Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան. «Լիբանան Զբօսաշրջութեան Բազմազանութեան Երկիրն Է»

Յունիս 3, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ բացումը պիտի կատարուի Լիբանան այցելողներու նոր սրահին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի կողմէ` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:

Միւս կողմէ, նախարար Կիտանեան շաբաթավերջին փակումը կատարեց «Վիզիթ Լեպանոն» Գ. խորհրդաժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 40 երկիրներէ 150 ճամբորդական գրասենեակներ, ինչպէս նաեւ ճամբորդական կազմակերպութիւններ ու փառատօներու կազմակերպիչներ:

«Վիզիթ Լեպանոն» Գ. խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ «Կրենտ Հիլզ» պանդոկին մէջ` մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան սենտիքաներու նախագահներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր դեսպանատուներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան ողջունեց բոլորը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այդ խորհրդաժողովի յաջողութեան:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ «Վիզիթ Լեպանոն» խորհրդաժողովէն երեք տարի ետք կարելի է ըսել, թէ իրենք մուտք գործած են նոր փուլ մը, որուն հիման վրայ կարելի է հաստատել, որ Լիբանան ներկայ է համաշխարհային մակարդակով գործող ճամբորդական մեծ գրասենեակներու քարտէսներուն վրայ:

Նախագահ Կիտանեան իր խօսքը ուղղելով արաբական եւ օտար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն յայտնեց, որ անոնք նոր փորձառութիւն մը բաժնեն` Լիբանան այցելելով եւ բացայայտելով անոր զբօսաշրջական, մշակութային, եւ պատմական իւրայատկութիւնները: «Լիբանանի զբօսաշրջական բարիքները մեզի առիթ կու տայ դառնալու Միջին Արեւելքի մէջ զբօսաշրջութեան մեկնարկի վայրը, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նպատակով այցելութիւն ստանալիք յարմարագոյն երկիրը` հակառակ իր փոքր տարածքին», ըսաւ Ա. Կիտանեան` աւելցնելով, որ Լիբանան իր փոքր տարածքով եւ բնակչութեամբ մեծ սէր կը տածէ իր հիւրերուն եւ այցելուներուն նկատմամբ: «Մեր սրտերը լայն են եւ կրնան հիւրընկալել բոլոր զբօսաշրջիկները», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանան զբօսաշրջութեան բազմազանութեան երկիր է, ինչպէս նաեւ երկիր մը, որ կ՛ընդունի բոլոր ազգերէն անձեր: «Ճիշդ է, որ արաբական եւ Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկները կը կազմեն Լիբանանի զբօսաշրջական մարզի ողնասիւնը, սակայն այսօր Լիբանան կ՛այցելեն նաեւ միլիոնաւոր եւրոպացի զբօսաշրջիկներ, որոնք յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին աւելի մեծ թափով պիտի այցելեն Լիբանան», հաստատեց ան:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ յառաջիկայ յուլիսէն սկսեալ Լիբանանի եւ Լառնաքայի միջեւ ծովային պտոյտներ պիտի սկսին` լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ այդ դրութեան արտօնութիւն շնորհելէ ետք:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Իմատ Օսմանը Վարչապետէն Աւելի Բարձր Չէ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?