Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հայաստանը Կտրականապէս Կը Դատապարտէ Իրավիճակի Սրման Ուղղութեամբ Վերջին Երեք Օրերուն Ընթացքին Ազրպէյճանի Կողմէ Ձեռնարկուած Միտումնաւոր Քայլերը»

Յունիս 3, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց յայտարարութիւն մը` վերջերս իրավիճակի սրումին գծով Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն գծով:

Հայաստանը կտրականապէս կը դատապարտէ իրավիճակի սրման ուղղութեամբ վերջին երեք օրերու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ  ձեռնարկուած միտումնաւոր քայլերը, ինչ որ դրսեւորուած է սեփական կորուստներու վերաբերեալ կեղծ տեղեկատուութեան տարածումով, Հայաստանի ղեկավարներու հասցէին ֆիզիքական բռնութեան վերաբերեալ Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ հրապարակայնօրէն հնչած ուղղակի կոչերով եւ զինադադարի դրութեան խախտումներու զգալի աճով, ինչ որ յանգեցուց Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուոր Սիփան Մելքոնեանի սպանութեան: Ազրպէյճանի այս գործողութիւնները տեղի ունեցած են այն բանէն ետք, երբ 30 մայիսին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդէս եկան առաւելագոյնս զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ լարուածութենէ խուսափելու վերաբերեալ կողմերուն ուղղուած կոչով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ այս վերջին զարգացումները մարտահրաւէր կը նետեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին ներքեւ Հայաստանի եւ Արցախի կողմէ գործադրուող կառուցողական ջանքերուն` ուղղուած տագնապի խաղաղ լուծման ու անոր նպաստող միջավայրի ձեւաւորման, եւ կը հանդիսանան լուրջ ետքայլ վերջին ամիսներուն ընթացքին ձեռնարկուած բոլոր ջանքերէն:

Ազրպէյճանի դատապարտելի այս գործողութիւնները, շուտափոյթ կերպով չդադրելու պարագային, կրնան լուրջ խոչընդոտ դառնալ լուծման հոլովոյթի շրջագիծին մէջ հետագայ քայլերուն համար: Անոնք նաեւ հարցականի տակ կը դնեն Ազրպէյճանի վստահելիութիւնը եւ անոնց կարողութիւնը հաւատարիմ մնալու զինադադարին. լուծումը այլընտրանք չունի, որուն համար զինադադարի խստագոյն պահպանումը էական պայման է:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր խորին ու անկեղծ ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ժամկէտային զինուոր Սիփան Մելքոնեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն:

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛արձագանգէ

Հայաստան պէտք է միջազգային ընտանիքին պահանջներուն համապատասխան ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման ուղղուած քայլերու ձեռնարկէ: Այս մասին ըսուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին յայտարարութեան վերաբերեալ:

«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` հայ եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու շփման գիծին մէջ ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ այդքան զգացական եւ նոյն ատեն այդքան հակասական յայտարարութեան պատճառը հասկնալի է: Ատիկա, ամենայն հաւանականութեամբ, կը համապատասխանէ երկրին մէջ ներքաղաքական իրավիճակին առումով Հայաստանի իշխանութիւններու արձագանգին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ազրպէյճանական կողմը յայտարարութեան մէջ դարձեալ կը պնդէ, թէ կորուստներու եւ երկկողմանի տարակարծութիւններու համար «միակ մեղաւորը» Հայաստանն է:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Խոսէ Անթոնիօ Ռեյես Զոհ Գնաց Ինքնաշարժի Արկածի Մը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?