կողմէ, որոնք ապահովեցին անոր վաւերացումը` Քալիֆորնիոյ համալսարանի 9 մասնաճիւղերուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Պրիթիշ Քոլոմպիայի Խորհրդարանին Մէջ Նշուեցան Հայաստանի Անկախութեան Եւ Արցախեան Շարժման Տարեդարձները

Յաջորդը

Մաքրոն. «Փարիզ Հաւատարիմ Կը Մնայ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.