Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ-Մինսքի Խմբակի Համանախագահներ Հանդիպում

May 31, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է շրջան այցելող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը հանդիպումէն մանրամասնութիւններ չի փոխանցեր, միայն կը նշուի, թէ կողմերը քննարկած են ղարաբաղեան խնդիրի լուծման ներկայ վիճակն ու բանակցութիւններու հետագայ հեռանկարները:

Համանախագահները նախապէս այցելած էին Երեւան եւ Ստեփանակերտ. հայկական կողմերը, ըստ պաշտօնատարներու, բարձրացուցած էին Արցախը բանակցութիւններու սեղան վերադարձնելու անհրաժեշտութեան հարցը:

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները` Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Էնտրիւ Շեֆըր (Միացեալ Նահանգներ) եւ Ստեփան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործոց նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք 27-էն 30 մայիս շրջան կատարած այցելութենէն ետք հանդէս եկան յայտարարութեամբ:

«Այցելութեան հիմնական նպատակը շփման գիծին մէջ եւ միջազգային սահմանին վրայ իրավիճակի զարգացման գնահատումն էր, ինչպէս նաեւ 29 մարտին Վիեննայի մէջ Ազրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի, ապա նաեւ Մոսկուայի մէջ 15 ապրիլին համապատասխանաբար արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ունեցած քննարկումներուն շարունակութիւնն էր», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

«Կողմերուն խնդրանքով համանախագահները յստակ առաջարկներ ներկայացուցած են լուծման հոլովոյթի յաջորդ քայլերուն, որոնց շարքին` մարդասիրական եւ անվտանգութեան միջոցներու վերաբերեալ: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ընդունած են համանախագահներուն առաջարկը` յառաջիկային իրենց հովանիին ներքեւ հանդիպելու վերաբերեալ, եւ պատշաճ ժամկէտներու մէջ այս մասին մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին»:

Համանախագահները նաեւ խոր մտահոգութիւն յայտնած են վերջին զոհերուն վերաբերեալ եւ կողմերուն կոչ ուղղած են ըստ կարելւոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ խուսափելու իրավիճակի լարումէն:

Նախորդը

Մաքրոն. «Փարիզ Հաւատարիմ Կը Մնայ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման»

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին Ցուցաբերելու Իրարու Նկատմամբ Հանդուրժողականութիւն Ու Գիտակցուած Քաղաքական Գործունէութիւն»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.