Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին Ցուցաբերելու Իրարու Նկատմամբ Հանդուրժողականութիւն Ու Գիտակցուած Քաղաքական Գործունէութիւն»

May 31, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան 30 մայիս 2019-ին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի լիագումար նիստին ունեցած է ելոյթ մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է վերջին շրջանին տեղի ունեցած անցուդարձերուն` ըսելով, որ հանրութեան մօտ առկայ  մտահոգութիւններու շարքը «համալրուեցաւ» մեր միասնականութեան նկատմամբ աստիճանաբար խորացող անվստահութեան բաղադրիչներով:

Դաւիթ Իշխանեան ըսած է. «Միասնականութիւն, որ եղած է, կայ ու կը մնայ իբրեւ մեր յաջողութիւններու ու յաղթանակներու հիմնական գրաւականը, մեր պետական համակարգի ամրութեան հիմքը, համազգային համերաշխութեան ու ազգային-ազատագրական պայքարի փիլիսոփայութիւնը, հայութեան բոլոր հատուածներու ամուր շաղախը: Միասնութիւն, որով պայմանաւորուած է ո՛չ միայն այսօրը, ներկան, այլեւ ապագան: Անցած տասնամեակներուն մենք ականատեսն էինք մեր համազգային միասնութեան դէմ ուղղորդուած եւ խաթարող տարբեր գործընթացներու: Մենք բազմիցս բարձրաձայնած ենք, մեր զգօնութիւնը  ի ցոյց դրած բոլոր այն ուժերուն եւ կեդրոններուն, որոնց քայլերը կանխատեսելի ու մօտ էին յաջողութիւններու»:

Դաւիթ Իշխանեան ըսած է, թէ տարբեր դրսեւորումներ ունեցող քայլերը համեմուած են հասարակութիւնը ապակողմնորոշող եւ անոր  զգօնութիւնը թուլացնող բացատրութիւններով ու մեկնաբանութիւններով` աւելցնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը միշտ ալ խոչընդոտ եղած է այդ «սեւ գործը» կատարող քաղաքական կեդրոններու եւ ուժերու  համար:

Դաւիթ Իշխանեան ըսած է. «Վերջին շրջանին ի յայտ եկած է յատուկ մարտավարութիւն` առանձին քաղաքական ու պետական գործիչներու  թիրախաւորման եւ արժեզրկման քաղաքականութիւն, արհեստական օրակարգերու ձեւակերպումներով: Անոր ականատեսը կ՛ըլլանք թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ Արցախի Հանրապետութեան մէջ»:

Խօսքը եզրափակելով` Դաւիթ Իշխանեան ըսած է. «Յանուն մեր նոր յաղթանակներու եւ պետականութեան յարատեւութեան` կոչ կ՛ուղղենք բոլորին ցուցաբերելու իրարու նկատմամբ հանդուրժողականութիւն ու գիտակցուած քաղաքական գործունէութիւն»:

 

 

Նախորդը

Ալիեւ-Մինսքի Խմբակի Համանախագահներ Հանդիպում

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Այսօր Այս Կազմով Կառավարութեան Վերջին Նիստն Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.