Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիթիշ Քոլոմպիայի Խորհրդարանին Մէջ Նշուեցան Հայաստանի Անկախութեան Եւ Արցախեան Շարժման Տարեդարձները

May 31, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 մայիսին Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի խորհրդարանի նիստի ընթացքին խօսք առաւ նահանգի առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս եւ խորհրդարանի անդամները հրաւիրեց ոգեկոչելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 101-ամեակն ու արցախեան շարժման 31-ամեակը:

Խորհրդարանի նիստէն ետք, ընդունելութեան սրահին մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան մասնակից դարձաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի հայ համայնքը: Խորհրդարանի աւելի քան 30 անդամներու ներկայութեան նախարար Ատրիան Տիքս շնորհաւորական իր մաղթանքները ուղղեց Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով եւ գնահատեց Պրիթիշ Քոլոմպիայի հայ համայնքի մասնակցութիւնը Քանատայի ընկերային-տնտեսական զարգացման բնագաւառին մէջ: Նախարարը յատկապէս գնահատեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բարեսիրական առաքելութիւնը` աւելի քան 100 սուրիացի գաղթականներու հովանաւորութիւնը ստանձնելու առնչութեամբ: Շնորհաւորական ուղերձով հանդէս եկաւ նաեւ ընդդիմութեան ղեկավար Էնտրու Ուիլքինսըն:

Քանատայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան խօսք առնելով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պրիթիշ Քոլոմպիայի նահանգային խորհրդարանին` հայ ժողովուրդի արդար դատին եւ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման գծով զօրակցութեան համար:

Ընդունելութենէն ետք, յատուկ արարողութեամբ, «Մեր հայրենիք» օրհներգին երգեցողութեամբ եռագոյն դրօշը բարձրացաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի նահանգային խորհրդարանի շէնքին մուտքին:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը առանձին հանդիպում ունեցաւ նաեւ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Տարիլ Բլեքասի հետ եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի խորհրդարանի ընդդիմադիր Ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Հայ համայնքի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Թիթառ Քոչկիրեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեան, Քանատայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան, ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Թերզեան եւ այլ հայրենակիցներ:

 

 

Նախորդը

Երկօրեայ Գիտաժողով` Նուիրուած Լեւոն Շանթին

Յաջորդը

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշող Բանաձեւը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.